Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեան Հանդիպում Ունեցաւ Մոնրէալահայութեան Հետ

Կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին հետ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Նազարեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ նախարար Կիտանեանի Քանատա այցելութիւնը մէկ օղակն է Հիւսիսային Ամերիկա կատարած անոր այցելութեան, որուն ընթացքին ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ, ապա ժամանեց Մոնրէալ` զեկուցելու Լիբանանի խորհրդարանական մօտալուտ ընտրութիւններուն մասին: Ապա ներկայացուց նախարար Աւետիս Կիտանեանին հակիրճ կենսագրականը եւ հրաւիրեց զայն բեմ:

Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց քանատահայութեան` սոյն ընտրութիւններուն առիթով գաղութին տարած լուրջ աշխատանքին համար: Ան յայտնեց, որ վերջին շրջանին Լիբանան կ’ապրի համեմատաբար խաղաղ շրջան մը` շնորհիւ երկրի նախագահին եւ վարչապետին համախոհութեան: «Եւ մենք` լիբանանահայերս, ըսաւ նախարարը, Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն տոկացինք եւ շարունակեցինք ապրիլ որպէս Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիներ, այդ պատճառով ալ բոլոր ուժերուն կողմէ մեծ յարգանք կը վայելենք առ այսօր, հետեւաբար ժամանակն է, այս բարօր ժամանակաշրջանին, որ Դաշնակցութիւնն ու լիբանանահայութիւնը օգտուին ընձեռուած կարելիութիւններէն, եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցները մասնակցելով քուէարկութեանց` նպաստեն ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ` մեր ազգային հարցերուն»: Նախարար Կիտանեանը այս առումով անդրադարձաւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի վերջերս կատարած Հայաստան այցելութեան, որուն ընկերակցած էր նաեւ ինք, եւ յիշեց, որ նախագահը Հայաստանի, Արցախի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերուն վերաբերեալ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնած էր:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ 2000 թուականէն ի վեր Դաշնակցութիւնը ունեցած է երկու երեսփոխաններ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, մինչ քանի պայմանները փոխուած են, եւ ընտրութեանց օրէնքները նոր կարելիութիւններ կ’ընձեռեն մեզի, պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնենք, որպէսզի արդարօրէն ունենաք երեք կամ չորս երեսփոխաններ, եւ այսպիսով դառնանք իրաւակա՛ն ներկայացուցիչը մեր ժողովուրդին` Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ:

Քաջալերելով Քանատա ապրող լիբանանահայերը` կատարելու իրենց քաղաքացիական եւ ազգային պարտականութիւնները, ան ըսաւ. «Գրանցուելու ճշդուած ժամանակաշրջանը անբաւարար նկատելով` ներքին համաձայնութիւն կար զայն երկարաձգելու, սակայն քաղաքական կարգ մը անակնկալ իրադարձութիւններ պատճառ դարձան երկարաձգումին խափանման: Հետեւաբար սպասուած արդիւնքներուն չկրցանք հասնիլ: Կը մտածուին նոր միջոցներու մասին` համալրելու քուէարկողներու պահանջուած թիւը»: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ բոլոր գրանցուողները ապրիլ 29-ին ուղղուին քուէակեդրոններ եւ իրենց քուէն տան ուղղակի Դաշնակցութեա՛ն թեկնածուներուն: Նախարար Կիտանեան յայտնեց նաեւ, թէ անոնց, որոնց լիբանանեան փաստաթուղթերն ու անցագիրները ի զօրու չեն այլեւս, դեսպանատունը դիւրութիւններ կ’ընծայէ նորոգելու եւ նոր անցագիրներ ապահովելու շատ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին (առաւելաբար` մէկ շաբաթ) եւ գրեթէ անվճար (1000 լիբանանեան ոսկի):

Փարատելու համար գրանցուողներուն մտահոգութիւնը` քուէարկութեան համար Օթթաուա մեկնելու, նախարարը յայտնեց, որ այդ հարցը եւս լուծուած է, եւ քուէակեդրոններ պիտի նշանակուին Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:

Իր խօսքի աւարտին նախարարը նշեց, որ Դաշնակցութեան թեկնածուներու ընտրատարածքներն են` Պէյրութ մայրաքաղաքը, Մեթնի շրջանն ու Այնճարը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայ հայրենակիցներուն` վերջին ճիգը չխնայելու` ի նպաստ լիբանանահայութեան, ազգին եւ հայրենիքին: Շնորհակալական խօսք ուղղեց Քանատայի մէջ Ընտրական յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին` այս առնչութեամբ անոնց տարած անխոնջ աշխատանքին համար:

horizonweekly.ca

Տպել Տպել