ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Մարտ 5ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթըն ժամանած է Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան անդամ՝ Հայաստանի խորհրդարանի հինգ երեսփոխաններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ մէկ շաբթուան ընթացքին շարք մը հանդիպումներ պիտի իրականացնէ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, վարչակազմի պաշտօնական ներկայացուցիչներու, փորձագէտներու, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սոյն այցելութիւնը կազմակերպուած է Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ եւ ուղղուած է քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական յարաբերութիւններու խորացման:
Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեանի գլխաւորած սոյն պատուիրակութեան կազմին մէջ են՝ ՀՀԿ պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան, «Ելք» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Էտմոն Մարուքեան, ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրապեան։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութեանց սերտացման գծով պատմական քայլ կը համարէ այս այցելութիւնը՝ աւելցնելով, որ անիկա առիթ մը պիտի ըլլայ խորացնելու գործակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ քայլեր ապահովելու նպատակով։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ճեքի Սփիր, որ Քոնկրեսի երկու հայ անդամներէն մէկն է, հաստատած է, թէ այցը իսկապէս պատմական է՝ զայն նկատելով արդիւնքը «մեր երկիրներուն կողմէ հետապնդուող՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ սերտ կապերու ամրապնդման ուղղուած ընդհանուր նպատակներուն»: Սփիր միաժամանակ դրուատած է ամերիկեան խորհրդարանական պատուիրակութեան անցեալ տարի կատարած Հայաստան այցելութեան ընթացքին ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութիւնը։
Համախմբումի այլ համանախագահ մը՝ Տէյվիտ Թրաթ, եւ համախմբումի փոխնախագահ Էտըմ Շիֆ նմանապէս ողջունած են պատուիրակութեան այցը՝ նշելով, որ յոյս ունին արդիւնաւէտ քննարկումներ իրականացնելու:
asbarez.com







