Հնչած` Լիբանանէն, Ուղղուած` Հայկական Աշխարհին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը Լիբանան որոշ դիտարկումներու առիթ կու տայ բնականաբար: Նախ, այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ շրջանային մակարդակի վրայ ճգնաժամային պայմաններու եւ տեղական առումով քաղաքական բեւեռացած համապատկերի մէջ: Այդ առումով ալ նախագահի ելոյթներու բովանդակային շեշտադրումները յաճախ արծարծեցին տագնապին վերաբերող սկզբունքային տեսական մօտեցումներ` յատկապէս խաղաղութեան վերահաստատման առաջադրանքը գերակշռելով: Խաղաղութեան առաջադրումի սկզբունքը հեզասահ ոստումով կապեց նաեւ Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու առաջնահերթութեան` ընդգծելու համար Ազրպէյճանի ոչ կառուցողական մօտեցումը խաղաղութեան հաստատման համար ընթացող բանակցութիւններուն: Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի շրջաններուն միջեւ առաջադրելի խաղաղութեան հաստատման առաջնահերթութեան ընդգծումը անհրաժեշտ ուղերձ էր պաշտօնական Պէյրութի ներկայացուցիչներուն ուղղուած, նկատի ունենալով նաեւ Իսլամական վեհաժողովներուն մասնակցող լիբանանցի պաշտօնատարներուն կրաւորականութիւնը` Պաքուի առաջադրած ամէնէն հակահայ բանաձեւի նախագիծերուն նկատմամբ: Այցելութիւնը իբրեւ խթանող գործօն կարեւոր էր նաեւ Երեւան-Պէյրութ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն: Դժուար արդարանալի անաշխուժ վիճակ կը տիրէ այսօր միջպետական յարաբերութիւններու գործընթացին մէջ: Երկու տասնեակէ աւելի երկկողմ համաձայնագիրներու մեծամասնութիւնը մնացած է թուղթի վրայ եւ երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու մղումները բացակայ են փաստօրէն: Այստեղ խնդիրը հայկական կողմին համար կրկնակի նշանակութիւն ունի, երբ մանաւանդ նկատի ունենանք հակառակորդի գերաշխուժ քաղաքականութիւնը այս ուղղութեամբ: Լիբանանը յստակ աշխատանքային թիրախ է Անգարային համար, որ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, անցնելով Պէյրութէն բազմաթիւ ոլորտներու մէջ թափանցումի հսկայածաւալ ծրագիրներու իրականացման գործնական քայլերու դիմած է: Մեր առաւելութիւնը այս պարագային կամուրջի դեր կատարելու հանգամանք վայելող կազմակերպ համայնքի գոյութիւնն է, որ պետական նախաձեռնութիւններու յաջողութեան համար հիմնական գրաւական է: Անգարան փաստօրէն զուրկ է կարեւոր այս երաշխիքէն:

Նախագահ Սարգսեանի այցելութեան առիթով այն երկու նորագոյն համաձայնագիրները, որոնք կնքուեցան, հեռահար բնոյթով ռազմավարական նշանակութիւն կ՛ունենան, եթէ նախկիններու ճակատագրին չմատնուին: Փոխադարձ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան ջնջումը կը նպաստէ ոչ միայն լիբանանահայ համայնք-հայրենիք կապերու սերտացման, այլ հիմնականին մէջ լիբանանեան եւ հայաստանեան հասարակութիւններու միջեւ կապերու զարգացման: Համաձայնագիրը առանձինը չի կրնար շարժել այս թղթածրարը, եթէ համապատասխան կառոյցներ եւ ծառայութիւններ չաշխատին ոչ միայն զբօսաշրջութիւնը, այլ նաեւ տնտեսութիւնը գրաւիչ դարձնելու եւ այդ բոլորին համար ներդրումային իրաւական դաշտը կայացած ներկայացնելու համար:

Բարձրագոյն ուսման համար վկայականներու փոխճանաչումի համաձայնագիրը լիբանանահայ ուսանողութեան հայեացքները կրնայ առաջնորդել դէպի հայրենիք` այնտեղ մասնագիտանալու համար: Տակաւին կանխահաս է խօսիլ լիբանանցի ուսանողին մասին, որ կրնայ Երեւանի ամերիկեան եւ ֆրանսական համալսարաններուն մէջ շարունակել իր մասնագիտութիւնը: Բարձրագոյն ուսման համակարգի ներկայացումը, տարբեր համալսարաններու մասին լիբանանցի ուսանող խաւին իրազեկումը նախապայմանային բնոյթի աշխատանքներ են, որոնց պէտք է ձեռնարկել այդ համաձայնագիրները իմաստաւորելու համար:

Իսկ այս աշխատանքը անշուշտ զուտ կրթական բնոյթ չունի, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, թէ կրթական ոլորտին մէջ Անգարան ի՛նչ տեսակի քաղաքականութիւն կը փորձէ իրականացնել մայրիներու երկրին մէջ:

Քաղաքական հակակշիռ քայլերու այս ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել նախագահ Սարգսեանի այցելութիւնը Լիբանանի Նահատակաց յուշարձան եւ յարգանքի տուրքի մատուցումը օսմանեան Թուրքիոյ ջարդարար քաղաքականութեան զոհ գացած լիբանանցի զոհերուն յիշատակին: Չմոռնանք. Լիբանանը միակ արաբական պետութիւնն է, որ իր խորհրդարանով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եւ այստեղ Նահատակաց յուշարձան այցելութեան քաղաքական ուղերձը պարզ է:

Հասկնալի է, որ իր գործընկերոջ հրաւէրին ընդառաջ, փոխադարձ պաշտօնական այցելութիւն էր նախագահ Սարգսեանին ժամանումը Պէյրութ, եւ իբրեւ այդպիսին ներազգային մակարդակի վրայ օրակարգեր, հանդիպումներ եւ նիստեր նախատեսուած չէին: Թէեւ գաղութի հոգեւոր եւ կրթական հաստատութիւններու շրջագայութիւնը առիթ եղաւ անդրադառնալու հայութեան եւ հայրենիքին վերաբերող հրատապ խնդիրներու: Լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպում-ճաշի ընթացքին իր ելոյթին մէջ նախագահ Սարգսեան վեր առաւ լիբանանահայ գաղութի իւրայատկութիւնները, ազգային դիմագիծը, կենսունակ ու կազմակերպ համայնք ըլլալու հանգամանքը: Անդրադառնալով Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններուն ճակատագրին` նախագահ Սարգսեան յայտարարեց, որ բոլոր տարբերակները սեղանի վրայ են այսօր, ընդհուպ մինչեւ ստորագրութիւններուն յետս կոչումը Երեւանին կողմէ: Առաջին անգամ ըլլալով նման ակնարկ մը Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարին կողմէ կը հնչէր սփիւռքի մայրաքաղաքէն: Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը կը մեկնարկէր Մոսկուայէն: Ստորագրութիւններու յետս կոչումի հնարաւորութիւնը կը հնչէր Պէյրութէն: Այս երեւոյթը նաեւ մաս կը կազմէր լիբանանահայ համայնքին ներկայացուցած համահայկական կարեւորութեան:

Նախագահի պէյրութեան այցելութեան կարեւորագոյն ուղերձն էր այս մէկը: Հնչած` Լիբանանէն, ուղղուած` հայկական աշխարհին:

«ԱԶԴԱԿ»ի խմբագրական

Տպել Տպել