18 Փետրուար 1921. Հայ ժողովուրդի Ըմբոստ Ոգիին Շղթայազերծումը՝ Ազատատենչ Եւ Արդարադատ

18 Փետրուարին, 89 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը ապստամբեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան եւ համայնավար Յեղկոմի բռնատիրութեան դէմ։

Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին հերոսական շղթայազերծումն էր Փետրուարեան ապստամբութիւնը։ Պատմութեան մէջ անիկա գրաւեց իր նշանակալից տեղը, իբրեւ Ռուսական Կայսրութեան տարածքին համաժողովրդային առաջին ըմբոստացումը՝ 1917ի Հոկտեմբերին պոլշեւիկեան յեղաշրջումով հաստատուած համայնավար բռնակալութեան եւ խորհրդային ամբողջատիրութեան դէմ։

Ժողովրդային ըմբոստացման եւ ոչ թէ պետական յեղաշրջման քայլ էր Փետրուար 18ը։ Ռազմաքաղաքական դասաւորումներու իմաստով տարածաշրջանէն ներս ոչինչ փոխուած էր 2 Դեկտեմբեր 1920էն ետք, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ի տես Լենին–Քեմալ գործակցութեամբ նորանկախ Հայաստանի ամբողջական պաշարումին եւ պետական կործանման վտանգին, երկու չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու քաղաքական հաշուարկով, իշխանութիւնը զիջեցաւ խորհրդայիններու լիազօր ներկայացուցիչ Լեգրանին եւ անոր հովանաւորած Կասեանի, Նուրիջանեանի ու Աթարբէգեանի այսպէս կոչուած Յեղկոմին…

Երբ մէկ կողմէ Հայաստանի հիւսիսէն ու արեւելքէն Կարմիր բանակը, իսկ միւս կողմէ հարաւէն ու արեւմուտքէն քեմալական զօրքը կը շարունակէին զինու զօրութեամբ իրենց կամքը պարտադրել հայ ժողովուրդին, աւելի քան բնական ու հասկնալի էր, որ քաղաքականապէս միայն ինքնասպանութիւն կրնար նշանակել պետական յեղաշրջումի որեւէ քայլ։ Ճիշդ է եւ պատմական անհերքելի իրողութիւն է, որ նոյն այդ ժամանակամիջոցին Զանգեզուրն ու Լեռնահայաստանը յաղթարշաւի մէջ էին եւ, անզուգական Նժդեհի հրամանատարութեամբ, հայկական կանոնաւոր զօրքն ու աշխարհազօրայինները հերոսաբար կը դիմադրէին ու ետ կը մղէին թշնամական գրոհները, բայց տարածաշրջանային մեծ քաղաքականութեան պաստառին վրայ վճռուած էր Հայաստանի ճակատագիրը։ Լենինի Ռուսաստանը որոշած էր քեմալական Թուրքիոյ զիջիլ Արեւմտահայաստանը՝ Կարսն ու Արտահանը իբրեւ «բարեացակամութեան յաւելեալ ապացոյց» նուէր տալով, իսկ քեմալական Թուրքիան փոխարէնը խոստացած էր զօրակցիլ Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման եւ ռուսական տիրապետութեան վերականգնման։

Նման սատանայական գործարքի դէմ յանդիման՝ միայն կործանարար արկածախնդրութիւն կրնար ըլլալ հայ ժողովուրդին թէ անոր քաղաքական կամքը ղեկավարող Դաշնակցութեան կողմէ պետական յեղաշրջման որեւէ փորձ։ Նոյն տրամաբանութեամբ նաեւ պէտք է ընդգծել, որ արտաքին–քաղաքական օրհասական այդ պայմաններուն մէջ կատարուած Փետրուարեան ապստամբութիւնը, իբրեւ ազատութեան եւ արդարութեան ի խնդիր ծաւալած համաժողովրդային ըմբոստացում, ոչ միայն արկածախնդրութիւն չէր, այլեւ՝ պատմական անհրաժեշտութիւն էր։ Անկա վիրաբուժական նշդրակի անխուսափելի օգտագործման եւ փրկարար սրբագրումի նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապագային համար։

Հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ Լեգրանի կնքած Համաձայնագրին, որ կը նախատեսէր Պաշտպանութեան նախարար Դրոյի հետ նորահաստատ Յեղկոմի գործակցութիւնը եւ կը բացառէր ինքնակամ հրաժարած կառավարութեան անդամներուն դէմ հալածանքը, Կասեաններու Յեղկոմը լրիւ հակառակ ուղղութեամբ գործեց 4 Դեկտեմբեր 1920էն սկսեալ, երբ Երեւան գալով իշխանութիւնը ձեռք առաւ։

Դրոն հսկողութեան տակ առնուեցաւ, Համօ Օհանջանեանի եւ Համազասպի տարողութեամբ կառավարական եւ ազգային գործիչներ բանտ նետուեցան, Զօր. Նազարբէգեանի գլխաւորութեամբ Հայկական բանակի ամբողջ սպայակազմը, 1200 սպաներ, հետիոտն աքսորուեցան դէպի Ռուսաստան։ Իսկ Սիմոն Վրացեանի օրինակով պետական–կուսակցական գործիչներ ընդյատակ անցան՝ խոյս տալով նորակազմ Չեկայի հետապնդումներէն։

Հաւանաբար այս բոլորը բաւարար չըլլային, որպէսզի մեր ժողովուրդին համբերութեան բաժակը յորդէր։ Ի վերջոյ արտաքին–քաղաքական ծանրակշիռ պայմաններու տակ իշխանութիւնը ինքնակամ յանձնուած էր պոլշեւիկեան Ռուսաստանի դրածոներուն եւ հարկ էր ակռաները սեղմել ու դիմանալ, մինչեւ որ կործանարար փոթորիկը խաղաղէր ու անցնէր։ Բայց Նուրիջանեաններու Յեղկոմը դժգոհ էր, որ առանց քաղաքացիական արիւնահեղ պատերազմի Հայաստան ընտրած էր խորհրդայնացման ուղին եւ հարկ էր… օրինաչափութիւնը կիրարկել։ Եւ թալանն ու հալածանքը տարածուեցաւ նոյնինքն ժողովուրդին դէմ՝ յատկապէս գիւղական շրջաններու մէջ դասակարգային շինծու պայքարի մթնոլորտ հրահրելով։ Սեփականազրկումի եւ ինչքերու բռնագրաւման մեծ խրախճանք մը սկսան նորահաստատ իշխանութեանց վերին թէ ստորին մակարդակի պաշտօնատարները։ Եւ ահա այդ ատեն յորդեցաւ հայ ժողովուրդին համբերութեան բաժակը։

Եւ երբ 16 Փետրուարին ժողովրդային ըմբոստացման առաջին խմորումները սկսան եւ շրջաններէն ժողովուրդը, դաշնակցական երբեմնի խմբապետներու գլխաւորութեամբ, սկսաւ շարժիլ դէպի Երեւան, Յեղկոմը ինքնսրբագրման ելքեր փնտռելու փոխարէն աւելի կատաղի դարձաւ իր բռնութեանց մէջ։ Նոյնինքն 18 Փետրուարի վաղ առաւօտեան ժամերուն Երեւանի բանտերուն մէջ բառացիօրէն խոշտանգուելով սպաննուեցան Համազասպի նշանակութեամբ հայ հերոսներ…

Այս իմաստով պատմական անհրաժեշտութիւն եղաւ 18 Փետրուար 1921ի արեւածագին Երեւանի մէջ հայ ժողովուրդին իրագործած ապստամբութիւնը, որ ոչ միայն բանտերէն ազատեց իր հերոսական զաւակներն ու քաղաքական կամքին ներկայացուցիչները, այլեւ՝ իշխանութենէն խուճապահար փախուստի մղեց Կասեանները…

Մինչեւ Ապրիլ 2 ապստամբութիւնը Հայաստանի պետական ղեկէն հեռու պահեց խորհրդայինները, որոնք թէեւ ի վերջոյ վերատիրացան իշխանութեան, բայց արդէն Ալ. Միասնիկեանով փոխարինուած Յեղկոմով մը վերադարձան՝ ունենալով… Հայաստանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի հրահրումէն խուսափելու լենինեան յանձնարարականը։ Տարբեր հարց է, որ այդ յանձնարարականը եւս դատապարտուեցաւ մեռեալ տառ մնալու եւ Հայաստան աստիճանաբար թաւալեցաւ ստալինեան մաքրագործումներու ահաւոր անդունդը։

Բայց Փետրուարեան ապստամբութիւնը կատարեց իր պատմական դերը եւ սեփական ժողովուրդին համբերութեան բաժակը յարգելու հասունացման մղեց խորհրդային սուիններով հայոց պետական ղեկին տիրացած գործիչները։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ԱՍՊԱՐԵԶ, 19 Փետրուար 2010

Տպել Տպել