ՀՅԴ-ի կազմակերպած կլոր-սեղանները՝ «Ի՞նչ ապագայ ֆրանսահայութեան համար» նիւթին շուրջ

Շաբաթ, Մարտ 24-ին Փարիզի քաղաքապետարանի լսարանին մէջ կայացան Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած երեք կլոր-սեղանները հետեւեալ նիւթերով.-

– «Հայկական ինքնութիւնը Ֆրանսայի մէջ՝ ժառանգութեան եւ արդիականութեան միջեւ»։
– «Հայեցի դաստիարակութիւնը՝ ի՞նչ բովանդակութեամբ եւ ի՞նչպիսի միջոցներով»։
– «Ինչպէ՞ս դիմագրաւել հայ ժողովուրդի քաղաքական գրաւարկները (enjeux)»։

Առաջին կլոր սեղանին մասնակցեցան գրող եւ երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեան, «Ֆրանս-Արմէնի»-ի խմբագիր Վարուժան Մարտիկեան, գրող եւ լրագրող Տիգրան Եկաւեան եւ ֆրանսահայ թեմի անդրանիկ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան։ Այս վերջինը ընդգծեց դպրոցի կարեւոր դերը՝ լեզուն եւ մշակոյթը փոխանցելու առումով, նկատի ունենալով որ ընտանիքները հետզհետէ աւելի քիչ կը զբաղին այդ աշխատանքով։ “Հոն ուր հայկական դպրոց կայ պահպանուած է հայկականութիւնը”, նշեց Սրբազան հայրը, աւելցնելով որ ատիկա վճռորոշ է պատմութեան հետ կապը պահելու համար։ Իր կարծիքով Սփիւռքի ամենէն մեծ սխալը այս խնդիրը աչքաթող ընելն է։ Ան յիշեցուց մամուլի եւ լրատու աղբիւրներու կարեւորութիւնը՝ Հայութեան զանազան խաւերը տեղեկացնելու ուղղութեամբ։

Տիգրան Եկաւեան նկատել տուաւ որ լսատեսողական միջոցներն ու ժապաւէնները փոխանցման հրաշալի գործիքներ են, որոնք առիթ կու տան երիտասարդներուն՝ իրենք զիրենք ճանչնալու եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու։ Ի տես ներկայի արագընթաց ժամանակին, ան շեշտեց նոր ուղիներ նուաճելու հրամայականը, որպէսզի երիտասարդութեան նոր հոսանքները հետաքրքրուին ինքնութեան նորօրեայ ծալքերով։

Իր ելոյթի ընթացքին Վահէ Պէրպէրեան շեշտեց հայկական ժառանգութիւնը փոխակերպելու եւ անոր ծանրակշիռ հէնքը դրականի վերածելու, երիտասարդութիւնը զոհի մտայնութենէն ձերբազատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի վերջինս անդրադառնայ թէ «Հայ ըլլալը կրնայ գեղեցիկ ու ցանկայարոյց (sexy) ըլլալ»։ Ըստ անոր, այնքան ատեն որ հայկական ինքնութիւնը կ՚առընչենք կարծր եւ լուրջ կեցուածքներու, մենք փակուած կը մնանք ինքնութեան պատնէշին ետին եւ այլեւս անօգուտ կ՚ըլլայ «երիտասարդութեան ծախել բան մը որու կարիքը չունի»։ Թատերական ու գեղարուեստական դիտանկիւնով ան շեշտեց Հայութեան ստանձնած դերին կարեւորութիւնը, որ ազդեցութիւն կը գործէ իր ինքնութեան վրայ, մէջբերելով Քըրթ Վոնկըթ ճիւնիըրի-ի հետեւեալ խօսքը. «Ուշադի՛ր՝ այն ինչին, որ կը յաւակնիս ըլլալ, քանի դուն՝ ա՛յն ես, ինչ որ կը յաւակնիս ըլլալ»:

Վարուժան Մարտիկեան խօսեցաւ ֆրանսական եւ հայկական աշխարհի վերամիաւորման անհրաժեշտութեան մասին, ըսելով որ այս երկուքը իրարու հետ կը շփուին առանց իրապէս միմեանց դիմակայելու։ Ատոր համար –ըստ բանախօսին– անհրաժեշտ է համախմբել մասնագէտներ, որոնց փորձաքննութեան արդիւնքը պէտք է դրուի հաւաքական կազմակերպութեան մը տրամադրութեան տակ՝ որ կարենայ ծառայել իբրեւ մշակութային կամուրջ։ Ան եւս անդրադարձաւ փոխանցման հարցին, ըսելով, թէ՝ «այսօր փոխանցումը այլեւս արեան պարտք չէ, այլ հաճոյք է, իմաստութեանց որոնում»։ Մարտիկեանի կարծիքով հայկական ինքնութիւնը պէտք է կարենայ դիմակայել իրականութեան բոլոր եզրերը՝ քաղաքական, մշակութային եւ մտաւորական մարտահրաւէրներու ճամբով։

Երկրորդ կլոր-սեղանը՝ «Հայեցի դաստիարակութիւնը՝ ի՞նչ բովանդակութեամբ եւ ի՞նչ միջոցներով», կ՚առընչուէր Ֆրանսայի մէջ հայկական դաստիարակութեան։ Այս նիւթին շուրջ տեսակէտներ յայտնեցին Հրանդ Տինք ֆրանքեւհայկական դպրոցի մանկավարժական բաժնի պատասխանատու Կարապետ Տագէսեան, համալսարանի դասախօս Անահիտ Տօնապետեան, Երեւանի Թումօ կեդրոնի տնօրէնուհի Մարի-Լու Փափազեան եւ «Նոր Յառաջ»-ի տնօրէն Ժիրայր Չոլաքեան։

Ա. Տօնապետեան անդրադարձաւ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներու խնդիրներուն՝ դուրսէն դիտողի հայեացքով։ Ան յիշեցուց, որ այդ դպրոցները առաջին հերթին երկլեզու վարժարաններ են, որոնք կը հետեւին երկրի ազգային կրթական ծրագրին եւ ուր հայերէնը միա՛յն շաբաթը քանի մը ժամ կը դասաւանդուի, ինչ որ գոհացուցիչ չէ անշուշտ։ Տիկ. Տօնապետեան դիտել տուաւ, թէ որոշ դասատուներ, յաճախ, ճիշդ ձեւով դասաւանդելու պատրաստութիւնը չունին եւ շատեր չեն ըմբռներ երախայի ներաշխարհը։ Ան պաշտպանեց այն տեսակէտը, որ պէտք է աշակերտի կարիքներու հիման վրայ ծրագիր մշակել՝ որդեգրելով կրթական նոր մեթոտներ։ Ընդգծեց նաեւ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին միջեւ վստահութեան պակասը, եթէ վերջինս կը փափաքի իր դասաւանդման ծրագրին մէջ նոր մօտեցումներ ներառել։ Ան ընդգծեց թիրախային նախաձեռնութիւնները բազմապատկելու անհրաժեշտութիւնը՝ երախային լեզու սերմանելու նպատակադրումով, նկատի ունենալով որ «անոնք կարիք չունին հայերէն խօսելու եւ անոնց լեզուն զարգանալու շատ քիչ հնարաւորութիւն ունի»։ Միւս կողմէ, Տօնապետեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ եւրոպական Master հիմնելու իր ծրագրին մասին՝ «Erasmus»-ի ծիրէն ներս։

Կարապետ Տագէսեան իրավիճակը ներսէն ապրողի իր տեսակէտները յայտնեց կրթական կառոյցներու վերաբերեալ։ Ան մատնանշեց նիւթական միջոցներ գտնելու դժուարութիւնները եւ պետութեան կողմէ պարտադրուած՝ հայկական եօթը դպրոցներու ղեկավարման պայմանները, որոնք կը համախմբեն շուրջ 1300 աշակերտներ։ Այս թիւը նոյնիսկ եթէ յառաջիկայ քառասուն տարիներուն տասնով բազմապատկուի, դարձեալ անբաւարար է։ Տագէսեան նաեւ յիշեցուց, որ լեզուն նախ ընտանիքի եւ համայնքային կեանքի փոխադարձ ազդեցութեան արգասիքն է։ Այս առումով ան ներկայացուց երախայի մօտ այն երկընտրանքը որ դեր ունի լեզուի ընտրութեան մէջ՝ իր ներաշխարհը արտայայտելու համար։ Դասախօսին կարծիքով՝ երեւոյթը բառապաշարի հարց է. մինչ ֆրանսացի աշակերտը հազարաւոր բառերով կը զարգացնէ իր բառապաշարը, հայերէն խօսող եւ հայերէն սորվող երախան արդեօք կը համարձակի՞ հայերէնով արտայայտուիլ՝ իր սահմանափակ բառապաշարով։
Ժիրայր Չոլաքեան ընդգծեց կրթութիւնը ընդգրկել Սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւններու օրակարգին մէջ։ Կուսակցութիւնները, մշակութային միութիւնները եւ զանազան համայնքային կառոյցները շատ կարեւոր են փոխանցումը քաջալերելու եւ ուղղութիւն տալու առումով։ Վերլուծելով ֆրանսական կրթական համակարգը եւ հայերէն լեզուի ահազանգային կացութիւնը, ան քննադատեց Սփիւռքի կազմակերպութիւններու անտարբերութիւնը հայերէն լեզուի դասաւանդման նկատմամբ, մինչդեռ լեզուն ամենէն լաւ միջոցն է իբրեւ ժողովուրդ վերանորոգուելու եւ գոյատեւելու համար։ Այս կացութիւնը իր հետեւանքը կ՚ունենայ նաեւ Հայաստանի վրայ, նկատի ունենալով որ վերջինս պէտք ունի իրեն սատարող զօրաւոր Սփիւռքի մը։ Առանց կրթական համակարգի Սփիւռքը պիտի չկարենայ իր դերը կատարել։ Լրագրող եւ մանկավարժ Չոլաքեան շեշտեց, թէ հարկ է այս նիւթը վիճարկումի առարկայ դարձնել, նկատի ունենալով որ դասախօս եւ աշակերտ կերտող Սփիւռքի կրթական հաստատութիւններ մէկը միւսին ետեւէն կը փակեն իրենց դռները, յիշենք՝ Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը, Կիպրոսի Մելգոնեանը եւ Փարիզի Սամուէլ Մուրատը։ Միւս կողմէ, Չոլաքեան յայտնեց, թէ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներու մեծամասնութիւնը կառուցուած է անհատ նուիրատուներու մեծ գումարներով եւ ոչ թէ՝ հաւաքական զօրաշարժի շնորհիւ։ Հուսկ ան ներկայացուց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հնգամեայ ծրագրին զարգացումն ու հեռանկարները, որ կը նպաստէ նորարար մանկավարժութեան վրայ հիմնուած կրթական համակարգ եւ ուսուցիչներ պատրաստելու աշխատանքին։

Մարի-Լու Փափազեան մեկնելով Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած իր անհատական փորձառութենէն, որպէս Թումօ-ի տնօրէնուհի կրթական հարցը քննարկեց միաժամանակ ներսի եւ դուրսի հայեացքով։ Ան յայտնեց, թէ ուրախալի է որ այս հարցը հետզհետէ կը զարգանայ ու կը հասուննայ աշխարհի Հայութեան մտայնութեան մէջ։ Իր ընտանիքի օրինակը բերելով, Փափազեան յայտնեց, թէ իր զաւակները հայերէն լեզուով եւ հայ մշակոյթով մեծցնելու մտադրութեամբ է, որ փոխադրուած եւ կայք հաստատած է Հայաստան։ Հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը բարելաւելու համար, ան նշեց, թէ պէտք է ուսումնասիրել այս մարզին մէջ ցարդ արձանագրուած թերութիւններն ու յաջողութիւնները, նկատի ունենալով որ տակաւին լրջօրէն չէ քննարկուած այս հարցը։ Անդրադառնալով Թումօ-ի գլխաւոր յատկանիշերուն, Փափազեան նշեց՝ գրաւիչ բովանդակութեամբ ստեղծագործական միջավայրի կերտումը, ինչ որ հրամայական է տեղեկութիւններով «ռմբակոծուող» մերօրեայ աշակերտին համար՝ իր ուղղութիւնը գտնելու առումով։

Վերջին կլոր-սեղանին մասնակցեցան Հօ-տը-Սէնի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քէփէնէկեան եւ Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան։ Տէվէճեան անդրադարձաւ Ֆրանսայի Հայութեան քաղաքական պայքարի պատմութեան եւ ընդգծեց Հայաստանի պետութեան փխրուն կացութիւնը, յոյժ կարեւոր նկատելով Մայր հայրենիքին հետ հայ համայնքի յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու հրամայականը։

Ժ. Քէփէնէկեան համաձայն ըլլալով Տէվէճեանի նշեալ տեսակէտին, իր կարգին շեշտեց դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը՝ երկիրը կառավարելու եւ որոշումներ կայացնելու գործընթացին մէջ։ Քաղաքապետը նաեւ հրաւիրեց ներկաները համագործակցելու եւ ճշդելու առաջնահերթութիւնները։ Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Սփիւռքի հմտութիւններուն, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի տնտեսական բնագաւառի զարգացման գործընթացին։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Հայ դատի ծրագրերու կարեւորագոյն եզրերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ամրապնդումը, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, երիտասարդութեան քաղաքականացումը եւ զանոնք զօրաշարժի ենթարկելը։ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ Հայութիւնը պէտք է կազմակերպուի թուրք-ազէրական դաշինքի սադրանքներուն դէմ դնելու համար, որ կը փորձէ ապակայունացնել Հայ դատի պայքարը, նաեւ սպառնալիքներ կ՚ուղղէ ՀՅԴ-ի անդամներուն դէմ՝ կազմակերպելով ցոյցեր եւ տարածելով ապատեղեկատւութիւններ։ Ան հետաքրքրական մատնանշում մը ընելով՝ քննադատեց նոր Սահմանադրութիւնը, որ կառավարութեան անդամներուն ու պետական կառոյցներու ղեկավարներուն կը պարտադրէ երկքաղաքացիութեան սահմանափակումներ։ Տէր Խաչատուրեանի կարծիքով այս քայլը վնաս կը հասցնէ պետութեան շահերուն, որ իր քաղաքական համակարգը կղպելու փոխարէն պէտք է բացուի դուրսի աշխարհին եւ առաջին հերթին՝ Սփիւռքին։

Յարութ Մարտիրոսեան իր ելոյթի ընթացքին թուեց Հայ դատի ձեռնարկած աշխատանքները՝ յիշողութեան նոր կեդրոնի մը հաստատումը, ֆրանսահայ համայնքի հետեւողական զօրակցութիւնը եւ CCAF-ի նման կառոյցի մը կերտումը, որ Ֆրանսայի քաղաքական դաշտին վրայ կը պայքարի Հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Ան եզրափակեց նշելով, թէ Հայ դատի պահանջատիրութեան անկիւնաքարը կը մնայ հատուցման հարցը եւ Հայաստանի մէջ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատումը։ ■

«Նոր Յառաջ» երկօրեայի 2018 Մարտ 29, թիւ (1185)

Տպել Տպել