Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ընկերութիւնը գումարեց իր Ը. Ընդհանուր ժողովը

Իր հիմնադրութենէն 9 տարի ետք, Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ընկերութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ գումարեց իր Ը. Ընդհանուր ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամներ եւ մեծ թիւով ԱՌԻ-ի անդամ բաժնետէրեր. անոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին տարեկան այս ընդարձակ հանդիպումին:

ԱՌԻ-ի անդամներուն բարի գալուստ մաղթեց Վաչէ Մելքոնեան, որ յայտնեց, թէ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու ջանքերուն շնորհիւ այդ աշխատանքը կ՛արդիւնաւորուի` Արցախի տնտեսական աճ ապահովելով:

Ապա ան յայտնեց, որ 8-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին պիտի ներկայացուի ԱՌԻ-ի գործունէութիւնը, նիւթական տեղեկագիրը, ընդհանուր հաշուեկշիռը, ինչպէս նաեւ կատարուելիք ապագայ աշխատանքները:

ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամ Գրիգոր Տաքէսեան խօսք առնելով շեշտեց, որ Արցախը կայուն եւ արագ զարգացող տնտեսութեամբ երկիր մըն է, ինչ որ յարատեւութիւն է: Ան հաստատեց, որ ԱՌԻ-ն նպաստեց Արցախի բարգաւաճման` աւելցնելով, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն ու սահմանները պահպանելու Արցախի պետութեան ծանր բեռը պատճառ չդարձան, որ Արցախի պետութիւնը թերանայ իր պարտականութիւններուն մէջ եւ կրճատէ իր նիւթական պարտաւորութիւնները` ԱՌԻ-էն ստացուած գումարներուն տոկոսները վերադարձնելու առումով:

Գ. Տաքէսեան ընդգծեց, որ ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամներ 2017 նոյեմբերին ուղղուեցան Արցախ եւ պետութեան հետ քննարկեցին նոր ծրագիրներ: «Այս շրջագիծին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շեշտեց, որ ինք կ՛ակնկալէ ԱՌԻ-ի հետ համագործակցութեան շարունակութիւնը», ըսաւ ան:

Գ. Տաքէսեան նշեց, որ ԱՌԻ-ի աշխատանքները ընդարձակելու ծիրին մէջ կարիք կար նոր գործընկերներու եւ ներդրումներու, ինչ որ մղեց ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամները այցելելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, իսկ այժմ կայ Աւստրալիա այցելութեան ծրագիր մը, որուն համար պիտի գործուղուի նաեւ Ա. Յարութիւնեան` նոր ներդրողներ ներգրաւելու այս աշխատանքին մէջ:

Գ. Տաքէսեան հաստատեց, որ 2019-ին ԱՌԻ-ն պիտի նշէ իր տասնամեակը, որուն ընթացքին պիտի հաստատուին ԱՌԻ-ի թափանցիկ գործունէութիւնը եւ ապագայ յաւակնոտ ծրագիրներու գոյութիւնը:

Իր կարգին, ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամ Վահան Գասարճեան լուսարձակի տակ առաւ 2017-ի ընթացքին ԱՌԻ-ի կատարած աշխատանքը: Ան վիտէոներու օգտագործումով հակիրճ, սակայն խօսուն ու տպաւորիչ կերպով կրցաւ ներկայացնել Արցախի, Հայաստանի ու ամբողջ հայութեան համար ռազմավարական դիրք հանդիսացող Քաշաթաղի եւ Շահումեանի մէջ արձանագրուած տնտեսական աճը:

Վ. Գասարճեան շեշտեց, որ ինը տարուան մէջ շուրջ 7 միլիոն տոլարի հասնող ԱՌԻ-ի ներդրումները միայն տնտեսութիւն չեն զարգացներ, այլեւ ազգային հարցեր կը լուծեն:

Այս առումով Վ. Գասարճեան հաստատեց, որ 2016-ին բռնկած Արցախի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Շահումեանի եւ Քաշաթաղի վերաբնակեցուած շրջաններէն հազար երիտասարդներ անմիջապէս հասած են սահման` հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Ան նշեց, որ ԱՌԻ-ի աշխատանքը թափանցիկ է եւ հետեւողական` աւելցնելով, որ իր հիմնադրութեան օրերուն 16 անդամ ունեցող ԱՌԻ-ն այսօր 198 անդամ կը հաշուէ: Ան աւելցուց, որ 9 տարուան ընթացքին Քաշաթաղի եւ Շահումեանի մէջ կարելի եղած է 36 առ հարիւրի տնտեսական աճ մը ստեղծել` դիտել տալով, որ այդ մէկը գեղեցիկ եւ հմայիչ թիւ է, եւ պէտք է աշխատիլ զայն բազմապատկել:

Ան նշեց, որ չորեքշաբթի, 21 մարտին, ԱՌԻ-ի կազմակերպութեամբ տնտեսական նոր եւ հսկայ նախաձեռնութեան մը մասին պիտի յայտարարուի` ներկայութեամբ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին: Ըստ անոր, ծրագիրը ԱՌԻ-ի գործունէութիւնը համահայկական աշխատանքի վերածելն է:

ԱՌԻ-ի նիւթական տեղեկագիրն ու ընդհանուր հաշուեկշիռը մանրամասնօրէն ներկայացուց ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամ Սիւզի Սեմերճեան, որ ըսաւ թէ ԱՌԻ-ն սկսած է 300,000 տոլարի ներդրումներով, իսկ այսօր հասած 6,7 միլիոն տոլարի ներդրումներու, որոնցմէ 4,900,000 տոլարը` գիւղատնտեսութեան հիմնադրամին (Ակրոֆոնտ) ընդմէջէն կը գործէ, իսկ 1,800,000 տոլարը` ներդրումային հիմնադրամին:

Ս. Սեմերճեան հաստատեց, որ 8 տարուան ընթացքին ԱՌԻ-ն իր բաժնետէրերուն 1,151,300 տոլարի հասնող տոկոսները բաժնած է` տարուած աշխատանքին ապահովուած շահերէն:

Նշենք, որ Ը. Ընդհանուր ժողովին ընթացքին ԱՌԻ-ի բաժնետէրերը ստացան իրենց չէքերը, որոնք ԱՌԻ-ին իրենց տրամադրած գումարներուն արձանագրած շահերն են:

Ապա Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` շեշտելով, որ ինք ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն հետ կը զգայ, այնպէս, ինչպէս կը զգայ իր հարազատ ընկերներուն հետ:

Ա. Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` հաստատելով, որ ԱՌԻ-ի գործունէութիւնը օրինակելի է Արցախի ու Հայաստանի զարգացման համար: Ան նշեց, որ հայրենիքը շէնցնելու աշխատանքը կարեւոր է եւ շատ դիւրաւ կարելի է իրականացնել ներդրումներու ճամբով: Ան ցաւ յայտնեց, որ այսքան քիչ են բաժնետէրերը:

«Համոզուած ենք սակայն, որ տարիներու ընթացքին բաժնետէրերուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ», ըսաւ ան:

Ա. Յարութիւնեան յայտնեց, որ ԱՌԻ-ն Արցախի մէջ ոգեւորութիւն, տնտեսական աճ եւ բարեկեցութիւն ստեղծած է:

Պետական նախարարին համաձայն, 2017-ին աշխարհի տնտեսական մեծագոյն աճը արձանագրուած է Արցախի մէջ, երբ տնտեսական ընդհանուր աճը հասած է 15,6 առ հարիւրի` աւելցնելով, որ ԱՌԻ-ի ծրագիրը տնտեսական ծրագիր է, սակայն անիկա սովորական առեւտուր չէ` պարզապէս շահերու վրայ հիմնուած, այլեւ ներդրումային ծրագիր է` մեր հայրենիքին ապագային կապուած:

Ա. Յարութիւնեան նշեց, որ Արցախի մէջ կայ նաեւ անասնապահութեան զարգացման կարիք` ապահովելու համար միս արտածելու Արցախի պահանջարկը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն` նշելով, որ ցանկութիւնները մեծ են, եւ պէտք է ստեղծել այդ կարելիութիւնները: Ան մաղթեց, որ գումարին չափը կը մեծնայ եւ 2009-էն սկսած տնտեսական աճը կը շարունակուի:

«Հողը նրանն է, ով այնտեղ ապրում է» կարգախօսով գործող եւ Աղաւնոյ գետի ափին Առիաւանը կառուցած ԱՌԻ-ն արդէն իսկ ամբողջացուցած է 150 բնակարան հաշուող գիւղի կառուցման Ա. փուլը, որ 50 բնակարաններու կառուցումով աւարտած է, եւ հոն արդէն իսկ կը բնակին 50 ընտանիքներ:

Այժմ ԱՌԻ-ն պիտի սկսի Առիաւանի կառուցման Բ. փուլին:

ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամները, որոնք որոշած էին Բ. փուլը սկսիլ 5 բնակարաններու պայմանագիրով մը, երէկ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին փոխեցին իրենց որոշումը, եւ թիւը բարձրացաւ 20-ի, երբ Ա. Յարութիւնեան յայտարարեց, թէ Արցախի կառավարութիւնը պիտի մասնակցի այդ աշխատանքին` նպաստելով բնակարաններու շինութեան:

Ընդհանուր ժողովը աւարտեցաւ Առիաւանի կառուցման Բ. փուլի առաջին 20 բնակարանները կառուցելու պայմանագիրի ստորագրութեամբ: Այդ պայմանագիրը ստորագրեցին Ա. Յարութիւնեան, ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան եւ Արցախ Ֆոնտի ատենապետ Մելքոն Յակոբեան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել