Անդրադարձ. Վատ Ընտրանքներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կիրակի, 11 փետրուարին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդատու Հըրպըրթ Մաքմասթըրի հանդիպումը: Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց. «Մանրամասնօրէն քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցող հարցերը»: Այլ խօսքով` անոնց լուծման ուղղութեամբ որեւէ յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած: Մէկ օր ետք, թրքական դիւանագիտութեան պետ Մեւլութ Չաւուշօղլու սպառնաց, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները կա՛մ պիտի կարգաւորուին, կա՛մ ալ ամբողջութեամբ պիտի վատթարանան` աւելցնելով, որ իր երկիրը կորսնցուցած է Ուաշինկթընի նկատմամբ իր հաւատքը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ըստ իր սովորութեան, քայլ մը անդին գնաց` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միացեալ Նահանգներու պայքարը նկատելով թատրոն մը, որ այժմ վերածուած է Թուրքիոյ դէմ պայքարի: Ան նաեւ պատասխանելով ամերիկացի հրամանատարի մը Մընպեժի դէմ թրքական յարձակումի մը կարծր պատասխան տալու գծով յայտարարութեան, սպառնաց ամերիկեան ուժերուն «օսմանեան բռունցքը» ցոյց տալ:

Այս բոլոր ազդանշանները մտածել կու տան, որ Թիլըրսընի Թուրքիա այցելութիւնը արդիւնաւէտ պիտի չըլլայ: Մինչ ամերիկեան կողմը լաւագոյն պարագային թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու առաւել վատթարացումէ մը կամ յոռեգոյն պարագային ՕԹԱՆ-ի մեծ հարուած մը հասցնող` դաշնակից ուժերու միջեւ բախումի մը մտավախութենէն մղուած կը փորձէ ողջմիտ կեցուածքի վրայ մնալ: Թրքական կողմը կը շահագործէ իր դաշնակիցին այդ մտավախութիւնը եւ կը շարունակէ բարձրացնել կարծր կեցուածքներու նշանակը:

Այնքան ատեն, որ թրքական կողմին ամբարտաւանութիւնը խօսքերու սահմանին մէջ է, կացութիւնը տանելի է, սակայն հարցերը կտրուկ կերպով կրնան փոխուիլ, եթէ Էրտողան իր խօսքը գործի վերածէ, եւ թրքական ուժերը յանդգնին գրոհել Մընպեժի վրայ: Այդ պարագային Ուաշինկթըն ինքզինք պիտի գտնէ երկու վատ ընտրանքներու առջեւ. նախայարձակ թրքական ուժերը հարուածելով մեծ վնաս պատճառել ՕԹԱՆ-ին ու անոր վարկին, կամ նահանջել եւ վնասել իր իսկ վարկին: Ամերիկեան կողմին համար տրամաբանական ընտրանքը պիտի ըլլայ հարուածել այդ ուժերը, որովհետեւ նախայարձակ կողմը ինքն է, որ հարուածած կ՛ըլլայ ՕԹԱՆ-ն ու անոր վարկը եւ ոչ թէ ինքնապաշտպանութեան դիմողը:

Նկատի ունենալով Անգարայի, Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ սիրախաղերը եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին դէմ կեցուածքները, թրքական այդպիսի արկածախնդրութիւն մը չի կրնար ազդեցութիւն չունենալ Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան վրայ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել