15 ­Մարտ 1921. ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մը. Որ­պէս­զի դա­տո­ւի եւ պատ­ժո­ւի հա­յաս­պան թուրք պե­տու­թիւ­նը

Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան

Մարտ 15ը հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ անջն­ջե­լիօ­րէն դրոշ­մո­ւած է իբ­րեւ Օրն Ար­դա­րա­հա­տուց­ման, Օ­րը՝ Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման։

Յատ­կա­պէս ­Մարտ 15ին, ա­մէն տա­րի, մեր սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րէն, հպար­տու­թեան եւ ո­գե­ւո­րու­թեան ան­սանձ զե­ղու­մով, բարձ­րա­ձայն կը հնչէ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծան­րա­գոյն ո­ճի­րին թիւ 1 պա­տաս­խա­նա­տո­ւին՝ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման նուի­րո­ւած ժո­ղովր­դա­յին սրտա­բուխ «­Գի­նի լից» եր­գը.

Աշ­խարհ պա­տեց հա­յի ա­հը,
Գե­տին ըն­կաւ թուր­քի գա­հը,
Քեզ պատ­մեմ ­Թա­լէա­թին մա­հը,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Դաշ­նակ­ցու­թիւն ժո­ղով ա­րեց,
Շուն ­Թա­լէա­թին մահ ո­րո­շեց,
Թեհ­լի­րեա­նի բախ­տը բա­ցո­ւեց,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Թա­լէաթ փա­շան փա­խաւ ­Պեր­լին,
Թեհ­լի­րեա­նը հա­սաւ ե­տին
Զար­կաւ ճակ­տին, փռեց գե­տին,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Շուն ­Թա­լէա­թին գցին հո­րը,
Լուր ղրկե­ցին պոռ­նիկ մօ­րը,
Կեց­ցէ հա­յոց կա­մա­ւո­րը,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Յի­շա­տակդ միշտ փա­ռա­ւոր,
Շի­րի­միդ լոյս Ք­րիս­տա­փոր,
Մա­յիս 28 շնոր­հա­ւոր,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Այ­սօր կը լրա­նայ 97ա­մեա­կը ա­րիւ­նի եւ ար­հա­ւիր­քի ամ­բողջ պատ­մու­թիւն մը խտաց­նող ու խորհր­դան­շող ար­դա­րա­հա­տոյց այդ ա­հա­բեկ­չու­թեան։
15 ­Մարտ 1921ին, ­Պեր­լի­նի ­Չար­լո­թըն­պըրկ թա­ղին մէջ, օր-ցե­րե­կով, ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ա­նու­նով 25ա­մեայ հայ ե­րի­տա­սարդ մը ա­հա­բե­կեց ­Մեհ­մէտ ­Թա­լէաթ փա­շան՝ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ներ­քին գոր­ծոց ե­ղեռ­նա­գործ նա­խա­րա­րը։

Իր ­Ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տխրահռ­չակ դէմ­քե­րէն է Թա­լէաթ, որ իբ­րեւ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րող Իթ­թի­հա­տա­կան Ե­ռա­պե­տու­թեան գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ոչ միայն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը մխրճեց ան­հե­ռանկար ու կոր­ծա­նա­րար Աշ­խար­հա­մար­տին մէջ, այ­լեւ՝ աշ­խար­հա­սա­սան պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հէն «օգ­տո­ւե­լով»՝ հրա­հան­գեց գոր­ծադ­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ծրագ­րին։

Ինչ­պէս Իթ­թի­հա­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը, նոյն­պէս եւ ­Թա­լէաթ Պոլ­սէն փա­խուստ տո­ւաւ՝ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին չա­րա­չար պար­տու­թիւն կրած թրքա­կան պե­տու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար անձ­նա­պէս հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան կան­չո­ւե­լու եւ դա­տո­ւե­լու ան­խու­սա­փե­լի պար­տա­ւո­րու­թե­նէն խու­սա­փե­լու հա­մար։

Թա­լէաթ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պեր­լի­նի ­Չար­լո­թըն­պըրկ թա­ղը, ծպտո­ւե­ցաւ ու ինք­նա­թուղթ փո­խեց, որ­պէս­զի ոչ ոք գտնէր իր թագս­տո­ցը եւ ինք կա­րե­նար այդ­պէ՛ս, օ­րէն­քէ եւ ար­դա­րա­դա­տու­թե­նէ խոյս տո­ւած, «վա­յե­լել» իր յան­ցա­գործ կեան­քին «մեղ­քի պտուղ­ներ»ը։

Մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ­Թա­լէաթ թե­րեւս կա­րե­նար խու­սա­փիլ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու եւ մին­չեւ իսկ իր կոր­ծա­նա­րար իշ­խա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով ծանր կո­րուստ կրած թուր­քե­րու հե­տապն­դում­նե­րէն կամ «ար­դա­րա­դա­տու­թե­նէն»։ ­Բայց ­Թա­լէա­թի ձեռ­քե­րուն վրայ մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­րիւն կար եւ դեռ չէր չոր­ցած բիւ­րա­ւոր հայ նա­հա­տակ­նե­րու՝ հայ մայ­րե­րու եւ ե­րե­խա­նե­րու, հայ կոյ­սե­րու եւ ա­լե­հեր­նե­րու ա­րիւ­նը։

Եւ յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դին ու մէ­կու­կէս մի­լիոն մեր նա­հա­տակ­նե­րուն՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կել մեծ ջար­դա­րա­րը, հե­տապն­դեց ու գտաւ ­Թա­լէա­թը եւ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նը ու­ղար­կեց ­Պեր­լին, որ­պէս­զի հրէ­շի թագս­տոց-բնա­կա­րա­նին առ­ջեւ գե­տին փռէ հայ ժո­ղո­վուր­դի թիւ 1 ցե­ղաս­պա­նին։

Այս­պէ՛ս. 1919ի աշ­նան, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, տրո­ւե­ցաւ ո­րո­շու­մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մա­հա­պա­տի­ժին։ Ար­մէն ­Գա­րո­յի եւ ­Շա­հան ­Նա­թա­լիի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մո­ւե­ցաւ յա­տուկ ­Մար­մին՝ ծրագ­րե­լու, կազ­մա­կեր­պե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մը։ Եւ կեանք ա­ռաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու «­Նե­մե­սիս» (յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան Վ­րէ­ժի չաս­տո­ւա­ծին ա­նո­ւան հե­տե­ւո­ղու­թեամբ) գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։

Ճա­կա­տագ­րի դա­սա­ւո­րու­մով՝ մինչ այդ աշ­խար­հին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին ան­յայտ դաշ­նակ­ցա­կա­նի մը՝ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ ի­րա­գոր­ծու­մը ­Հայ­կա­կան Ար­դա­րա­հա­տուց­ման։
Եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­դատ՝ վրի­ժա­ռու բա­զու­կը խորհր­դան­շող ա­նու­նը դար­ձաւ Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան։

Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի դափ­նեպ­սա­կին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տի­րա­ցած դաշ­նակ­ցա­կան ա­հա­բե­կի­չը ծնած է 2 Ապ­րիլ 1896ին, Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Դա­րա­նա­ղեաց (­Կա­մախ) գա­ւա­ռի ­Վա­րի ­Բա­գա­ռիճ գիւ­ղը, Երզն­կա­յի մեր­ձա­կայ­քը։ ­Հայ­րը՝ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ երկ­րէն աք­սո­րո­ւած եւ ­Սեր­պիա հաս­տա­տո­ւած ­Խա­չա­տուր Թեհ­լի­րեան տա­րի­նե­րով պանդխ­տու­թեամբ հո­գաց ապ­րուս­տը Երզն­կա մնա­ցած իր կնոջ եւ հինգ զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնց կրտսերն էր ­Սո­ղո­մոն։

Սո­ղո­մոն իր ու­սու­մը ստա­ցաւ Երզն­կա­յի նախ ­Բո­ղո­քա­կա­նաց, ա­պա՝ «Եզ­նի­կեան» վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, իսկ 1912ին ա­ւար­տեց տեղ­ւոյն ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը, ուր իր ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ եւ փա­րե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան։

1913ին ­Սո­ղո­մոն ինք եւս մեկ­նե­ցաւ ­Սեր­պիա՝ հօր ու ա­նոր միա­ցած ըն­տա­նի­քին մօտ, որ­պէս­զի տա­րի մը ետք անց­նէր ­Գեր­մա­նիա՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ Բայց 1914ին պայ­թած Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը լրիւ փո­խեց կեան­քի ու­ղին նաեւ 18ա­մեայ ­Սո­ղո­մո­նի։ 1914ի աշ­նան, ծնող­քէն գաղտ­նի, ան ան­ցաւ ­Սո­ֆիա (­Պուլ­կա­րիա), ուր կը հա­ւա­քագ­րո­ւէին ­Կով­կաս կա­մա­ւոր եր­թա­լու պատ­րաստ ­Պալ­քա­նեան թե­րակղ­զիի պան­դուխտ թէ ու­սա­նող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։ Ս­կիզ­բը ըն­թացք չտրո­ւե­ցաւ ­Սո­ղո­մո­նի կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու դի­մու­մին, բայց ան յա­ջո­ղե­ցաւ, հօ­րը քա­նի մը նա­մակ­ներ ղրկե­լէ ետք, ստա­նալ ծնո­ղին գրա­ւոր թոյլ­տո­ւու­թիւ­նը իր կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լուն։

Հոկ­տեմ­բեր 1914ին, ­Սո­ղո­մոն հա­սաւ ­Թիֆ­լիս եւ միա­ցաւ ­Սե­պու­հի կա­մա­ւո­րա­կան վաշ­տին, որ մաս կը կազ­մէր Անդ­րա­նի­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ գոր­ծող Կա­մա­ւո­րա­կան Ա­ռա­ջին ­Գուն­դին։ Ե­րեք տա­րո­ւան կա­մա­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս թրծեց ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան դաշ­նակ­ցա­կան մար­տի­կի կեր­պա­րը։ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­զա­տագ­րու­թեան հետ, ­Սո­ղո­մոն հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը­ ու­նե­ցաւ այ­ցե­լե­լու նաեւ Երզն­կա, ո­րուն քա­րու­քանդ վի­ճակն ու ա­մա­յու­թիւ­նը խո­րա­պէս ցնցե­ցին զինք այն­քան ծան­րօ­րէն, որ իր կեն­սա­գիր­նե­րէն ­Կա­րօ Գէոր­գեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «ու­շա­թափ կ­’իյ­նայ գե­տին։ Ար­դա­րեւ, Երզն­կա­յի եւ շրջա­կայ­քի ամ­բողջ հա­յու­թեան հետ, նաեւ իր գեր­դաս­տա­նին 85 ան­դամ­նե­րը — մայ­րը, եր­կու եղ­բայր­նե­րուն կի­ներն ու զա­ւակ­նե­րը եւ մօ­տիկ ազ­գա­կան­նե­րը — սպան­նո­ւած էին 1915ին։ Իսկ ի­րենց տու­նը դար­ձած էր թրքա­կան հան­րա­կա­ցա­րան»։

Սե­փա­կան ըն­տա­նի­քին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ամ­բողջ հա­յու­թեան սպանդն ու հայ­րե­նի օ­ճա­խին եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­ւե­րու­մը ան­հուն ցա­սու­մով ու վրէժխնդ­րու­թեամբ հա­մա­կե­ցին ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ողջ էու­թիւ­նը։ ­Խո­րա­պէս ցնցիչ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին հիմք ծա­ռա­յեց, ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մէն ետք, ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին դա­տա­պաշ­տան ­Քըրթ ­Նայ­մէ­յը­րի (­Քո­լո­նեը հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­գի­տու­թեան դա­սա­խօս) կա­ռու­ցած պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նին։

1917ին, ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի փլու­զու­մէն եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջէն ետք, Թեհ­լի­րեան ան­ցաւ ­Կով­կաս։ Շր­ջե­ցաւ հիւ­սի­սա­յին ­Կով­կա­սի եւ Խ­րի­մի քա­ղաք­նե­րուն մէջ՝ նո­ւի­րո­ւե­լով ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ այդ ա­փե­րը ին­կած որ­բե­րու հա­ւաք­ման ու պատս­պար­ման աշ­խա­տան­քին։ Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ժա­մա­նա­կին թա­ւա­լու­մին հետ փո­խա­նակ սպիա­նա­լու, ­Թեհ­լի­րեա­նի սիրտն ու հո­գին խո­ցած վէր­քե­րը ա­ւե­լիով բոր­բո­քե­ցան։ ­Թեհ­լի­րեան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէի ո­րո­շու­մով 1920ի Ապ­րի­լին կա­տա­րեց ա­հա­բեկ­չա­կան իր ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­լով ­Պէ­շիկ­թա­շի տխրահռ­չակ թա­ղա­պետ ­Յա­րու­թիւն Մկր­տի­չեա­նը, որ գլխա­ւոր մեղ­սա­կի­ցը ե­ղած էր 24 Ապ­րիլ 1915ի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ձեր­բա­կա­լու­թեան։
Ա­հա­բե­կու­մէն ետք ան պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ անց­նիլ ­Փա­րիզ, ուր ապ­րուս­տի ա­պա­հով­ման հա­մար կօշ­կա­կա­րու­թիւն սոր­վե­ցաւ։ ­Բայց քա­նի մը ա­միս ետք կան­չո­ւե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թըն, Մ.­Նա­հանգ­ներ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան Ար­մէն ­Գա­րո­յի կող­մէ, որ կը ղե­կա­վա­րէր «­Նե­մե­սիս»ի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։

Ու­շագ­րաւ ման­րա­մաս­նու­թիւն է եւ «­Նե­մե­սիս»ի ար­խի­ւին հրա­պա­րա­կու­մէն ետք ծա­նօթ փաստ է, որ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ընտ­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած է վի­ճա­կաձ­գու­թեամբ եւ այդ­պէս է, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին վի­ճա­կո­ւե­ցաւ բախ­տը ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մին։

Ար­մէն ­Գա­րո­յի յանձ­նա­րա­րա­կա­նով՝ ­Թեհ­լի­րեան 1920ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցաւ Ժը­նեւ, ուր­կէ ան­ցաւ ­Պեր­լին (­Գեր­մա­նիա), ի գործ դնե­լու հա­մար ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման ծրա­գի­րը։
Ջար­դա­րար պա­րագ­լու­խը Ա­լի ­Սա­լէհ ­Պէյ ան­ցագ­րով ու ծպտո­ւած կ­’ապ­րէր ­Պեր­լի­նի Հայ­տէն­պէրկ փո­ղո­ցի վրայ։ ­Թեհ­լի­րեան, իբ­րեւ ու­սա­նող, սե­նեակ մը վար­ձեց ­Թա­լէա­թի տան ճիշդ դի­մա­ցը, ուր­կէ տե­ւա­կան հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռաւ ցե­ղաս­պան ճի­ւա­ղին շար­ժում­ներն ու կեն­ցա­ղը՝ ի­րենց յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ։ Եւ 15 ­Մարտ 1921ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, երբ ­Թա­լէաթ իր բնա­կա­րա­նէն դուրս գա­լով կը յա­ռա­ջա­նար մայ­թէն, ­Թեհ­լի­րեան հան­դի­պա­կաց մայ­թէն փո­ղո­ցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօ­տե­ցաւ ջար­դա­րա­րին եւ ճակ­տէն՝ ատր­ճա­նա­կի մէկ գնդա­կով գե­տին փռեց զայն։

Ան­ցորդ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան ­Թեհ­լի­րեա­նի վրայ, խոշ­տան­գե­ցին զայն՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ին­չո՛ւ օր-ցե­րե­կով բա­րե­համ­բոյր տես­քով այդ ե­րի­տա­սար­դը ա­հա­բե­կած եւ ան­շունչ գե­տին փռած էր ան­ծա­նօթ ան­ցոր­դը…
Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս կը նկա­րագ­րէ, ­Թեհ­լի­րեան ինք, հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ յա­ւեր­ժա­ցած Պա­հը ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման.

«Ա­ռա­ւօ­տը սո­վո­րա­կա­նից շուտ ե­լայ. ա­րե­ւի շա­ղե­րը ար­դէն հա­սել էին դի­մա­ցի շէն­քի պա­տու­հա­նին: ­Հա­զիւ էի ա­ւար­տել թէյս եւ ու­զում էի բազ­կա­թո­ռը մօ­տեց­նել պա­տու­հա­նի եզ­րին, երբ յան­կարծ դի­մա­ցի շէն­քի պատշ­գա­մում տե­սայ ­Թա­լէա­թին: Քա­րա­ցայ. նա՞ էր ար­դեօք: Ա­յո՛… ­Նա մէկ-եր­կու քայլ ա­ռաջ ան­ցաւ, ու­շա­դիր զննեց մայ­թը, նախ՝ վեր, ա­պա՝ վար, ու կար­ծես ի՜նչ մտքե­րի ծան­րու­թեան տակ՝ գլու­խը կա­խեց: Ըստ ե­րե­ւոյ­թին թե­թեւ չէր կեան­քը, գոր­ծած ան­պա­տում ոճ­րից յե­տոյ: Յա­մե­նայն դէպս, թէեւ ան­ցել էր հինգ-վեց տա­րի, բայց վա­խը ան­բա­ժան էր մնա­ցել նրա­նից։ Իր լայն ու­սե­րին կրում էր եր­կու հրա­պա­րա­կա­յին մա­հավ­ճիռ­ներ. ­Պոլ­սոյ պա­տե­րազ­մա­կան ա­տեա­նի եւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան:

Ա­ռա­ջի­նը, նրա հա­մար, հա­ւա­նա­բար ու­նէր բա­րո­յա­կան նշա­նա­կու­թիւն. փո­խա­նակ վեր հա­նե­լու իր «ազ­գա­նո­ւէր, մեծ գոր­ծը, հա­րա­զատ երկ­րի մէջ հա­րա­զատ­նե­րը դա­տա­պար­տում էին նրան մա­հուան, իբ­րեւ սո­վո­րա­կան ոճ­րա­գոր­ծի: ­Բայց ժա­մա­նա­կը կա­րող էր այդ «թիւ­րի­մա­ցու­թիւ­նը» պար­զել. ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը կը հաս­կա­նա­յին կա­տա­րած գոր­ծի ար­ժէ­քը, ե­թէ… ե­թէ չլի­նէր Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դա­տավ­ճի­ռը: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, չկա­րո­ղա­ցաւ այդ կու­սակ­ցու­թեան բո­լոր ղե­կա­վար­նե­րին բնաջնջել: Բայց ո՞վ մնաց իր ճա­նա­չած­նե­րից: ­Փաս­տօ­րէն մէկ հո­գի՝ ­Գա­րե­գին ­Փաստր­մա­ճեա­նը: Չէ՞ր յի­շում ար­դեօք իր վեր­ջին զրոյ­ցը նրա հետ… Լ­ծա­կի պէս հաստ դաս­տա­կը վեր տա­րաւ, ձեռ­քով ճա­կա­տը շփեց, ներս մտաւ: ­Նա­յե­ցի ժա­մա­ցոյ­ցին. տաս էր, Ուհ­լանտ գնա­լու իր սո­վո­րա­կան ժա­մը: ­Զէն­քը ա­ռի վրաս, պատ­րաստ դուրս գա­լու: ­Յան­կարծ նա յայտ­նո­ւեց դրան մօտ ու փղի պէս ծան­րօ­րէն սկսեց վար իջ­նել: Երբ դուրս ե­լայ փո­ղոց, դի­մա­ցի մայ­թով ար­դէն բռնել էր Ուհ­լան­տի ու­ղին: ­Սա­ռը դա­տո­ղու­թիւ­նը ինձ ա­սում էր, որ այս ան­գամ ան­կա­րող պի­տի լի­նի ա­զա­տո­ւել ձե­ռիցս. բայց եւ յու­զու­մը բազ­մա­լե­զու ա­ղա­ղակ­նե­րով փո­թոր­կում էր ինձ.- «­Հա­սի՛ր, վա­զի՛ր, ան­ցի՛ր միւս մայ­թը ու, շե­ղա­կի կռնա­կից, մէջ­քի՛ն, գլխի՛ն, շո՛ւտ, ան­ցի՛ր փո­ղո­ցը»… ­Մայ­թից ի­ջայ փո­ղոց՝ յե­տե­ւը անց­նե­լու հա­մար, բայց յան­կարծ մի բան յետ մղեց ինձ. հա­զար ան­գամ պար­զո­ւած բա­ցո­րոշ բա­նը այդ պա­հին մէ­կէն ի մէկ կաս­կա­ծե­լի թո­ւաց. նա՞ է ար­դեօք… «Ան­ցի՛ր դի­մա­ցը, դի­մա՛­ցը, դի­մա՛­ցը, ուղ­ղա­կի ճա­կա­տի՛ն, շո՛ւտ, շո՛ւտ, շո՛ւտ, վա­զի՜ր»… Դի­մա­ցի մայ­թով հա­ւա­սա­րո­ւե­ցի նրան, ա­րագ քայ­լե­րով բա­ւա­կան յա­ռա­ջա­ցայ. ան­ցայ նոյն մայ­թը, ուս­կից գնում էր նա: ­Յետ դար­ձայ: ­Մօ­տե­նում էինք ի­րար: ­Նա գա­լիս էր ճե­մե­լու ձե­ւով՝ ձեռ­նա­փայ­տը ան­փոյթ ճօ­ճե­լով:

Մի կարճ տա­րա­ծու­թիւն մնա­ցած՝ զար­մա­նա­լի ան­դոր­րու­թիւն հա­մա­կեց էու­թիւնս: Հա­ւա­սա­րո­ւե­լու վրայ, ­Թա­լէա­թը շեշ­տա­կի նա­յեց ինձ. աչ­քե­րի մէջ առ­կայ­ծեց մա­հո­ւան սար­սու­ռը: ­Վեր­ջին քայ­լը բե­կուեց. մի քիչ թե­քո­ւեց, որ խու­սա­փի, բայց զէն­քը դուրս քա­շելս ու գլխին պար­պելս մէկ ե­ղաւ… ­Թա­լէա­թը հա­րո­ւա­ծից կար­ծես ցցո­ւեց ու մի ակն­թարթ հզօր մար­մի­նը պրկո­ւեց ձիգ, բայց ե­րե­րուն. ա­պա՝ սղո­ցո­ւած կաղ­նու բու­նի պէս ե­րե­սի վրայ տա­պա­լո­ւեց թնդիւ­նով… Բ­նաւ չէի կա­րող ե­րե­ւա­կա­յել, որ այդ­պի­սի դիւ­րու­թեամբ գե­տին պի­տի փռո­ւի գա­զա­նը: ­Մի վայր­կեան մղում ու­նե­ցայ բո­լոր գնդակ­նե­րը պար­պե­լու մէջ­քին, բայց փո­խա­նակ կրա­կե­լու, ատր­ճա­նակս նե­տե­ցի: ­Սեւ, թանձր ա­րիւ­նը վայր­կեա­նա­պէս լճա­ցաւ ­Թա­լէա­թի գլխի շուրջ. կար­ծես ջար­դո­ւած ա­նօ­թից մա­զութ էր դուրս թափ­ւում… ­Բայց լճա­ցող ա­րիւ­նը կար­ծես դիւ­թել էր ինձ: …­Մայ­թի վրայ նոյն դիր­քում ըն­կած էր հրէ­շը: …­Հա­մա­կո­ւած էի հո­գե­կան այն­պի­սի մի ներ­քին գո­հու­նա­կու­թեամբ, ո­րի նմա­նը չէի ապ­րել եր­բեք: Ար­ճի­ճի պէս վրաս ծան­րա­ցած տե­ւա­կան մղձա­ւան­ջը չքա­ցել էր յան­կարծ: Ա­մէն բան փո­խո­ւել էր կար­ծես. կաշ­կան­դո­ւած հո­գիս ա­զատ ու լայ­նար­ձակ թռչում էր. կար­ծես էու­թեամբ ձեր­բա­զա­տո­ւած՝ մտքերս շրջան էին ա­նում աշ­խար­հի բո­լոր ծա­նօթ ան­կիւն­նե­րում…» (­Մի­նա­խո­րեան ­Վա­հան, «­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան. ­Վեր­յի­շում­ներ», «­Յու­սա­բեր», ­Գա­հի­րէ, 1956)։

Շա­հան ­Նա­թա­լի կը վկա­յէ, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին յանձ­նա­րա­րած էր ա­հա­բե­կու­մէն ետք փա­խուստ չտալ եւ յանձ­նո­ւիլ գեր­մա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց, որ­պէս­զի աշ­խար­հով մէկ դա­տո­ւէր եւ իր հետ դա­տա­վա­րու­թեան են­թար­կէր ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը։ ­Թեհ­լի­րեան ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ եւ աղմ­կա­լից դա­տա­վա­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ։ Գեր­մա­նա­կան դա­տա­րա­նը հաս­տա­տեց, որ ա­հա­բե­կու­մի են­թար­կո­ւած «զո­հը»՝ ­Թա­լէաթ իս­կու­թեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դա­հիճ էր ու, ա­ւե­լի՛ն, դահ­ճա­պետ էր, ո­րուն ու­սե­րուն կը ծան­րա­նար ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Փաս­տօ­րէն ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան կրկնա­կիօ­րէն պատ­մու­թիւն խտաց­նող խորհր­դա­նիշ դար­ձաւ 15 ­Մարտ 1921ի իր ­Հա­րո­ւա­ծով եւ ­Ցե­ղաս­պան ­Թուր­քը խորհր­դան­շող ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մով։ ­Նախ՝ մարմ­նա­ւո­րեց հա­յոց Ար­դար ­Դա­տաս­տա­նին վճի­ռը գոր­ծադ­րող բա­զու­կը։ Ա­պա՝ խորհր­դան­շեց ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։
Հա­յաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րի դա­տա­կան մի­ջազ­գա­յին ար­ծարծ­ման ա­ռըն­չու­թեամբ կ­’ար­ժէ նոյն­քան կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշել, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը իր ժա­մա­նա­կա­կից ի­մաս­տով գոր­ծա­ծու­թեան յանձ­նած ­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քին ուղ­ղա­կի ներշն­չո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թե­նէն։ ­Լեմ­քին յայտ­նա­գոր­ծեց ի­րա­ւա­գի­տա­կան «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը իբ­րեւ պա­տաս­խան՝ անձ­նա­պէս իր եւ ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կու­թեան խիղ­ճը տան­ջող այն մեծ հար­ցա­կա­նին, թէ ին­չո՞ւ մէկ մար­դու ա­հա­բեկ­ման հա­մար կը դա­տո­ւէր ­Թեհ­լի­րեան ա­նուն հայ ե­րի­տա­սար­դը, մինչ ան­դին դատ ու դա­տաս­տա­նի են­թար­կո­ւած չէր մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու ­Թա­լէա­թը…

Մարտ 15ը այս ա­ռու­մով եր­րա­կի՛ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի ­Պահ է հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Ն.
azator.gr

Այսօր Սողոմոն Թեհլիրյանի կողմից Թալեաթի սպանության 97-րդ տարին է

Սողոմոն Թեհլիրյանի գերեզմանի հուշարձանը Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանոցում

Այսօր լրանում է հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրյանի կողմից Թալեաթ փաշայի սպանության 97-րդ տարին:

1921 թվականի մարտի 15-ին Թեհլիրյանը մասնակցում է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության «Նեմեսիս» գործողությանը՝ Բեռլինի Շառլոտենբուրգ թաղամասի Հարդենբերգ փողոցում գնդակահարելով երիտթուրքերի ներքին գործերի նախարար և Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշային:

Երկուսուկես ամիս անց դատարանում գերմանացի փաստաբան դոկտոր Դիմայերը իր պաշտպանական ճառում ասելու էլ. «Սողոմոն Թեհլիրյանը ինքը չէր, որ փողոց կիջներ Թալեաթ փաշային սպանելու, իր մեջ կիջնեին դարերը, միլիոնավոր սպանվածները: Նա, կարելի է ասել, կտաներ իր առջև դրոշակը խոշտանգվածների, դրոշակը իր լլկված ընտանիքի»:

Դատավարության ժամանակ Թեհլիրյանն ասում է. «Այո, ես մարդ եմ սպանել, բայց մարդասպան չեմ»:

Նրա դատավարության արդյունքներին սրտատրոփ հետևել է համաշխարհային հանրությունը։ Գերմանական դատարանը Թեհլիրյանին անմեղ է ճանաչել` «արդյո՞ք Թեհլիրյանը մարդ է սպանել» հարցին տալով «ո’չ» պատասխանը։

* * *

Ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրյանի հուշարձանը Շիրակի մարզի Մարալիկ համայնքում

Թալեաթին սպանելուց հետ Թեհլիրյանը ձերբակալվում է, սակայն 1921թ. հունիսի 3-ին ազատ է արձակվում դատարանի դահլիճից, որտեղ նրան պաշտպանում էր Յոհաննես Լեփսիուսը:

Դատարանի նախագահ- Դուք ձեզ ինչո՞ւ հանցավոր չեք համարում:

Թեհլիրյան- Ինքս ինձ հանցավոր չեմ համարում, որովհետև խիղճս հանգիստ է:

Նախագահ- Խիղճդ ինչո՞ւ է հանգիստ:

Թեհլիրյան- Մարդ եմ սպանել, բայց մարդասպան չեմ:

Նախագահ- Թալեաթ փաշային ուզում էի՞ք սպանել:

Թեհլիրյան- Այս հարցը չեմ հասկանում: Ես նրան արդեն սպանել եմ:

Նախա‎գահ- Ուզում եմ ասել` նրան սպանելու ծրագիր ունեի՞ք:

Թեհլիրյան- Ես որևէ ծրագիր չունեի:

Նախագահ- Ե՞րբ արթնացավ այդ գաղափարը:

Թեհլիրյան- Դեպքից մոտ երկու շաբաթ առաջ ինձ շատ վատ էի զգում, ջարդերի պատկերները աչքերիս առաջ էին: Մորս դիակը տեսա: Այդ դիակը ոտքի ելավ, կանգնեց առջևս և ասաց ինձ. դու տեսար, որ Թալեաթը այստեղ է ու անտարբե՞ր ես մնում:

Նախագահ- Իսկ դուք ի՞նչ արեցիք:

Թեհլիրյան- Հանկարծ արթնացա և որոշեցի այդ մարդուն սպանել:

yerkir.am

Տպել Տպել