Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985). Հայ քաղաքական մտքի պետական հասունացման դրօշակիրը

Մարտ 28ի չարաբաստիկ այդ թուականէն ասդին թէեւ անցած են երկար տարիներ, որոնց ընթացքին ամբողջ աշխարհակարգ մը փոխուեցաւ, այսուհանդերձ՝ մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ դեռ չէ սպիացած գաղափարական այն խոցը, որ առաջացաւ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման, անհետացման ու սպանութեան անարգ ոճիրով։

Երկար տարիներ անցած են ա՛յս օրէն՝ 28 Մարտ 1985էն ի վեր, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ, հայադաւ ուղեղ մը յղացաւ, պատուիրեց ու օտարի ձեռքով «իրագործեց» առեւանգումը Մարդու, Հայու եւ Դաշնակցականի յանդուգն մարմնաւորումը հանդիսացող Սարգիս Զէյթլեանի։

Թէեւ դեռ լրիւ պարզուած ու հրապարակուած չեն ստոյգ մանրամասները Դաշնակցութեան ղեկավար վերջին սերունդի այս ակնառու ներկայացուցիչին առեւանգման ու սպանութեան անարգ ոճիրին, այսուհանդերձ՝ որոշապէս «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ» անունին տակ թաքնուած հակադաշնակցական տարրերու վրայ կը ծանրանայ պատասխանատուութիւնը հայադաւ այդ յանցագործութեան։

Այդ առումով՝ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման ու սպանութեան առեղծուածին ամբողջական ու սպառիչ լուսաբանումը տակաւին կը սպասէ իր ժամանակին։ Ինչպէս մերօրեայ, նոյնպէս եւ վաղուան հայոց սերունդներուն համար, անկասկա՛ծ, պէտք է բացուին ծալքերը այդ աններելի ոճիրին, որպէսզի ոչ միայն երբեւիցէ չկրկնուի նման հայադաւութիւն, այլեւ՝ հաւաքական մեր յիշողութեան մէջ վերջնականապէս սպիանայ ամօթի այդ խարանը։

Իր 25րդ Ընդհանուր Ժողովին, 1992ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, յատուկ յայտարարութեամբ մը, վեր կանգնեցաւ 28 Մարտ 1985ի ոճիրին բացած խոր վէրքէն եւ մեր ժողովուրդի սերունդներուն յանձնեց Աւանդը Ս. Զէյթլեանի՝ պատգամելով, որ

– «Ս. Զէյթլեանը էր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ՝ հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով (իր ընկերակից՝ Կ. Գոլանճեանի հետ միասին) առեւանգուելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով։ Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական մտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, ինչպէս նաեւ իր գործով ու օրինակով, Ս. Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին»։

Բազմաշնորհ տաղանդով օժտուած ղեկավար գործիչը եղաւ Ս. Զէյթլեան, որ 1930ին ծնած էր պատմական Մուսա Լերան Խտըր Պէկ գիւղը։ Մեծ մայրը՝ Վարդերը 1915ի Մուսա Լերան հերոսամարտին կռուած հայ հերոսուհիներէն էր։ Հայրը՝ Թովմասը, հերոսամարտի շրջանին տակաւին պատանի, իբրեւ սուրհանդակ մասնակցած էր թրքական յարձակման դէմ մղուած մարտերուն, իսկ երեք տարի ետք, միանալով Ֆրանսական բանակի կողքին կազմուած Հայկական Լեգէոնին, մասնակցած էր 1918ի Արարայի յաղթական ճակատամարտին։

Բառին իրաւ եւ հարազատ իմաստով մուսալեռցի էր Ս. Զէյթլեան։ Եւ ուսումն ու հանրային ծառայութիւնը ո՛ւր որ ալ տարին եւ պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրքի վրայ ալ կանգնեցուցին Սարգիս Զէյթլեանին՝ ան միշտ գործեց լեռնական հայ գիւղացիի պարզ պայծառամտութեամբ, խրոխտ նկարագրով եւ անդրդուելի ազգայնականութեամբ։

Կեանքը չօգնեց, որ Ս. Զէյթլեան համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանայ։ Ստիպուեցաւ բաւարարուիլ Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց»ին եւ Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին ջամբած հայագիտական պատրաստութեամբ։ Բայց ե՛ւ իր ուսումնատենչութեամբ ու ինքնաշխատութեամբ, ե՛ւ Յակոբ Օշականի, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի ու Կարօ Սասունիի տարողութեամբ մեծ Ուսուցիչներու շունչով կազմաւորուելու իր բախտաւորութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան մտաւորական նախանձելի պաշարի տիրացաւ եւ իր ողջ կեանքը իմաստաւորեց հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, հայ քաղաքական մտքի դեգերումներն ու հայ ազգային ինքնութեան բազմակողմանի զարգացումը ուսումնասիրելու անսպառ եռանդով։ Եւ այդ պաշարով՝ Սարգիս Զէյթլեան համարձակ քայլերով իր ուղին հարթեց հայ իրականութեան մէջ։

Բացառապէս սփիւռքի մէջ գործեց, բայց հայ ժողովուրդի հայրենական կեանքի առօրեան, ազգային-քաղաքական ու հասարակական-մշակութային իր բոլոր խնդիրներով, անբաժան մասն ու կիզակէտը դարձուց սփիւռքահայու իր աշխարհին։ Միայն իրեն չպահեց գաղափարական ու հոգեմտաւոր այդ ջերմեռանդ առօրեան, այլ անսակարկ բաշխեց իր ընթերցողներուն, իր դպրոցական աշակերտներուն, դաշնակցական իր ընկերներուն եւ, լայն ընդգրկումով, աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան, որոնց բոլորին հասնելու յարատեւ ճիգը խթանեց իր մարտունակութիւնը՝ մնայուն վերելքի մը վերածելով իր կեանքը՝ ազգային-քաղաքական գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ եւ մակարդակներուն վրայ։

1954ին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ, Եգիպտոս, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»ի խմբագրական կազմին միանալու համար։ Մօտէն ծանօթացաւ ու գործակցեցաւ Վահան Նաւասարդեանի ղեկավարութեամբ «Յուսաբեր»ի շուրջ խմբուած հայ մտաւորական փաղանգին՝ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի տարողութեամբ խմբագիրներու հետ։ «Յուսաբեր»ի դպրոցը արմատաւորեց ազգայնաշունչ մտաւորականի, քաղաքական գործիչի եւ դաշնակցական ղեկավարի նկարագիրն ու պատրաստութիւնը Սարգիս Զէյթլեանի մէջ։ Նոյն տարիներուն նաեւ կրթական մշակ եղաւ Գահիրէի Ազգային «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, ուր պաշտօնակից ունեցաւ իր կեանքի հետագայ ընկերուհին՝ ծանօթ մտաւորական Սոնա Սիմոնեանը, որուն հետ 1957ին ընտանեկան իրենց բոյնը կազմեցին եւ ունեցան չորս զաւակներ՝ Սալբի, Հրազդան, Կարին եւ Հեղնար։

1958¬1959ին, Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք, Սարգիս Զէյթլեան նշանակուեցաւ «Յուսաբեր»ի խըմբագիր եւ մնաց այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1962, երբ ընտանեօք վերադարձաւ Լիբանան եւ հաստատուեցաւ Այնճար, ուր ստանձնեց Ազգային «Յառաջ» վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Թէ՛ ազգային¬գաղափարական շունչով սերունդ հասցնելու, թէ՛ «Յառաջ»ը Գոլէճի մակարդակին բարձրացնելու եւ թէ, ընդհանրապէս, Այնճարի հայութեան հաւաքական կեանքն ու դաշնակցական կազմակերպութիւնը վերաշխուժացնելու առումներով բեղմնաւոր եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի գործունէութեան այնճարեան շրջանը։

Լայն ու ընդգրկուն հորիզոնի տէր անհատականութիւն էր Զէյթլեան, որ քանի մը տարի ետք ընտանեօք հաստատուեցաւ Պէյրութ։ Կարճ ժամանակով միացաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, միաժամանակ՝ պատասխանատու պաշտօն վարեց Համազգայինի մէջ։ Շուտով եղբայրներուն հետ ընտանեկան գործ հաստատեցին ազատ ասպարէզի մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւնը ընձեռեց Սարգիս Զէյթլեանի, որպէսզի լիաժամ նուիրուի մտաւորական աշխատանքի եւ ազգային¬կուսակցական եռուն գործունէութեան։

Ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ. Կոմիտէի անդամ, ստանձնեց նաեւ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը եւ, միաժամանակ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի կողքին խմբագիր նշանակուեցաւ 1969ին իր վերահրատարակութիւնը սկսած Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին, որ լիբանանեան մամլոյ օրէնքի սահմանափակումներուն հետեւանքով՝ այդ շրջանին լոյս տեսաւ «Ազդակ Շաբաըօրեակ¬Դրօշակ» անունով։

Պատասխանատուութեան այդ զոյգ մակարդակներուն վրայ Սարգիս Զէյթլեան եղաւ ճառագայթող ներկայութիւն։ Իր ղեկավարութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ. Կոմիտէն, 1970ականներու սկզբնաւորութեան, քաղաքական մեծ յաջողութիւններ նուաճեց պետական դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի հետապնդման ճակատներուն վրայ։ Իսկ «Դրօշակ»ի էջերուն իր հրապարակած խմբագրականներով եւ ազգային¬քաղաքական յօդուածաշարքերով, Ս. Կալեան եւ Ս. Զէյթլեան ստորագրութիւններով, հիմնական ներդրում ունեցաւ մեր ժամանակներու հայ ազգային գաղափարաբանութեան եւ դաշնակցական ռազմավարութեան մշակումին ու հունաւորումին մէջ։

Տեսակէտ ունեցող, ուղի հարթող եւ գաղափարական պայքար առաջնորդող հեղինակութիւն էր Սարգիս Զէյթլեան, որ իբրեւ այդպիսին, 1972ին, Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր Ժողովին, ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ այդ պատասխանատուութեան վրայ, անսակարկ նուիրաբերումով, գործեց եւ ուղի հարթեց մինչեւ վերջին շունչ՝ մինչեւ իր դէմ գործուած առեւանգումի եւ սպանութեան անարգ ոճիրը։

Բիւրոյական իր գործունէութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան ոչ միայն դաշնակցական աշխարհասփիւռ մամուլին ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնեց եւ անոր արդիականացման եւ ուժեղացման մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ, այլեւ՝ իր առանձնայատուկ դրոշմը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ծրագրի այժմէական վերամշակումին ու վերահաստատման մէջ, Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազգային¬ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդներուն, ազգային¬յեղափոխական եւ ընկերվարական¬ժողովրդավարական ակունքներուն ուրոյն համադրումը իրագործելու առումներով։

Վճռորոշ եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի ներդրումը նաեւ ու մանաւանդ սփիւռքահայ առօրեան ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆի բաբախումով ջերմացնելու մեծ գործին մէջ։ Յատկապէս իր հետեւողական հրապարակումներուն եւ անոնց ներշնչած ուղղութեան շնորհիւ, դաշնակցական մամուլը մնայուն իր լուսարձակին տակ պահեց Հայաստանի պարտադրուած խորհրդային կաշկանդումներն ու այլասերումները։ Ի հեճուկս խորհրդային ամբողջատիրութեան կողմէ կատարուած ազգային մեր արժէքներու ուծացման եւ ինքնալքութեան բոլոր ճնշումներուն ու հալածանքներուն, Սարգիս Զէյթլեանի մղումով մեր մամուլը անկաշառ ու անկաշկանդ դրօշակիրը դարձաւ հայրենի հայութեան, յատկապէս անոր ազատախոհ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան ազգային զարթօնքի պոռթկումներուն։

Արդարեւ, Սփիւռքի քաղաքական եւ յեղափոխական զարթօնքի յաղթ հոսանքին մէջ, որուն առաջատար շարժիչը եղաւ Դաշնակցութիւնը 1970ականներուն, Սարգիս Զէյթլեան յատուկ դեր ունեցաւ հայրենի երիտասարդ գործիչներու եւ ազատախոհ մտաւորականութեան հետ կապերու հաստատման եւ սերտացումին մէջ։ Այդ մասին վկայութիւնները չեն պակսիր 1988էն ետք հրապարակ իջած հայրենի գործիչներու բանաւոր թէ գրաւոր խոստովանութեանց մէջ։

Մարտ 28 է դարձեալ եւ հակառակ անոր, որ երկար տարի անցած է տարաբախտ մեր ընկերոջ անհետացումէն ասդին, բոլորս՝ մեր սրտերուն մէջ եւ ակռաներուն տակ կսկիծն ու ցասումը զսպած՝ կը խոնարհինք օրինակին եւ վաստակին առջեւ հայ ժողովուրդի ազգային¬քաղաքական եւ կուսակցական-մտաւորական յանդուգն ու ղեկավար գործիչին՝ Սարգիս Զէյթլեանի մեծութեան առջեւ։

Արդէն յուշատետրի ամենամեայ էջերէն մէկը դարձած է Մարտ 28ին ոգեկոչումը Սարգիս Զէյթլեանի եւ այսօրուան էջը կþարժէ եզրափակել այն վկայութեամբ, որ Սարգիս Զէյթլեան նաեւ եղաւ դրօշակիրը հայ քաղաքական մտքի պետական հասունացման թռիչքին։

Տակաւին այն ժամանակներուն, երբ խորհրդային լուծի տակ՝ ազգային պահանջատիրութեան իր ձայնը լսելի դարձնելու բռնատիրական արգելքի տակ կը գտնուէր հայրենի հայութիւնը, Սարգիս Զէյթլեան հանդիսացաւ յառաջամարտիկներէն մէկը Դաշնակցական Մտքի զարթօնքին, որ Հայաստանի խորհրդային իրականութենէն անդին անցնելու եւ Հայ Դատի պայքարին հայրենի պետական կռուանը հզօրացնելու հրամայականը սեւեռակէտ դարձուց։

Հայաստանի անկախութեան վերանուաճումին եւ հայոց ազգային պետականութեան լիիրաւ վերականգնումին սեւեռող դաշնակցական ռազմավարութիւնը իր նորօրեայ հունաւորումը ստացաւ նաեւ ու մանաւանդ Սարգիս Զէյթլեանի շունչով։

Ն.

Տպել Տպել