«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ալիեւի Քրթմնջիւնն ու Արցախեան Շարժման 30-ամեակը

Արցախեան շարժման 30-ամեակի տօնախմբութենէն քանի մը օր առաջ, Փետրուար 8-ին, Պաքուի մէջ, իր «Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութեան համագումարին ընթացքին, ծաւալապաշտ ու բռնատէր նախագահ Իլհամ Ալիեւ անգամ մը եւս անդրադարձաւ իր դրացի-թշնամի Հայաստանին:

Նմանօրինակ արտայայտութիւններ նորութիւն չէին։ Սակայն, այս անգամ մենատէր Ալիեւի ձայնաստիճանը քիչ մը աւելի բարձր էր։ Իր կուսակցական գաղափարակիցներուն առջեւ բեմ բարձրանալով, ան յայտարարած է, թէ «Երեւանն ու Զանգեզուրը ատրպէյճանցիներու պատմական հողերն էին», եւդիմելով իր կուսակցութեան երիտասարդ խաւին, աւելցուցած է, թէ կարելի չէ մոռնալ պատմական հողերը, եւ, հետեւաբար, Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ապագայ գործունէութեան ուղղութիւնը պէտք է ընթանայ այս գծով:

Քանի մը տարիէ ի վեր, Ալիեւ կ՚արտայայտէր այսպիսի տրտունջ եւ քրթմնջիւն: Յատկապէս 2013-ի աւարտին եւ 2014-ի սկիզբներուն, ան միեւնոյն ծայրայեղական արտայայտութիւնները ունեցած էր, երբ կը կատարէր իր նախագահական ընտրարշաւը, կամ աւելի ճիշդը՝ վերընտրութեան show-off-ը: Ապա, Դեկտեմբեր 2016-ին, ան միեւնոյն յանկերգը շարունակեց: Յերիւրածոյ հաստատումները նոյնանման էին: Երբեմն կը սկսէր Զանգեզուրով ու Երեւանով, ապա կ՚աւարտէր Արցախի նշումով, թէ այդ մէկն ալ Ատրպէյճանի պատկանող հողատարածք է:

Ալիեւ ինքն ալ չէր անդրադառնար, թէ իր ձաբռտուքները կը կատարէր Արցախեան շարժման 30-ամեակի տօնախմբութենէն քանի մը օր առաջ:

Փետրուար 13, 1988: Թուական մը, ուր հայորդին կրցաւ ինքզինք մաքրել ամէն տեսակի պարտուողական բարդոյթներէ:

Թուական մը, երբ սկսաւ վճռական պայքարը փտած կառոյցին ու համակարգին դէմ: Այդ օրերուն էր, որ Հայաստանի սահմանամերձ գօտիներըվերածուեցան հզօր ու անառիկ բերդերու:

Հուսկ, Ալիեւ իր աւելորդաբանական յոխորտանքին մէջ կը համարձակի նաեւ Երեւան դարձած Էրեբունին ատրպէյճանական հողաշերտ նկատելու մասին խօսիլ: Քաղաք մը, մայրաքաղաք մը, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին պիտի տօնէ իր 2800-ամեակը… Երբ Աղուանքն ու Ատրպէյճանը գոյութիւն չունէին:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել