«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ամօթի «ճանապարհային քարտէս»ը պատմութեան անցած է

Մարտ 1-ը հայոց արդի պատմութեան մէջ կը յիշուի ճիշդ 10 տարի առաջ տեղի ունեցած խռովութիւններով, որոնք կայծակնային ձեւով տարածուեցան Երեւանի մէջ, պատճառ դառնալով ցոյցի, կողոպուտի, եղբայրասպանութեան: Աշխարհը այս անիշխանական մթնոլորտին ականատես կ՚ըլլար: Ցայսօր կարելի չէ եղած հետապնդել եւ դատի կանչել այս դէպքերուն ետին կանգնող անձնաւորութիւններն ու յանցապարտները:

«Մարտ մէկ»-եան այս տխրահռչակ օրերու տասնամեակին միացաւ այլ պատմական եղելութիւն մը: Արդարեւ, Մարտ 1, 2018-ին, Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ կայացած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնապէս չեղեալ նկատեց հայ-թուրք արձանագրութիւնները, որոնք ստորագրուած էին Հոկտեմբերի 10, 2009-ին, հետեւելով նոյն տարուան Ապրիլին հրապարակուած «ճանապարհային քարտէս»ին։

Այսպէս, ինը տարի շարունակ, «օդէն կախուած»ի բնոյթ ունենալէ ետք, այդ արձանագրութիւնները ի վերջոյ ջնջուեցան:

Օրին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ամէն գնով կը փորձէր այս անկարելին յաջողցնել ու… կարելի դարձնել: Սակայն, ստորագրութեան արարողութենէն առաջ իսկ, Ցիւրիխի մէջ թրքական եւ հայկական պատուիրակութեանց միջեւ յայտարարութիւններու շուրջ ծագած բանավէճերը, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւններու ստորագրութենէն օր մը ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց Ահմէտ Տաւութօղլուի կատարած յայտարարութիւնները եկած էին փաստելու, որ աշխատանքը հեզասահ ձեւով չէր ընթանար եւ այս ճանապարհային քարտէսը ո՛չ թէ խորտուբորտ տարածք մը ցոյց կու տար, այլ… պարզ ու մեկին ճանապարհ հասկացողութիւնը գոյութիւն չունէր:

Նշենք, թէ այդ օրերուն Թուրքիոյ սուլթանամէտ նախագահ Էրտողանը վարչապետի պաշտօնը կը վարէր եւ ստորագրութեան օրերուն, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ամենայն յոխորտանքով յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի ուրախութիւնը Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, իսկ Ատրպէյճանի վիշտը՝ Թուրքիոյ վիշտը… եւ թէ կարելի չէ վաւերացնել ստորագրուած արձանագրութիւնները այնքան ատեն որ Ատրպէյճանի գրաւուած հողամասերը չեն պարպուած ու վերադարձուած:

Այսպէս, անցեալ անկատարներու շարքին անցաւ թրքական խորամանկ մօտեցումը, որ արձանագրութիւններուն ստեղծած քաոսային մթնոլորտին միջոցաւ, այլ փոս մը կը փորէր, փորձելով անջատել Հայրենիքն ու Սփիւռքը:

Անցեալ անկատարներու շարքին անցաւ հրոյ ճարակ դառնալու թեկնածու «ստորին ստորագրութիւններ»ու թղթածրար մը, որուն մէջ նոյնիսկ ամենադոյզն հաստատումը չկար, թէ առանց դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ Հայաստանի ապաշրջափակման, արձանագրութիւններով նշուած մնացեալ պարտաւորութիւնները պարզապէս գործադրելի չէին կրնար ըլլալ:

Մարտ 1, 2018… Վերջնական ո՛չ՝ բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ բացող մշուշապատ հայ-թրքական «ճանապարհային քարտէս»ին:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել