«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասնակցող Հայերու Թեկնածութիւնը Պէտք Է Առաջադրեն Հայկական Հեղինակութիւնները» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն` լուսարձակի տակ առնելով այն շրջանները, ուր ՀՅԴ պիտի ունենայ իր թեկնածուները եւ քաղաքական այն ուժերը, որոնց հետ գործակցութեան հաւանականութիւն կայ:

Պատասխանելով Դաշնակցութեան թեկնածութեան վերաբերող հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ատիկա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշումն է` աւելցնելով, որ տակաւին կուսակցութիւնը իր թեկնածուները չէ առաջադրած: «Ամէն պարագայի ՀՅԴ-ն կատարեալ ազատութիւնը ունի ճշդելու իր թեկնածուները` ըլլան անոնք կուսակցականներ կամ ոչ կուսակցականներ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Մեթնի մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունի հիմնական երկու դաշնակիցներ, որոնցմէ առաջինը երեսփոխան Միշել Մըրն է, եւ որուն հետ յիսնամեակէ մը ի վեր ընտրական դաշինք գոյութիւն ունի, իսկ երկրորդը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն է, որուն հետ 2005-էն ի վեր դաշնակից է:

«Մեր նպատակն է Հիւսիսային Մեթնի մէջ սուր ընտրապայքարէ մը խուսափիլ, ինչպէս նաեւ զօրակցիլ մեր երկու դաշնակիցներուն», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ ընտրական նոր օրէնքը առիթ չի տար պահպանելու բարեկամութիւնները եւ գաղափարակից դաշնակիցները, «սակայն եթէ կարելի ըլլայ որոշ համեմատութեամբ հաւատարմութիւնը պահպանել, ապա անիկա բարձր կը գնահատուի լիբանանցի քաղաքացիին եւ յատկապէս մեթնցիին կողմէ: Այս իմաստով, ՀՅԴ դիմեց նախաձեռնութեան մը, որուն շրջագիծին մէջ հանդիպում մը կատարուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Հոս յիշեցնեմ, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն առաջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յայտնած էր, թէ երեսփոխան Միշել Մըր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր դաշնակիցներն են: Մեր այցելութեան յաջորդեց Միշել Մըր-նախագահ Աուն հանդիպումը, որուն մասին Մըր յայտնեց, թէ դրական, ընտանեկան եւ մտերմիկ այցելութիւն մը եղած է: Մեթնի մէջ ընդարձակ ընտրական դաշինք գոյացնելու իմաստով կարելիութիւնները առկայ են եւ բանակցութիւններուն դռները` բաց», աւելցուց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ տակաւին կը սերտուին քուէներուն թիւերն ու արձանագրուելիք արդիւնքները` տրուած ըլլալով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան հիմնական նպատակը յաջողութիւն արձանագրելն է:

«Տակաւին ժամանակ ունինք, եւ կարելի է մինչեւ յառաջիկայ ամիս ընտրական վերջնական դաշինքներուն մասին յայտարարութիւններ կատարել: Եթէ նկատի առնէք, ոչ ոք տակաւին յստակ ընտրական դաշինքներու մասին կը խօսի, իսկ արձանագրուած թեկնածութիւնները իրենց կարգին շատ քիչ են: Կը կարծեմ, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել ընդարձակ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու նպատակը, որովհետեւ Միշել Մըրի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ռազմավարական խոր տարակարծութիւն կամ լուրջ հարց գոյութիւն չունի: Առ այդ, ՀՅԴ-ի, Ազգային ազատ հոսանքի, երեսփոխան Միշել Մըրի եւ Ղովմի կուսակցութեան միջեւ ընդարձակ դաշինք մը գոյացնելու կարելիութիւն գոյութիւն ունին», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ ընտրական օրէնքը փոխելուն եւ նոր օրէնք մը մշակելուն հիմնական նպատակը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելն է: «Պէտք չէ մոռնալ, որ երբ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան մասին կը խօսինք, մենք միայն իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքները նկատի չունինք, այլ նաեւ յարանուանութիւնները: Իսկ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու համար պէտք է երաշխաւորել բնական դաշինքներ», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Մեթնի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի եւ անոր զօրակցած հայ թեկնածուին յաջողութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այդ պարագային յաջողած թեկնածուն կ՛ըլլայ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան զօրակցող հայերուն ներկայացուցիչը եւ ոչ թէ Մեթնի հայութեան մեծամասնութեան ներկայացուցիչը: Փաղանգաւոր կուսակցութեան կողմէ ընտրական մեքենայի աշխատանքին մեկնարկը յայտարարելու ընթացքին Սամի Ժեմայէլ իր ճառին մէջ բաւական բարձր առաստաղով ակնարկեց իշխանութիւնը կազմող քաղաքական ուժերուն` անոնցմէ պահանջելով հեռանալ Փաղանգաւոր կուսակցութենէն: Գիտենք նաեւ, որ Ժեմայէլ Մեթնի մէջ հայ թեկնածու առաջադրելու մարմաջին մէջ է, եւ այդ ուղղութեամբ առաջարկներ կատարուած են հայերու, որոնք մերժած են այդ առաջարկը: Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն ազատ է առաջադրելու իր թեկնածուները, ինչպէս որ մենք ազատ ենք` մեր թեկնածուները առաջադրելու իմաստով»:

Պուրճ Համուտի բարգաւաճման իմաստով երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի մօտեցումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ շրջանի մը բարգաւաճման իմաստով ջանքերը պէտք է ըլլան հետեւողական եւ ոչ թէ տարուան մը կամ քանի մը ամսուան վրայ երկարող ճիգեր: Ան շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի աղբանոցը ստեղծողը ՀՅԴ-ն չէր, դիակները նետողը ՀՅԴ-ն չէր, թունաւոր տակառներ նետողը ՀՅԴ-ն չէր, աղբ թափողը ՀՅԴ-ն չէր, կազատարեր հաստատողը ՀՅԴ-ն չէր, իսկ ՀՅԴ-ն մինչեւ օրս կը պայքարի Պուրճ Համուտը աղբանոցի եւ կոյուղիներու ջուրեր հաւաքող շրջանի վերածելու ծրագիրներուն դէմ: «Արդեօք ինչո՞ւ չի խօսուիր Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրին մասին», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ պարզ է, թէ անոնց նպատակը Պուրճ Համուտի բարգաւաճումը չէ, այլ` երեսփոխանական ընտրութիւններուն Պուրճ Համուտի քուէներուն տիրանալու կարելիութիւնը:

Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ընդմէջէն Մեթնի բարգաւաճումը ապահովող ծրագիրներուն` յայտնելով, որ «Լինոր»-ի ծրագիրը մշակուած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրերուն, եւ ՀՅԴ մեծ ներդրում ունեցած է այդ ծրագիրները մշակելու իմաստով: «Օրին այդ ծրագիրը մշակելու գումարը հասած է 10 միլիոն տոլարի, եւ այդ գումարը ֆինանսաւորողներէն երեքը հայեր եղած են: Մեր ջանքերով մշակուեցաւ այդ ծրագիրը, որուն մանրամասնութիւններուն չեմ ուզեր անդրադառնալ, սակայն կը բաւարարուիմ ըսելով, որ անիկա ընտրական նպատակներ չի հետապնդեր», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Նոր տարիէն առաջ հանդիպում մը կայացած է կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիսի հետ, ապա ոչ մէկ հաղորդակցութիւն արձանագրուած է: «Կը կարծեմ, որ ընտրական իմաստով մեր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ շահեր չկան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոնք հայ թեկնածուներ առաջադրելու մասին կը մտածեն` իրենց պլոքին համար: Մեր տեսակէտը այն է, որ հայ թեկնածուները պէտք է առաջադրուին հայկական հեղինակութիւններու կողմէ», յայտնեց ան:

Մուսթաքպալի կողմէ հայ թեկնածուներ առաջադրելու մասին այլ հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ տակաւին Մուսթաքպալ հոսանքին հետ դաշինք չկայ, այլ կան խորհրդակցութիւններ:

«Պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին, որ 2000-էն ի վեր ՀՅԴ-ն խորհրդարանին մէջ ներկայացուցիչներ կորսնցուց, սակայն ատիկա չազդեց անոր քաղաքական ուժին վրայ, որովհետեւ նոյնիսկ երկու երեսփոխանով, մնայուն կերպով ներկայացուեցաւ կառավարութեան կազմերուն մէջ: Ճի՛շդ է, որ Պէյրութի եւ Այնճարի մէջ ՀՅԴ-ն եւ Մուսթաքպալ հոսանքը տարակարծութիւններ ունեցան, սակայն 2004-ի, 2010-ի եւ 2016-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն Պէյրութի մէջ ՀՅԴ-ն եւ Մուսթաքպալ հոսանքը դաշնակիցներ էին: Իսկ 2016-ին, հակառակ Պէյրութի մէջ գոյացած քաղաքապետական ընտրութիւններու ընդարձակ դաշինքին, վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարեց, որ այսօր իրեն համար յստակ դարձաւ, թէ ո՛վ է իր իսկական դաշնակիցը: Եթէ մենք անկեղծ չըլլայինք Հարիրիի հետ մեր դաշինքին նկատմամբ, քրիստոնեայ ներկայացուցչութիւնը` նուազագոյնը 6 անդամի իմաստով, խախտում պիտի արձանագրէր Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի պարագային: Կը կարծեմ, որ վարչապետ Հարիրի համոզուեցաւ, որ դաշնակցելու պարագային ՀՅԴ-ն կատարեալ զօրութեամբ կը դաշնակցի, իսկ մերժելու պարագային կատարեալ զօրութեամբ կը մերժէ: Մարդիկ այսօր կը տեսնեն մեր հաւատարմութիւնը եւ կը գնահատեն զայն, եւ անիկա պէտք չէ այլոց մօտ հարցեր ստեղծէ: Իսկ եթէ մենք այսօր կ՛ուղղուինք խորհրդարանին մէջ մեր ներկայացուցչութիւնը ամրապնդելու, ապա անիկա մեր բնական իրաւունքն է», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

Քաղաքացիական ընկերութեան մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, թէ անյստակ է, որ այսօր կան մեծ թիւով կուսակցականներ, որոնք տարիներ շարունակ իրենց դրսեւորած քաղաքական պատկանելիութենէն հեռացած են եւ ժողովուրդին կը ներկայանան իբրեւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ: Ան աւելցուց, որ բոլորս ալ քաղաքացիական ընկերութիւնը կը ներկայացնենք` հաստատելով, որ ընդհանրացումները վնասակար են: Իսկ քաղաքացիական ընկերութեան շարքերուն առաջադրած հայ թեկնածուներուն Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Անոնք բարի եկած են»` աւելցնելով, որ եթէ անոնք կրնան հայութիւնը ներկայացնել եւ հայութեան բոլոր շերտերուն հասնիլ, ապա անոնց աշխատանքը ողջունելի կ՛ըլլայ: «Բայց եւ այնպէս անոնք թող ի մտի ունենան, որ համեստ դասակարգի հայերուն գոյութիւնը նորութիւն չէ եւ միայն ընտրութիւններուն նախօրեակին չէ, որ հայ համայնքին Ս. Ծննդեան տօնը կը յիշուի: ԼՕԽ-ի ցուցակները ցոյց կու տան, թէ որքան անտէր ծերունիներ կան եւ կրթանպաստի կարիքը ունեցող երեխաներ, որոնց օժանդակութիւնը տարիներէ ի վեր կը կատարուի: Եթէ մենք մեր օժանդակութիւններուն մասին պարծենալով եւ միայն հայերէնով հաշուետուութիւն կը ներկայացնենք, ապա անիկա չի նշանակեր, որ քանի մը արկղ սննդամթերք տրամադրող պէտք է պարծենայ իր կատարած աշխատանքով: Իմ թելադրանքս է, որ ոչ ոք փորձէ բրինձով, ձէթով եւ կաթով հայուն քուէն գնելու մասին մտածել, որովհետեւ նախորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար տրամադրուած հսկայ գումարներուն դիմաց հայը իր քուէն չէ ծախած` մնալով սկզբունքային, ինչպէս որ է պարագան հիմա», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան նշեց, որ Պէյրութի մէջ Ռամկավար կուսակցութիւնը որոշեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ դաշնակցիլ, եւ առաջադրուեցաւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան: «Այս մէկը բնական է, հայկական կուսակցական հեղինակութիւն մըն է անոր թեկնածութիւնը առաջադրողը: Հնչակեան կուսակցութեան հետ տակաւին խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են: Իսկ նախարար Ժան Օղասապեան, որուն թեկնածութիւնը ՌԱԿ-ի կողմէ առաջադրուած էր անցեալին, փաստեց, որ հայ համայնքին մօտ է», ըսաւ ան:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ-ի դաշինքներուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է նաեւ ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոնի հետ, սակայն իր տեսակէտը այն է, թէ գործակցութեան յոյսեր չկան` ոչ թէ հայ թեկնածուներուն միջեւ հարցի պատճառով, այլ` մարոնի եւ յոյն կաթողիկէ թեկնածուներուն:

Այլ երկիրներու մէջ հաստատուած լիբանանահայերուն քուէարկութեան կարելիութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց անոնց Լիբանանի մէջ քուէարկելու մեծ կարելիութիւնը, անդրադառնալով յատկապէս Սուրիոյ, Ծոցի երկիրներու եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող լիբանանահայերուն:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին ՀՅԴ-ի թեկնածուները կը յստականան` սերտելէ ետք վարկանշային քուէի բոլոր կարելիութիւնները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել