Պաքու Կը Բողոքէ Բակօ Սահակեանի Ուաշինկթըն Այցելութեան Դէմ

ՊԱՔՈՒ, ԵՐԵՒԱՆ, «Էյ.Թի.Էյ.», «Թերթ».– Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Մարտ 14ին բողոքագիր մը յանձնած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Սեքութային՝ այս օրերուն տեղի ունեցող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն այցելութեան գծով։ Պաքու քննադատած է յատկապէս կարգ մը քոնկրեսականներու հետ Սահակեանի հանդիպումները, միաժամանակ կոչ ընելով Ամերիկային, որ յարգէ միջազգային սկզբունքները եւ վնաս չհասցնէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան։

Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մարտ 13ին այցելած է Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան եւ հանդիպում ունեցած աշխատակիցներուն հետ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը նշէ, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են կառոյցի աշխատանքներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Նախագահը կարեւոր համարած է Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը՝ ընդգծելով, որ անոր համար ներկայացուցչութիւնը պէտք է շարունակէ իրականացնել ամէնօրեայ արհեստավարժ աշխատանք եւ յստակ յանձնարարականներ տայ այդ ուղղութեամբ:

Մարտ 13ին, Սահակեան Ուաշինկթընի մէջ նաեւ այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը եւ հանդիպած դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի ու դիւանագիտական անձնակազմին հետ:

Քննարկուած են Միացեալ Նահանգներու եւ հայկական երկու պետութիւններու միջեւ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի սերտ համագործակցութիւնը՝ ընդգծելով, որ անիկա կը հանդիսանայ նախատեսուած ծրագիրներու յաջող իրականացման առանցքային գործօններէն մէկը:

asbarez.com

Տպել Տպել