Կոչ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացում Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթողին:

28 մայիս 1918-ի պատմադրոշմ ու հայրենակերտ նուիրագործումը համահայկական տարողութեամբ եւ համազգային հնչեղութեամբ կը նշուի այս տարի: Հայրենի պետութիւնը այս առիթով կազմակերպած է ծրագիրներ` Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական ու քաղաքական նշանակութիւնը շեշտադրելու եւ լուսարձակի տակ բերելու առաջադրութեամբ: Սփիւռքի մէջ հայկական համայնքները նաեւ իրենց կարգին յառաջիկայ ամիսներուն կազմակերպած են զանազան նախաձեռնութիւններ:

Լիբանանահայ գաղութի պարագային այս թուականի նշումը կը պարփակէ շատ աւելի խորիմաստ պատգամ ու թելադրականութիւն, որովհետեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներուն կարեւոր մէկ մասը հետագային հաստատուեցաւ Լիբանան եւ հիմնական դերակատար դարձաւ համայնքի հաւաքական կեանքի կազմակերպման: Այսօ՛ր, այդ նուիրեալներէն պատկառելի թիւ մը իր յաւիտենական հանգիստը գտած է այս հայրենիքին մէջ:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ բարձրացած այս նոր յուշակոթողը Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց մատրան կողքին կոչուած է դառնալու մնայուն յուշարար մը հայութեան վերապրումի ու վերականգնումի աննահանջ երթին եւ յարգանքի մնայուն արտայայտիչ` 28 մայիսը կերտած բազում հերոսներուն եւ նուիրեալներուն:

Հետեւաբար, կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտի՛ր, չորեքշաբթի, 21 մարտին ներկայ գտնուելու այս պատմական իրադարձութեան եւ հաղորդուելու 28 մայիսի անժամանցելի պատգամով ու խորհուրդով:

Ժողովուրդին փոխադրութիւնը դիւրացնելու համար հայկական տարբեր թաղամասերու մէջ պիտի տրամադրուին փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 4:00-ին ժողովուրդը պիտի փոխադրեն Անթիլիասի մայրավանք:

Փոխադրակառքերու կեդրոններ`

– Ազգային ծերանոցին դիմաց, ժողովրդային շէնքեր, Պուրճ Համուտ
– «Արին» կեդրոն, Պուրճ Համուտ
– Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին դիմաց, Պուրճ Համուտ
– «Թեհլիրեան» ակումբ, Ամանոս
– Երկաթէ կամուրջին մօտ, Հաճըն
– ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոն, Տըպպայէ
– Ֆանարի ժողովրդային տուներ
– Ռաուտայի ժողովրդային տուներ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել