Հայաստանի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Ցանկութիւն Ունեցող Լիբանանցի Գործարարներու Թիւը Մեծ Է

Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին բաւական աշխուժութիւն կը նկատուի: Փետրուարին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայաստան, վերջերս Լիբանան այցելեց Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան: Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ատիկա պատահական չի նկատեր: «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ Լիբանանի ու Հայաստանի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը կու գայ դարերու խորքէն, ներկայիս նոր ազդակ կը հաղորդուի երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն:

Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի` Լիբանան կատարած այցելութեան մասին, Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ անիկա շատ կարեւոր է տնտեսական մարզին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան աշխուժութիւն հաղորդելու համար: «Վերջին շրջանին Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւններու աշխուժութեամբ կը վերահաստատուին երկու ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւնները: Երկու կողմերուն մօտ կը մատնանշուի միասին գործակցելու նախանձախնդրութիւնը: Հիմնականին մէջ կ՛իրականացուին քննարկումներ տնտեսութեան մարզին մէջ յաւելեալ աշխատանքի ուղղութեամբ: Յատկապէս զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ», ըսաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ վարչապետի այցելութեան շրջագիծին մէջ ընդգծուեցան ներդրումային ծրագիրներու հետ կապուած, ինչպէս նաեւ լիբանանցի եւ հայաստանցի գործարարներու յարաբերութիւններու փոխշահաւէտ գործակցութեան վերաբերող հարցերը: Այստեղ ան կարեւոր նկատեց Հայ-լիբանանեան ներդրումային հիմնադրամի ստեղծման պայմանաւորուածութիւնը, որուն մասին խօսուեցաւ վարչապետին Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նկատել տուաւ, որ Լիբանանը խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին է, եւ յառաջիկայ օրերուն դժուար թէ գործնական քայլեր ըլլան, սակայն նշեց, որ երկու երկիրներու միացեալ աշխատանքին նոր թափ հաղորդելու պարարտ հողը ստեղծուած է: «Վստահաբար, տակաւին կանուխ է յստակ գործողութիւններու մասին խօսիլ, սակայն այս փուլին յստակ կրնանք ըսել, որ պարարտ հողը ապահովուած է: Այդ առիթը պէտք չէ փախցնել եւ թիրախային աշխատանք պէտք է տանիլ բոլոր ուղղութիւններով, այսինքն` աշխատիլ գործարարներու հետ, մանրամասն, ներկայացնել Հայաստանի մէջ գործարար միջավայրի հետ կապուած ներդրումային ծրագիրներուն վերաբերող հարցերը: Հայաստանի հետ աշխատելու քարոզչութիւնը պէտք է զանգուածային ձեւով կատարուի: Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու ցանկութիւն ունեցող լիբանանցի գործարարներուն թիւը մեծ է, սակայն միաժամանակ Լիբանանը կ՛ակնկալէ, որ հայաստանցի գործարարները եւս ներդրումներ կատարեն», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Ան այս հոլովոյթին մէջ հայ համայնքի կառոյցները աշխուժօրէն ներգրաւելը անհրաժեշտ նկատեց: «Վարչապետի օրակարգը բաւական յագեցած էր, ցաւօք, ժամանակ չգտնուեցաւ հայ համայնքի մեծ թիւով ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում կազմակերպելու` առկայ հարցերը քննարկելու համար: Ինչպէս կը տեսնէք, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն նոր թափ հաղորդելու առիթը կայ, եւ շատ կարեւոր կ՛ըլլայ, եթէ այդ գործին մէջ Լիբանանի հայութիւնը, գործող հայկական կառոյցները եւս ներգրաւուին, բոլորս ալ պատրաստ ենք այդ աշխատանքը կատարելու», աւելցուց ան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել