Ինչպէ՞ս Նուազեցնել Աղքատութիւնը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կարօ Արմենեան

Ի վերջոյ պէտք է ընդունիլ, որ աղքատութեան ներկայ ծաւալները չեն կրնար մշտնջենական ըլլալ Հայաստանի մէջ։ Անոնք Կառավարութեան (կամ մեզի) պիտի չսպասեն «բարելաւուելու» համար։ Մենք ունինք ուշիմ, տաղանդաւոր եւ ձեռներէց ժողովուրդ մը, որ ձեռնածալ պիտի չնստի եւ պիտի չսպասէ, որ պետական համակարգը բարեհաճի մաքրել տնտեսութիւնը իր մակաբոյծներէն (մենաշնորհի տէրերէն)։ Ան դուրս պիտի գայ իր հայրենի տնտեսութենէն եւ պիտի գաղթէ։ Հայաստանի կողքին նստած է Ռուսաստանի հսկայածաւալ տնտեսութիւնը, որ անյագ ախորժակ մը ունի հայկական աշխատուժին համար։ Այս վերջինը իր տարերային մագնիսութեամբ պիտի շարունակէ խմել մեր աշխատուժը եւ հետզհետէ հալեցնել աղքատութեան ծաւալները Հայաստանի մէջ։ Մենք, որպէս ազգ, ոչինչ ընելու պարտադրանքին տակ կը գտնուինք, եթէ մեր միակ նպատակը աղքատութիւնը չքացնելն է… Այդ հարցը լուծուած համարեցէք։ Աղքատութեան հարցը լուծելու ամէնէն հեշտ ձեւը այս է։ Հարցը ինքզինք պիտի լուծէ։

Բնականօրէն այս ձեւը կը կացինահարէ մեր երկրի լինելիութեան արմատները եւ հետևաբար մենք պարտաւորուած ենք այս դիւրին ճամբան մերժելու։ Մենք պարտաւորուած ենք մեծ քանակութեամբ ԻՐԱԿԱՆ աշխատատեղեր ստեղծելու եւ այդ մէկը կարելի է միայն ազգային եկամուտի վերաբաշխման հարցը լուծելով։ Այսինքն տնտեսութեան ներքին վերաներդրումային հոլովոյթը առողջացնելով, որ իր կարգին կ՚ենթադրէ մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդումը, մրցակցային դաշտի վերականգնումը, տնտեսութեան շնչերակներու վերաբացումը։

Խնդիրը այն է սակայն, որ պետական համակարգը այլեւս ձգձգման լուսանցքներ չունի։ Աղքատութեան հարցի լուծման առաջին կերպարը (model), որ վերեւ նկարագրուած տարերային կերպարն է, արդէն իր աշխոյժ ընթացքին մէջ է։ Պետական համակարգը այդ խոյացող վայրաշարժին ետեւէն ՀԱՍՆԵԼՈՒ խնդիր միայն ունի այսօր։ Լոզունգներն ու բանաձեւերը վարկաբեկուած են ի սկզբանէ։ Արագ, վճռական, արմատական և արդիւնաւէտ գործի ժամանակն է։ Արդէն շատ խօսուեցաւ այն մասին, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ ՀՀ վարչապետը յառաջիկայ Ապրիլին։ Ով ալ, որ ըլլայ, պէտք է յստակ գիտնայ, որ արդէն իսկ ետ մնացած է ինք։ Արդէն իսկ ժամանակը սկսած է քալել իր քաղաքականութեան վրայէն։ Ասիկա այն վարչապետն է — եւ այն կառավարութիւ՛նը — որ մեղրալուսին պիտի չունենայ։ Այն Վարչապետն է, որ ընդդիմութիւն չունի, բայց ունի հուժկու ախոյեան մը իր դիմաց։ Հայկական աշխատուժին համար մրցող ռուսական եւ համաշխարհային շուկա՛ն։

Եւ այս անհաւասար (բայց տակաւին յուսալի) պայքարին մէջ զինք իր թիկունքէն հարուածողը ոչ այլ ոք է, քան իր անմիջական մերձաւորութեան մէջ գտնուող մենաշնորհային համակա՛րգը։ Այսքան պա՛րզ։

Մարտ21, 2018

Ուաշինկթըն

asbarez.com

Տպել Տպել