«Հայրենիք»ի խմբագրական. «Մենք Ենք Մեր Լեռները» Քէփիթըլ Հիլի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներ բազմիցս այցելած են Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներ եւ բնականաբար մայրաքաղաք Ուաշինկթընը: Սակայն, հակառակ քաղաքական բնոյթ ունեցող այս այցելութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շարունակ լուսանցքի տակ ձգած է այս այցելութիւնները եւ կարելի եղածին չափ հեռու պահած՝ քաղաքական բեմահարթակէն:

Հազուադէպօրէն ալ ծայրայեղ մօտեցում մը կիրարկուած է, երբ ո՛չ միայն դռները փակ մնացած են Արցախի ներկայացուցիչներու առջեւ, այլեւ մուտքի արտօնութիւնն անգամ մերժուած է:

Մարտ 14-ին, տարբեր իրողութիւն մը, տարբեր իրադարձութիւն եւ իրավիճակ պարզուած էր Ուաշինկթընի մէջ:

Այո՛, այդ օր «Մենք ենք մեր լեռները» բարձր դռնէն մուտք գործած էին Քէփիթըլ Հիլ, ուր պատշաճօրէն դիմաւորուած էին Նոր Աշխարհի խորհրդարանականներուն կողմէ:

«Մենք ենք մեր լեռները»՝ Արցախը ներկայացած էր իր նախագահով ու բազմանդամ պատուիրակութեամբ: Նախագահ Բակօ Սահակեան բեմահարթակ բարձրանալով յստակօրէն ներկայացուց հիմնահարցը: Անոր արտասանած խօսքերը զուսպ եւ իրապաշտ էին: Ծայրայեղութիւն, չափազանցութիւն կամ յերիւրածոյ մեկնաբանութիւններ չկային: Ան ելոյթ կ՛ունենար այն երկրին մէջ, որ ուղղակիօրէն, եւ հետեւողական կերպով, օժանդակութիւն տրամադրող միակ պետութիւնն է: Հետեւաբար, նախագահ Բակօ Սահակեան իր երախտապարտութիւնը յայտնեց ամենայն գոհունակութեամբ եւ անկեղծութեամբ։

Ան չմոռցաւ նաեւ յիշեցնելու, թէ Սպիտակ Տունը Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը դատապարտող եւ օրինաւոր ձեւերով հաշիւ պահանջող ռահվիրաներէն մէկը եղած է:

«Մենք ենք մեր լեռները» երկրի նախագահը շարունակ շեշտեց, թէ ամէն գնով պէտք է կասեցնել պատերազմական մթնոլորտը, Պաքուի կողմէ շարունակաբար կատարուած յարձակողական քաղաքականութիւնը, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ռազմական բնագաւառներուն մէջ:

Աւելի՛ն. նախագահ Սահակեան անդրադարձաւ այլ կարեւոր երեւոյթի մը՝ ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցչական Տան անդամներու հետեւողական այցելութիւնները Արցախ:

Քափիթըլ ժամանած էին բազմաթիւ խորհրդարանականներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք եկած էին նշելու Արցախի 30-ամեակը:

Սպասելի էր Պաքուին հակազդեցութիւնը, որ արդէն իսկ բողոքագիր մը յանձնած է Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին: Բռնատէր Ալիեւն ու իր մանկլաւիկները քննադատած են այսպիսի հաւաքի մը կազմակերպումն ու յատկապէս նախագահ Բակօ Սահակեանի տեսակցութիւնները բազմաթիւ քոնկրէսականներու հետ:

Կարաւանը կը շարունակէ իր ընթացքը…: Արցախցիի նկարագրին մէջ չկայ պարզ շնորհակալութեամբ կամ գոհունակութեամբ բաւարարուիլ, եւ առ այդ յիշատակի պարգեւներ շնորհուեցան քանի մը խորհրդարանականներու, որոնք հետեւողական ձեւով թիկունք կանգնած են «Պապիկին ու Տատիկ»ին:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել