Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ 21 մարտ 2018-ին ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովը երէկ` 23 մարտին աւարտեց իր աշխատանքները:

Ընդամէնը տասը նիստերէ բաղկացած համաժողովին վերջին չորս նիստերը քննեցին 1918 թուականէն 1991 թուականներուն ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ինչպէս` Ղարաբաղի Ազրպէյճանին յանձնումը, 1960-70-ական թուականներուն Հայաստանի այլախոհական շարժումները եւ խորհրդային կարգերուն ներքեւ անկախութեան գաղափարի պահպանումը (զեկուցաբերներ` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, դոկտ. Ամատունի Վիրապեան, Միքայէլ Հաճեան, ատենապետ` դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան): Նիստերը նաեւ յաջորդաբար քննարկեցին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ Հայաստանի անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը (զեկուցաբերներ` տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, փրոֆ. Էդիկ Մինասեան եւ դոցենտ Խաչատուր Ստեփանեան, ատենապետ` Շահան Գանտահարեան), անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը հայ մշակոյթին մէջ (դոկտ. Գուրգէն Վարդանեան, փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, Կարօ Յովհաննէսեան, դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, ատենապետ` Ժիրայր Դանիէլեան), եւ վերջապէս` հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Հայաստանի անկախութեան կերտման, պահպանման ու հզօրացման մէջ (զեկուցաբերներ` դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան, ատենապետ` վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան):

Նշենք, որ իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, ինչպէս նաեւ համաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում եւ համաժողովի արժեւորում:

Համաժողովին պաշտօնական փակումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ իր խօսքին մէջ նախ եւ առաջ գնահատեց համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներն ու ժողովականներուն ներկայութիւնը, որոնց շնորհիւ իրականացաւ նշանակալից եւ բարձրորակ եռօրեայ համաժողով. վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամները` Երուանդ Փամպուքեանը, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, Շահան Գանտահարեանը, Կիրօ Մանոյեանը, Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը եւ Խաչիկ Տէտէեանը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ համաժողովի ընթացքին արտայայտուած տարբեր կարծիքները, մտածումները եւ նշումները հարստացուցիչ էին, մինչ միաձոյլ ու միատեսակ կարծիքներ, մանաւանդ երբ անոնց մէջ զգացական գիծը աւելի շեշտուած է, քան գիտական ու քննական մօտեցումը, կրնան նոյնիսկ քանդիչ ըլլալ: Արամ Ա. կաթողիկոս աւելցուց, որ այս տարբերութիւններէն վեր պէտք է համախմբուած մնալ սրբազան արժէքներու շուրջ, որոնք կը կազմեն հայ ինքնութեան հէնքը:

Եզրափակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Պատմութիւնը թուականներու ու դէպքերու ամբողջութիւն մը չէ, այլ անոր ետին գտնուող զարգացումներն են, որոնք ժողովուրդին ինքնութիւն կու տան եւ ազգ կը դարձնեն»: Պատմական դէպքերուն պատմաքաղաքական դիտանկիւններէ պէտք է նայիլ ու վերլուծել: Փաստօրէն, Մայիս 28-ն հայ ժողովուրդի անկախութեան հաւաքական տենչն ու խոյանքի արտայայտութիւնն է, որուն շնորհիւ մենք կարողացանք ունենալ 1991-ի 21 սեպտեմբերը, յայտնեց վեհափառ հայրապետը:

Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պատմաբաններ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը եւ Երուանդ Փամպուքեանին պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարձրագոյն կարգի շքանշանով` Իշխանի շքանշանով: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատմաբանները յարգանքի արժանի են իրենց տարած աշխատանքին համար: Ան նշեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանին մօտ ըլլալով երկուքը շատ բան սորված են անկէ ու դարձած են ազատ, անկախ Հայաստանի առաքեալներ: Անոնք մօտ ու գործակից եղած են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, յատկապէս Երուանդ Փամպուքեանը:

Համաժողովի փակումէն ետք ժողովականները բարձրացան Պիքֆայա եւ այցելեցին Ս. Աստուածածին վանք, ուր շրջեցան դպրեվանքին մէջ ու տեղեկացան անոր կրթական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ վանքի շինարարական աշխատանքներուն մասին: Ապա, հիւրասիրութեամբ դպրեվանքին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, ուր գեղարուեստական ելոյթով հանդէս եկաւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը: Հուսկ, վեհափառ հայրապետը յուշանուէր մը յանձնեց բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին:

Նշենք, որ համաժողովին զեկուցումները պիտի հրատարակուին առանձին հատորով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել