Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Հիւրընկալեց Հայաստանի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի, Հայ Դատի եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարի ներկայացուցիչներուն հետ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ի պատիւ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Մարտ 7ին, լուսարձակի տակ առնելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերը։

Համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն հաւաքին բացումը կատարած է՝ ընդգծելով, որ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի անդամներուն հետ իր եւ իր գործընկերներուն հանդիպման ընթացքին շատ հետաքրքրական զրոյցներ տեղի ունեցած են տարբեր նիւթերու շուրջ, յատկապէս՝ հարկային ոլորտին մէջ համագործակցութեան եւ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին գծով:

Լինտա Սանչեզ, հայ պատգամաւորներ Էդմոն Մարուքեանի, Աղուան Վարդանեանի եւ Արմէն Աշոտեանի ու Հայ Դատէն Արամ Համբարեանի հետ

«Խօսեցանք «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին մասին, որուն միջոցով Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը կը փորձէ բարելաւել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ օգնել Հայաստանին եւ Արցախին», ըսած է Փալոն:

Հայկական համախմբումի համաատենապետ եւ Քոնկրեսի երկու հայազգի անդամներէն Ճեքի Սփիրը մեկնաբանած է հայկական խորհրդարանական պատուիրակութեան հանդիպումը՝ Ներկայացուցիչներու տան մէջ Դեմոկրատ կուսակցութեան քոնկրեսականներու առաջնորդ Նենսի Փելոսիի հետ, ըսելով. «Անոր ըսի, թէ ասիկա նո՛ր Հայաստան է, Հայաստան, որ անցում կը կատարէ դէպի կառավարման խորհրդարանական համակարգ եւ կ՛ուզէ ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը: Կ՛ուզենք, որ Հայաստանը նոր յաջողութիւններու հասնի 21րդ դարուն», եւ մանրամասնած է յատկապէս արդի արհեստագիտութեան մարզին մէջ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով տարուող աշխատանքը:

Ձախէն աջ՝ Ֆրենք Փալոն, Ճուտի Չու, Արփինէ Յովհաննիսեան, Էդմոն Մարուքեան, Թուլսի Կապարտ եւ Արմէն Աշոտեան

Հայկական համախմբումի համաատենապետ Տէյվ Թրաթ խօսած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կրկնակի հարկումը բացառելու անհրաժեշտութեան մասին: «Հայաստանի նման բարեկամի մը հետ, մենք պէտք է ունենանք ամուր յարաբերութիւններ: Մենք կ՛ուզենք համոզուած ըլլալ, որ ամերիկեան վարչակազմը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հասկնան, թէ որքա՛ն կարեւոր են այս յարաբերութիւնները, եւ ամէն ինչ պիտի ընենք՝ ատիկա իրականութիւն դարձնելու համար», ընդգծած է Թրաթ:

Իր կարգին, Նիւ Եորքը ներկայացնող քոնկրեսական Փօլ Թոնքօ ընդգծած է հայկական համայնքին կարեւոր դերակատարութիւնը իր տարածքին մէջ՝ նկարագրելով վերջերս հայկական համայնքին կազմակերպած ձեռնարկներէն մէկը, որուն նաեւ մասնակցած է ինք: «Ականատես եղայ, թէ ինչպէս հայ երեխաները կ՛երգեն հայերէն, եւ անոնք այնքա՛ն հպարտ էին: Անոնք իրենց ժառանգութիւնը շատ լաւ կը պահպանեն: Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ ես եւս գաղթողի թոռնիկ եմ եւ կը կարծեմ, որ մենք բոլորս հրաւիրուած ենք սեղանի մը շուրջ նստելու հոս՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կը կարծեմ, որ մենք այդ սեղանին կը մօտենանք տարբեր մշակոյթներով, աւանդոյթներով եւ հաւատքներով: Մենք ատիկա կ՛ընենք, որպէսզի իրարու հետ կիսենք մեր ժառանգութիւնը՝ իբրեւ նուէր», նշած է Թոնքօ:

Իր կարգին, Կեդրոնական Քալիֆորնիան ներկայացնող քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա շեշտած է Հայ Դատին առաջադրած եւ Հայաստանի ու Արցախի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նպաստող ծրարին վաւերացումը ապահովելու կարեւորութիւնը։

Ձախէն աջ՝ Նայիրա Զոհրաբեան, Տինա Թայթըս եւ Հայ Դատէն Թերեզա Երիմեան

Իրենց կարգին, Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները՝ Արփինէ Յովհաննիսեան, Արմէն Աշոտեան, Էդմոն Մարուքեան, Աղուան Վարդանեան եւ Նայիրա Զոհրաբեան, շեշտած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մակարդակը բարձրացնելու կարեւորութիւնը, յատկապէս ա՛յս ժամանակաշրջանին, երբ Հայաստան կը գտնուի կառավարման խորհրդարանական համակարգի անցնելու գործընթացին մէջ:

Ելոյթ ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան։

Նշենք, որ վերոյիշեալ քոնկրեսականներուն կողքին, ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ հետեւեալ քոնկրեսականները՝ Ճուտի Չու, Թուլսի Կապարտ, Ռաճա Քրիշնամուրթի, Պրենտա Լորընս, Լինտա Սանչեզ եւ Տինա Թայթըս։

Հայկական պատուիրակութիւնը, Փելոսիի հետ հանդիպման կողքին, խորհրդակցութիւններ ունեցած է նաեւ քոնկրեսականներ Էտ Ռոյսի, Էտըմ Շիֆի, Կաս Պիլիրաքիսի, Տէյվիտ Սիսիլինի եւ Տէյվիտ Փրայսի հետ։

asbarez.com

Տպել Տպել