«Ազդակ»ի Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ. Սուր Զգայնութիւն Թէ՛ Հայրենիքի Եւ Թէ՛ Սփիւռքի Մէջ (Բ.)

Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու մասին նախագահի ելոյթը կը շարունակուի արգելակման պատասխանատուութենէն Ազրպէյճանը դուրս բերելով եւ լրիւ Թուրքիոյ վրայ կեդրոնանալով: Աւելի ճիշդը, հակառակ Ազրպէյճանի պահանջին Թուրքիոյ կողմէ քաղաքական կամքի բացակայութեան ընդգծումն է:

«Արդեօ՞ք Ազրպէյճանն է խոչընդոտում Թուրքիային Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցում, ինչպէս մեզ շատերը փորձում են համոզել: Ո՛չ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիայի առաջնորդների քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է: Կարծում եմ` պատկերացնում էք, որ հայկական սփիւռքի շատ ու շատ ներկայացուցիչներ այնքան էլ երջանիկ չէին մեր այդ որոշմամբ: Դա բնական էր, քանի որ նրանք ցեղասպանութիւն վերապրածների եւ հայրենազրկման ենթարկուածների ժառանգներն են: Ես շրջագայեցի ողջ աշխարհով, հանդիպեցի սփիւռքի մեր քոյրերի եւ եղբայրների հետ` համայնք առ համայնք, քննարկեցի նրանց հետ չափազանց զգայուն այս խնդիրը:

Արդեօ՞ք Թուրքիայի ղեկավարները դրսեւորեցին նման քաղաքական կամք, արդեօ՞ք նրանք որեւէ կերպ տէր կանգնեցին իրենց իսկ ստորագրած փաստաթղթերին:

Մենք չենք կարող առյաւէտ սպասել Թուրքիայի պատասխան քայլերին»:

Այստեղ վերյիշում կայ, ստորագրութիւններու նախօրեակին սփիւռքի գաղութներուն դրսեւորած սուր զգայնութեան, բողոքին` արձանագրութիւնները չստորագրելու: Քաղաքականօրէն հասկնալի է վերյիշեցումը. նախագահը ըսել կ՛ուզէ, որ հակառակ հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուածին ընդդիմութեան, Երեւանը գացած է այդ քայլին ընդառաջ: Եւ անմիջապէս նշելու, որ Թուրքիան չէ դրսեւորած այն քաղաքական կամքը, որ Երեւանը որդեգրած է, եւ չէ առած համապատասխան քայլ` տէր չկանգնելով ստորագրուած արձանագրութիւններուն:

Հաւանաբար պէտք է մտածել, որ բողոքի ցոյցերը օգտակար եղած են նաեւ պետական այն մօտեցումին, որ այսօր կը շեշտուի այս առումով:

Բայց արձանագրութիւններուն սուր զգայնութիւն ցոյց տուողը միայն սփիւռքը չէր, որ ցեղասպանութենէն վերապրողներէ եւ հայրենազրկումի ենթարկուողներէ կազմուած է: Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսը նաեւ այդ ճակատագիրին ենթարկուած է. անոնք եւս շառաւիղներն են Արեւմտահայաստանը կորսնցուցած եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն հաստատուածներուն: Աւելի՛ն. ամենամարդաշատ ժողովրդային ցոյցը արձանագրութիւններու բեկանման պահանջով Երեւանի ցոյցն էր, ուր պարզ դարձաւ, որ այս խնդիրով, այլ խօսքով` Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութիւնը մերժելու առումով հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ չկար մտայնութեան տարբերութիւն:

Թէ՛ երկկողմ եւ թէ՛ բազմակողմ բանակցութիւններու ընթացքին պետական դիրքորոշումներու ամրակայման կը նպաստեն ժողովրդային ցոյցերը այս պարագային: Պաշտօնական Երեւանը կրնար միշտ շեշտել, որ հակառակ ժողովուրդին կողմէ դրսեւորուած սուր զգայնութեան, բողոքին, չստորագրելու պահանջներուն, Երեւանը ցուցաբերած է քաղաքական կամք եւ ընդառաջած միջազգային ընտանիքին:

Երբ կը ժխտուի, որ Ազրպէյճանի պատասխանատուութեամբ չէ, որ արձանագրութիւնները չվաւերացուեցան, չի նշանակեր անշուշտ, որ Պաքուն ազդեցութիւն չունեցաւ այդ գործընթացի տապալման մէջ: Փաստօրէն Անգարան շարունակած է արծարծել նախապայմանները, որոնցմէ գլխաւորը արցախեան հարցին կը վերաբերէր կամ հայկական ուժերու հեռացումին: Հաւանաբար այստեղ կ՛ընկալուի նաեւ հայութեան կողմէ սուր զգայնութեան դրսեւորումի անհրաժեշտութիւնը: Հայկական կողմը յաջողած է քաղաքական կամք դրսեւորել, մինչ թրքականը` ոչ. պատճառներու շարքին նաեւ` Պաքուի պահանջները:

Համաեւրոպական կամ միջազգային պահանջներուն Թուրքիան հակադրելէ ետք, այս անգամ ներազգային դժգոհութիւններու վերյիշեցումը կը ծառայէ միեւնոյն նպատակին: Հակառակ այս բոլորին, դարձեալ Թուրքիան է արգելակիչը:

Այս բաժինին վերջին նախադասութիւնը եւս կը նախանշէ չեղարկման իրաւական քայլը: «Մենք չենք կարող առյաւէտ սպասել Թուրքիայի պատասխան քայլերին»:

Պարզօրէն կը հաստատուի, որ ժամանակը սպառած է եւ չեղարկման քայլի յետհաշուարկը սկսած է:

aztagdaily.com

Տպել Տպել