Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մէջ Սոչիի պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը հրթիռակոծուեցաւ

Այսօր առաւօտ, Սոչիի պատուիրակութեան առաջին խումբը փոխադրող օդանաւը Դամասկոսի միջազգային օդակայան էջք կատարած պահուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծուեցաւ։

Պատուիրակութեան մաս կազմող Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան «Գանձասար»ին ըսաւ. «Օդանաւին էջք կատարած պահուն, առաջին հրթիռը ինկաւ օդանաւէն քանի մը մեթր անդին, ապա երկու հրթիռներ եւս թիրախ դարձուցին օդանաւը։ Բարեբախտաբար վիրաւորուողներ չեղան։ Օդանաւն ալ չվնասուեցաւ: Ապահովական ուժեր անմիջապէս հարկ եղած կարգադրութիւնները ըրին եւ պատուիրակութեան անդամները ապահով կերպով դուրս բերին օդանաւէն ու օդակայանէն»։

kantsasar.com

Տպել Տպել