Գանատայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած խորհրդաժողով

ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութիւնը, համագործակցութեամբ Գանատայի զանազան հայ ուսանողական միութիւններու հետ, կազմակերպած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը՝ «Ցեղասպանութենէն պետականութիւն. 900 օրուան հանրապետութիւնը» թեմայով, որ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի Մարտին:

Խորհրդաժողովի զեկուցաբերներն են UCLA համալսարանի փրոֆեսոր եւ պատմաբան դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, UCLA համալսարանի փրոֆեսոր, հեղինակ եւ գիտաշխատող դոկտոր Ռուբինա Փիրումեան եւ Ժընեւի Webster համալսարանի փրոֆեսոր եւ լրագրող դոկտոր Վիգէն Չըթըրեան:

Տպել Տպել