Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1921) Մամուլի Թուայնացուած Օրինակները` Մայիսին

Օրին յայտնած էինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, «Ազդակ» պիտի թուայնացնէ 1918-1921 լոյս տեսած մամուլի հաւաքածոները. աւելի ճշգրիտ` այն թիւերը, որոնք կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի մամուլի արխիւին մէջ:

Այդ մամուլի նկարահանուած ելեկտրոնային օրինակները «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ կը գտնուին թուայնացման վերջին փուլին մէջ` որոնման համակարգի տեղադրման իմաստով:

Մայիսին արդէն հայ մամուլի հետազօտողը «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանէն կրնայ օգտուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1921) ընթացքին լոյս տեսած մամուլի հետեւեալ ներկայացուցիչները իր տրամադրութեան տակ ունենալով.

* «Ճակատամարտ» օրաթերթ, Պոլիս,
1918-1921

* «Նոր աշխատաւոր», Թիֆլիս
1919 յուլիսէն 1920 օգոստոս, օրինակներ 8/9/10/12/13

* «Զանգ», Երեւան, 1917-1919
Եռօրեայ

* «Հայաստանի աշխատաւոր» 1919 ապրիլէն սեպտեմբեր
օրինակներ. 27/30/ ապրիլ

4/7/9 մայիս

* «Նոր հորիզոն» 1918
Նոյեմբեր 20/21/22/23/24/26/27/28/29/30
Դեկտեմբեր 1/3/4/6/7/8/10/11/12/14/17/18

* «Հորիզոն» Թիֆլիս
1918 մայիսէն նոյեմբեր, օրինակներ. 1/5/9/10/11/12/14/15/16

aztagdaily.com

Տպել Տպել