Մի՚ փորձէք կրկին մթագնել Մայիսի 28-ի նուաճումը

Սեդօ Պոյաճեան

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Պետական Յանձնաժողովի ե՚ւ առաքելութիւնն է ե՚ւ պարտականութիւնը՝ մեր պետականութեան հիմնադրման ու անկախութեան նուաճման իրագործումները ոգեկոչել իրենց փաստական հարազատութեամբ եւ անխառն արժեւորումով։ Պէտք է յուսալ, մանաւա՚նդ պէտք է մաղթել, որ Յանձնաժողովը կը մնայ գիտակից իր առաքելութեան եւ անշեղ՝ իր պարտականութեան մէջ։

Եօթանասուն տարիներ շարունակ, պոլշեւիկեան ախտաւոր մոլուցքը փորձեց մթագնել մեր պետականա դրութեան ազգային արժէքը եւ անկախութեան պատգամը։ Պոլշեւիզմը նենգափոխեց մեր հանրապետութեան պատմութիւնը, կեղծեց փաստերը, ստեց մեր ժողովուրդին՝ Մայիս 28-ի մասին, մեր հերոսներուն մասին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասին, մեր ազգային կամքին մասին, մեր անկատար տենչերուն մասին։

Պոլշեւիկեան բռնատիրութեան պատմաշինութեան պարտադրանքին ենթարկուեցան թէ՛ մեր ժողովուրդը եւ թէ մեր մտաւորականութիւնը։ Սակայն, այս պարտադրանքին ողբերգութիւնը կը կայանար բուն իսկ պոլշեւիզմին ու պոլշեւիկներու հոգիին եւ մտքին մէջ։ Որովհետեւ, անոնք նենգափոխելով գրեցին ու միայն իրենք կարդացին, ստելով խօսեցան ու միայն իրենք լսեցին։

Հակառակ այս բոլորին, մեր նորագոյն պատմութեան էջերը մնացին անաղարտ, մեր գուրգուրանքը ազգային պետութեան հանդէպ մնաց անդրդուելի եւ մեր անկախութեան ձգտումը շարունակեց անխափան։ Մենք պահեցինք մեր ազգային արժանապատուութիւնը։ Մենք պահպանեցինք Մայիս 28-ի խոստումը։ Մենք հետեւեցանք Սարդարապատեան կանչին։ Մենք ուխտեցինք կառչած մնալ անկախ ու ամբողջական Հայաստանի պատգամին։

Նոյնիսկ սովետական կարգերու ազգային արժէքները հեղձող ու ազատութիւնը բռնաբարող ամբողջատիրութեան տակ, մեր ժողովուրդը ստեղծագործեց։ Մեր ժողովուրդը ստեղծեց ու որակաւորեց կրթական, մշակութային եւ գիտական նոր մակարդակներ։ Մեր ժողովուրդը հարստացուց մեր ազգային արժէքները։

Այս բոլորը նուաճեց մեր ժողովուրդը շնորհիւ իր ազգային տաղանդին եւ ի հեճուկս սովետական կարգերու ու պոլշեւիկեան բռնակալութեան։ Մեր մտաւորականութիւնը շարունակեց ստեղծագործել՝ հաւատարիմ մնալով իր ազգային արմատներուն։ Ստեղծագործեց՝ նոյնիսկ ի գին «դաշնակ նացիոնալիստ» պիտակաւորումին, բանտարկութեան ու մահուան սպառնալիքներուն։ Հարցուցէ՚ք Եղիշէ Չարենցին, Ակսել Բակունցին եւ միւս բիւրաւոր մտաւորականներուն, որոնք կալանաւորուեցան եւ սպաննուեցան հայ անունը կրող պոլշեւիկ բորենիներու կողմէ։

100-ամեակի Պետական Յանձնաժողովը չի կրնար մտահան ընել պոլշեւիզմի տխուր անցեալը եւ ժողովուրդի հպարտ դիմադրականութիւնը, երբ կը պատրաստուինք դիմաւորել մեր անկախ պետութեան հարիւրամեակը հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին։

Մեր անկախ պետութեան ազգային փաստին ուրացման եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ազգային առաքելութեան նուաստացման պոլշեւիկեան փորձերը ձախողեցան։

Այս ճշմարտութեան դէմ յանդիման կը գտնուի 100-ամեակի Յանձնաժողովը։ Պէտք է ընդունիլ այս ճշմարտութիւնը եւ ըստ այնմ արժեւորել ու ներկայացնել մեր հարիւրամեայ անկախ պետութեան իրագործումը եւ անոր կերտիչները։

Պէտք է գիտակցիլ եւ ընդունիլ պատմութենէն մեզի փոխանցուող այն ուսանելի դասը, որ կարելի չէ աղաւաղել Մայիս 28-ի էութիւնը, կարելի չէ մթագնել այդ էութեան մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայութիւնը։ Ինչպէս «Թուղթ Առ Երեւան»ի մէջ ատենին Անդրանիկ Ծառուկեան հաստատակամօրէն վճռած է, թէկուզ մարդիկ կարող են «խախտել լեռներին» եւ «սանձել գետերին», սակայն իրենց ահագին հզօրութեամբն իսկ անոնք չեն կրնար «դիւցազնութեան կապոյտ երկնքում շողացող աստղին» դէմ «վարագոյր քաշել»։ Ով ալ ըլլաս, ինչ ալ ըլլաս, չես կրնար բիւրեղեայ ճշմարտութեան՝ Մայիս 28-ի եւ Դաշնակցութեան դէմ վարագոյր քաշել:

Ուստի, հայրենի պետական այրերը, մեր մտաւորականութիւնը եւ 100-ամեակի Յանձնաժողովի անդամները ազգային պարտականութիւնը ունին տէր կանգնելու մեր պատմութեան եւ պատմական արժէքներուն։ Անոնք անհատաբար թէ հաւաքաբար կը կրեն Մայիս 28-ի իմաստն ու պատգամը վերականգնելու եւ փոխանցելու քաղցր պատասխանատուութիւնը։

Մայիս 28-ի յաղթանակը եւ անկախ պետութեան հիմնադրումը նուաճումն էին գաղափարի, ոգիի, կամքի եւ բազուկի։ Կարելի չէ այս չորս նախադրեալներէն դուրս փնտռել մեր պետութեան հարիւրամեակի իմաստն ու արժէքը։ Նաեւ կարելի չէ լուռ մնալ պատմական այն ճշմարտութեան առջեւ, որ այս չորս նախադրեալները՝ գաղափարը, ոգին, կամքը եւ բազուկը կը մարմնաւորէր մեր ժողովուրդը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ղեկավարող առաջնորդութեամբ եւ գերազանցող ներկայութեամբ։

Մայիսեան հերոսամարտի նախորդող շաբաթները մռայլ եւ տխուր օրեր էին։ Սակայն երբ րոպէն պահանջեց, մեր ժողովուրդը լարեց իր կամքը եւ պրկեց բազուկը։ Ռուբէն Տէր Մինասեանի բացատրութեամբ, «Դասալքման, յուսաբեկման այդ օրերին հորիզոնի վրայ կը ցցուի ահա Դաշնակցութիւնը, որի Թուր Կեծակին եւ գուրզը իր ձեռքն է առած Արամը՝ Ծուռ Դաւթի նման։»

Այս գուպարներով, մեր ժողովուրդի թանկ արիւնով եւ Դաշնակցութեան շունչով հիմնուեցաւ ու կերտուեցաւ մեր հարիւրամեայ հանրապետութիւնը եւ Մայիս 28-ի անկախութիւնը։ Ունեցանք նահատակներ, մեռելներ։ Մայիս 28-ն մեր մեռելներու իրաւունքն էր, որուն կտակին ժառանգորդն է մեր ժողովուրդը Հայաստանէն Արցախ, բռնագրաւել հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռք։ Ռուբէնի բառերով, «Մեռելները իրանց իրաւունքին մէջ են, անոնց հողերը մէկ են եւ ամբողջական։ Պէտք է ստեղծել Միացեալ Հայաստանը։»

Ա՚յս է հարազատ պատգամը Մայիս 28-ով կերտուեցաւ մեր անկախ պետականութեան։ Այս պատգամը հարազատօրէն ներկայացնելու եւ խոստումի վերածելու պարտականութիւնը մեր բոլորինն է, եւ յատկապէս հարիւրամեակի յանձնաժողովին։

Այդ պատգամին գիտակցութեամբ եւ անոր խոստումին ուխտով իրաւունք չունինք կրկին մթագնելու Մայիս 28-ի նուաճումը։

Լոս Անճելըս,
Փետրուար 22, 2018

Տպել Տպել