Ցուցարարներ Ծեծած Էրտողանի 15 Թիկնապահներէն 11ին Դէմ Ամբաստանութիւնները Ետ Քաշուած Են

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ».- Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատախազութիւնը գաղտնաբար կասեցուցած է անցեալ տարի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներ ծեծած Թուրքիոյ նախագահի 15 թիկնապահներէն 11ին քրէական հետապնդումը՝ պնդելով, որ անոնց մէկ մասը սխալ կերպով ամբաստանուած էր, իսկ միւս մասին դէմ բաւարար փաստեր չկան։

Թիկնապահներուն բռնարարքները եւ անոնց հետապնդումը յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծած էին արդէն իսկ ոչ նախանձելի վիճակի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ: Դիւանագիտական շրջանակներ յոյս կը յայտնեն, որ այս որոշումը կը նպաստէ թուրք-ամերիկեան կապերու բարելաւման։

Մարտ 22ին բացայայտուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ բռնարարքներու դիմած 15 թիկնապահներէն չորսին դէմ ամբաստանութիւնները վերցնելու հայցով դատախազութիւնը դատարան դիմած էր անցեալ տարուան Նոյեմբերին, իսկ այս տարուան Փետրուար 14ին՝ հրաժարեալ արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի Անգարա այցէն մէկ օր առաջ, կասեցուած է նաեւ 7 այլ թուրք թիկնապահներու դատական հետապնդումը: Այս վերջին խումբին մէջ կայ նաեւ Էրտողանի թիկնապահներու պետին անունը:

Անգարայի մէջ, Թիլըրսըն Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցած է Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ կատարուած ամբաստանութիւններու հետապնդումը կասեցնելու ջանքերուն մասին՝ այդ ջանքերը Անգարայի մտահոգութեանց լրջութեամբ մօտենալու Ուաշինկթընի անկեղծութեան ցուցանիշ մը համարելով։

Յիշեցնենք, որ երկու երկիրները լուրջ տարակարծութիւններ ունին նաեւ Սուրիոյ քրտական ուժերը զինելու ամերիկեան որոշումին գծով։

Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ ամբաստանութիւնները կատարուած էին անցեալ տարուան Մայիսին, անոր Ամերիկա այցին ընթացքին, Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ տեղի ունեցած բախումներէն ետք: Տեսանիւթերու մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Էրտողանի թիկնապահները բռունցքներով եւ ոտքերով կը հարուածեն ցուցարարները, մինչ ոստիկաններ կը փորձեն կողմերը իրարմէ բաժնել: Այդ միջադէպին իբրեւ հետեւանք առնուազն 9 ցուցարարներ եւ 3 ոստիկաններ վիրաւորուած էին: Էրտողանի դէմ ցոյցին մասնակցած էին քիւրտեր, հայեր, ասորիներ եւ այլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներ։

Անցեալ տարուան Յունիս 6ին, Ներկայացուցիչներու տունը խստօրէն դատապարտեց թրքական այս բռնարարքը, իսկ Յուլիս 14ին վաւերացուց քոնկրեսական Տէյվ Թրաթի առաջադրած՝ Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր ծախելու ծրագիրը կասեցնելու մասին յաւելուածը: Տեղի տալով քոնկրեսական ճնշումներուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը աւելի ուշ ետ քաշեց Էրտողանի թիկնապահներուն զէնքեր ծախելու առաջարկը:

29 Օգոստոս 2017ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէկ ատեանը, ատելութեան հիման վրայ ոճրագործութեամբ ամբաստանեց 19 հոգի, ներառեալ՝ Էրտողանի 15 թիկնապահները: Ատելութեան հողի վրայ յարձակում իրականացնելու յանցանքով, ամբաստանեալները կրնան մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

asbarez.com

Տպել Տպել