Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Նախարար Կիտանեան Այցելեցին Նուհատ Մաշնուքի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ յետմիջօրէին այցելեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ զանազան քաղաքապետութիւններու հետ առնչուող խնդիրներ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել