Ակնարկ. Ներառական-Հիպրիտային Պատերազմ` Ռուսիոյ Դաշնութեան Դէմ

Դիւանագէտներու արտաքսման պատերազմը թափ կը հաւաքէ: Իրադրութիւններու եւ յատկապէս ռուս դիւանագէտներ արտաքսելու իրերայաջորդ որոշումներուն կշռոյթը մտածել կու տայ, որ ոչ թէ բրիտանական որոշումի զօրակցութեան եւ արագ արձագանգումներուն մասին է խօսքը, այլ առաւելաբար նախապէս համաձայնեցուած արտաքսման գործողութիւններու շարքի մը առարկայացման:

Ռուսիոյ դէմ շղթայազերծուած դիւանագիտական հարթութեան վրայ այս համալիր գործողութիւնները կարելի է դիտարկել տնտեսական պատժամիջոցներով սկսած Ռուսիան մեկուսացման առաջնորդող ընդհանուր ծրագիրի քաղաքական պարունակին մէջ: Առաջադրանք կայ Ուաշինկթընի կողմէ, որ այսօր արդէն վերածուած է ընդհանրապէս Արեւմուտքի ընդհանուր քաղաքականութեան` ռուսական գործօնի չէզոքացումը իրականացնելու ամէնէն ազդեցիկ եղանակներով:

Ռուսիոյ մեկուսացման միտող գործողութիւնները ունին ֆինանսատնտեսական, ռազմական եւ այժմ դիւանագիտական ուղղութիւններ: Ֆինանսատնտեսականը պատժամիջոցներու մեթոտով իրականացուող, ռազմականը` Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիներու մէջ պատերազմական գործողութիւններ ծաւալելով, եւ այժմ դիւանագիտականը` ռուս դիւանագէտներու զանգուածային արտաքսումներով:

Փորձենք կեդրոնանալ այս վերջին պատերազմի մեթոտին վրայ` անմիջապէս ընդգծելու համար, որ դիւանագէտներու արտաքսումը դեռեւս դիւանագիտական կապերու խզում չէ: Դիւանագիտական կապերու իրողական առկախում կարելի է նկատել եղածը, որ բնականաբար կ՛ունենայ իր հակադարձութիւնը: Պաշտօնական Մոսկուան յայտարարած է արդէն, որ Ուաշինկթընը կը քանդէ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու վերջին կամուրջը եւ նոյն Ուաշինկթընը կը հասկնայ միայն ուժային միջոցներով:

Յայտարարողական մակարդակի վրայ ըստ էութեան սպառնական ոճ է Մոսկուայի օգտագործածը: Դիւանագէտներու արտաքսման որոշումին դիմաց տուեալ երկիրը դիւանագիտական պատերազմի հակահարուած կու տայ` արտաքսելով իր մօտ գտնուող արտաքսող պետութեան դիւանագէտները: Այս մասին բարձրաձայնած է արդէն Մոսկուան:

Բայց Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը չի բաւարարուիր արտաքսում- արտաքսումի դիմաց գործողութեամբ: Կը յայտարարէ, որ Ուաշինկթընին բան հասկցնել կարելի է միայն ուժային միջոցներով: «Միայն»-ը այստեղ ռազմաքաղաքագիտական նոր եզրաբանութեամբ օգտագործուող հիպրիտային պատերազմէն կ՛ընտրէ ռազմական բաղադրիչը:

Անշուշտ քաղաքական տրամաբանութեամբ սպառնական ոճը չի նշանակեր համապատասխան քայլի դիմել: Ի վերջոյ ուժային եղանակները կրնան վերաբերիլ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ գերտէրութիւններու ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցութեամբ մղուող պատերազմներուն: Հիմնականը` Սուրիոյ մէջ:

Այստեղ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը իր ռազմական գործողութիւնները ծաւալելու համար ընդհանուր համաձայնութեան եկած ըլլալ կը թուի Անգարայի հետ: Իսկ այս հիմնահարցին ուղղութեամբ Անգարան դատապարտեց Բրիտանիոյ մէջ ռուս նախկին լրտես Սերկէյ Սքրիփալի թունաւորումը` նշելով, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը «մարդկութեան դէմ ոճիր» է: Աւելցնելով, որ յանցագործները պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ կանգնին արդարադատութեան առջեւ:

Հիմա պահ մը շրջանցենք մարդկութեան դէմ ոճիրի եւ այդ յանցագործութեան համար արդարադատութեան առջեւ պատասխան տալու անհրաժեշտութեան մասին խօսողին պետական կենսագրութեան փաստը` նկատի ունենալու համար քաղաքական կարեւոր շրջանցումներ, որոնց կը դիմէ պաշտօնական Անգարան:

Անգարայի դատապարտանքին մէջ հասցէականութիւն չկայ: Յայտարարութեան մէջ աւելին ալ ըսուած է, թէ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ են եւ Անգարան չի պատրաստուիր արտաքսումի պատերազմին միանալու:

Անգարան տակաւին ծրագիրներ ունի իրականացնելիք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Տակաւին պէտք է Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ համաձայնեցուած գործողութիւններու ձեռնարկումը: Քաղաքական այլ պահու, իր ռազմավարական այլ դաշնակիցներուն նման Անգարան կրնայ ուշացումով յիշել, որ քիմիական զէնքի կիրարկման ետին ո՛վ կանգնած է` ո՛չ միայն Եւրոպայի մէջ, այլ նաեւ այլ տարածաշրջանի:

Զանգուածային ոչնչացման զէնքերու առկայութեան մատնանշումները կամ քիմիական զինատեսակի օգտագործումներու հաւանական վտանգները, թունաւորումի դէպքերը առաջին եւ միակ անգամը չէ, որ կը մատնանշուին կամ կը գործադրուին: Անոնք տեղի կու տան պատերազմներու, ներխուժումներու, պատժամիջոցներու կամ այս պարագային դիւանագէտներու հաւաքական արտաքսումներու, երբ քաղաքական համալիր ծրագիր մը իրականացնելու կարեւոր փուլերու անցում կը կատարուի: Կը թուի, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ համալիր ծրագիր կեանքի կոչուած է ներառական-հիպրիտային պատերազմի տեսքով:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել