Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակի Համահայկական Համաժողովին Բացումը Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եռօրեայ համաժողովը: Համաժողովը կը հովանաւորէ Արամ Ա. կաթողիկոս` ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի: Համաժողովը կը վարեն նախագահներ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Երուանդ Փամպուքեան: Համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի զանազան շրջաններէն Անթիլիաս եկած պետական դէմքեր, ակադեմականներ եւ հասարակական գործիչներ:

Յոտնկայս ունկնդրելէ ետք Հայաստանի, Արցախի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քայլերգները, դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա բեմ հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը, որպէսզի իր Հայրապետական պատգամը ուղղէ եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարէ խորհրդաժողովը:


Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունելէ ետք ներկաները նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը եղած է եւ միշտ կը մնայ Աստուծոյ, հայ ժողովուրդին, Հայաստանին ու Արցախին, ինչպէս նաեւ հայ ազգի գերագոյն արժէքներուն ու ձգտումներուն ծառայութիւնը. հետեւաբար պատահական չէ, որ նման խորհրդաժողով մը տեղի ունենայ կաթողիկոսարանին մէջ: Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ հայ եկեղեցին հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներուն մեր ժողովուրդի կեանքին հետ սերտօրէն առնչուած է եւ բոլոր իրագործումներուն մէջ իր առանցքային դերն ու տեղը ունեցած: Ան անհրաժեշտ նկատեց հայ եկեղեցին դիտել ու արժեւորել իբրեւ հայ ազգին եկեղեցին եւ հայ ազգին ծառայութեան լծուած Աստուծոյ ներկայութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը սովորական երեւոյթ մը չէր, ինչպէս սովորական երեւոյթ պէտք չէ ստանայ անոր նշումը, որովհետեւ Հայաստանի այս անկախացումը յաջորդած է թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին եւ թէ՛ համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն, հետեւաբար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը նախ եւ առաջ մեր ժողովուրդին համար պէտք է դառնայ յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն այն բոլոր հայորդիներուն նկատմամբ, որոնք գրիչով, խօսքով, գործով, ծառայութեամբ եւ արիւնով անկախութիւն կերտեցին:

Խօսելով խորհրդաժողովին մեթոտաբանութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ պէտք չէ դէպքերը դիտել միակողմանի, զգացական կամ քաղաքական ոսպնեակներէն, այլ զանոնք պէտք է դիտել քննական ու գիտական մօտեցումով: 28 մայիս 1918-ն առիթ է արժեւորումի ենթարկելու ընդհանրապէս վերջին հարիւրամեակը եւ յատկապէս Ա. Հանրապետութիւնը` իր ծալքերով, տարածքներով, շրջապատային պայմաններով, աշխարհաքաղաքական շահերով, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցան դէպքերու ու դէմքերու հոլովոյթին վրայ: Պատմութիւնը պէտք է համապարփակ կերպով քննել եւ արժեւորել, որպէսզի ճիշդ կերպով հունաւորենք մեր ներկան եւ մանաւանդ ապագան: Այս պէտք է դառնայ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած այս համահայկական համաժողովին նպատակը, յայտնեց վեհափառ հայրապետը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս թուեց երկու կենսական անդրադարձներ.

Ա) Ներդրումը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան այն ղեկավարներուն, որոնք անկախութեան անկումէն ետք գալով Լիբանան, լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ունեցան կարեւոր դերակատարութիւն, ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ. անոնք են` Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Կարօ Սասունի, Աւետիք Սահակեան (Հայր Աբրահամ) եւ Սիմոն Վրացեան:

Բ) Անկախացումի անկումէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` Հայաստանի եռագոյն դրօշին, անոր խորհուրդին ու պատգամին հաւատարիմ մնալը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եռագոյնի խորհուրդին մէջ տեսաւ հայ ժողովուրդի անկախութեան երազը եւ ազատ անկախ Հայաստանը վերակերտելու պատգամը:

Վեհափառ հայրապետին խօսքէն ետք կարդացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղերձը, ուր կարեւորութեամբ շեշտուած է Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը ամբողջ աշխարհին համար բարդ ու խրթին իրադարձութիւններուն մէջէն: Հանրապետութեան նախագահը յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով հայերը ո՛չ միայն վերապրեցան, այլ նաեւ գտան զարգացման ճամբայ մը, որուն երեւոյթը քաղաքական ու հոգեբանական ոստում մը կը ներկայացնէ: Ուղերձը շեշտը դրած է նաեւ երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցող անկախութեան հերոսական ըլլալուն մասին, իսկ այսօր զայն իւրացնելու ու ապագայի նկատմամբ աւելի խոհեմ գործելու հրամայականին մասին:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ արտասանելով իր խօսքը յայտնեց, որ պետականութեան վերականգնումը սոսկ հռչակագիր ու օտարին կողմէ մեզի մատուցուած պարգեւ մը չէր, այլ ընդամէնը երեք տարի առաջ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի վերապրումն էր, որ իր մէջ ո՛չ միայն ուժ գտաւ տէր կանգնելու իր սեփական ճակատագիրին ու երկրին, այլ նաեւ վճռորոշ ճակատամարտերուն մէջ ջախջախեց ցեղասպան թշնամին: Նախագահ Սահակեան նշեց, որ պարտաւոր ենք միշտ յիշել մեր մեծերը, որոնք մեր պատմութեան ճակատագրական այդ ժամանակաշրջանին մասնակից եղան հայրենիքի պաշտպանութեան: Ան յատուկ կերպով յիշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսին Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցութիւնը:

Կարդացուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին խօսքը, ուր ան կը յայտնէ, որ պետականութեան վերականգնումը մղիչ ու ոգեւորիչ ուժ դարձաւ համայն հայութեան համար, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի նուիրական ու վեհ ձգտումներուն վկայութիւն` կառուցելու համար ժողովրդավարական, իրաւական ու ընկերային պետութիւն եւ ազատ ու արդար հասարակական կեանք: Ասիկա հիմք դարձաւ, որ հայ ժողովուրդը 1991 թուականին անգամ մը եւս հռչակէ ազատ ապրելու իր իրաւունքը եւ հայրենիքի սահմանները պաշտպանէ թշնամիներու ոտնձգութիւններէն:

Կարդացուեցաւ ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին խօսքը, ուր շեշտուած էր հայ ժողովուրդին քրիստոնեայ դիմագիծին ու Յիսուս Քրիստոսի կեանքի օրինակին հետեւելուն հրամայականը: Խօսքին մէջ հոգեւոր տէրը ընդգծած էր, որ հայ ժողովուրդը իր գոյապայքարը մղած է կրօնի եւ հայրենիքի համար ու առանց կորսնցնելու իր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը առ Աստուած, ապաւինած է անպարտելի Քրիստոսին: Ան շեշտը դրած էր միաբան եւ միակամ ու ազգին գերագոյն շահերէն մեկնելու հրամայականին մասին:

Աւարտին, վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան արտասանեց իր խօսքը: Վերապատուելին մաղթեց, որ համաժողովը անկախ պետականութեան արժէքը հիմնաւորող ու անոր ի խնդիր միացեալ աշխատանք հունաւորող ուժեղ ազդակ հանդիսանայ: Ան յայտնեց, որ հայրենիքը ո՛չ միայն հող ու մշակոյթ է, այլ ամէն բանէ աւելի աստուածատուր պարգեւ է մարդուն, հետեւաբար պէտք է անսակարկ ծառայութեամբ եւ զոհաբերութեամբ արժեւորել մեր պատկանելիութիւնը անոր, որպէսզի կարենանք միանալ զայն պահողներուն շարքին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել