Սօսէ Մայրիկ (1868–1953). Յեղափոխական Հայուհիի Դաշնակցական Տիպարը

9 Փետրուարը մահուան տարելիցն է հայոց նորագոյն պատմութեան եզակի դէմքերէն Սօսէ Մայրիկի, որ ազգային մեր ինքնութեան եւ հպարտութեան աղբիւր դարձաւ իր մարմնաւորած տիպարով եւ սերունդներուն կտակած պատգամով։

56 տարի առաջ՝ 9 Փետրուար 1953ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, խոր ծերութեան հասած՝ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ազգային–ազատագրական պայքարի դիւցազնուհին՝ Աղբիւր Սօսէն։

Սօսէ Մայրիկ հայ ֆետայական շարժման առիւծին՝ Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան) կինն էր։ Ծնած էր 1868ին (կամ 1869ին) Սասուն, Նեմրութ լերան փէշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղը, բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարգար Դրօ–Աստանտուրի յարկին տակ։

Հազիւ պարմանուհի, 13 տարեկանին, Սասնոյ հայերու աւանդութեան համաձայն, ծնողքը ուզեց ամուսնացնել Սօսէին։

Բարձրահասակ եւ գեղադէմ՝ Սօսէ ըմբոստացման իր առաջին եւ բախտորոշ քայլը կատարեց, երբ ծնողքին առաջարկած թեկնածուները մերժելով ուզեց իր կեանքը կապել Խչէենց Սերոբի հետ, որուն անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր եղած էր յեղափոխական հայուհիին համար։

Քրտական եւ թրքական անիրաւութեանց ու շահատակութեանց դէմ հայկական ըմբոստացման առաջին բռնկումներու, ինչպէս նաեւ՝ ապրուստի ապահովման դժուարին պայմաններու յաղթահարման համար պանդխտութեան ժամանակաշրջան էր։ Սողորդ գիւղի բնակիչ Վարդանեաններու տունը եւս ճաշակեց պանդխտութեան դառնութիւնը, երբ 1890ականներու սկիզբը, կնոջն ու անդրանիկ զաւկին՝ Յակոբին առանձին թողած, Սերոբ գնաց պանդխտութեան։

Ընտանեկան օճախի պաշտպանութեան հոգը, ի հարկին նաեւ զէնքով ծառանալով քրտական առօրեայ գողութեանց դէմ, Սօսէի մէջ կռանեց դիմադրականութեան ոգին եւ ան լիովին պատրաստ էր արդէն ֆետայական կեանքին, երբ 1895ին Սերոբ վերադարձաւ պանդխտութենէն՝ արդէն դաշնակցական յեղափոխականի «Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք» յորդորով պայքարի դրօշը պարզելու համար իր շրջապատին։

Սերոբ իր անձին օրինակով ուղի բացաւ։ Կնոջ ու արդէն երկու որդիներուն հետ՝ իր շուրջ հաւաքած մարտունակ ոգիով երիտասարդներու խումբ մը, Սերոբ իր ունեցած–չունեցածը ծախեց, զէնք ու զինամթերք ապահովեց եւ բարձրացան լեռները։

Հազիւ երեք տարի տեւեց Աղբիւր Սերոբի ֆետայական գործունէութեան շրջանը, որուն ամբողջ տեւողութեան Սօսէ ոչ միայն կինը, այլեւ զէնքի անբաժան ընկերը եղաւ Տարօնի Առիւծին։ Գիւղէ գիւղ եւ քրտական հրոսակներու թէ թրքական զօրքերու դէմ կռիւէ կռիւ, Սերոբ Աղբիւր յեղափոխութեան բոցով պայքարի հանեց ողջ Տարօնի աշխարհը՝ արժանանալով ժողովրդական ու գուսանական բազում երգերու, որոնց մէջ ըստ արժանւոյն ֆետայի հայուհիի իր տեղը ունեցաւ Սօսէ։

Հայ ազգային–ազատագրական շարժման հանգուցային ծալքերէն մէկը եղաւ, միաժամանակ, Սօսէի մասնակցութիւնը ֆետայական այս բուռն գործունէութեան։ Ֆետայական շարժման բարոյական օրէնքներով՝ ֆետային պէտք չէ ամուսնանար, իսկ եթէ արդէն ամուսնացած էր՝ ընտանիքին հրաժեշտ պէտք է տար ու անմնացորդ նուիրուէր ազգի ազատագրութեան պայքարին։ Իբրեւ իր ատենի ֆետայական շարժման անվիճելի առաջնորդ՝ Աղբիւր Սերոբ իր իսկ զինուորներուն կողմէ քննադատուեցաւ Սօսէն ու զաւակները իր կողքին պահելու քայլին համար։ Բայց զուր անցան ֆետայական կեանքէն բաժնուելու եւ զաւակներու հոգատարութեան նուիրուելու իմաստով Սօսէին ուղղուած նոյնիսկ սրտցաւ յորդորները, որովհետեւ Սօսէ որքան կին էր ու մայր, նոյնքան եւ աւելիով ֆետայի էր ու իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ 1899ի այն սեւ ու մուր օրը, երբ Սերոբ դաւաճանութեան զոհ գնաց։

Սերոբ եւ Սօսէ թագստոց ընտրած էին Գեալիգիւզան գիւղը։ Սերոբի գլխուն համար թրքական իշխանութեանց խոստացած պարգեւներէն այլասերած՝ հայանուն մատնիչ–դաւաճան մը, ոչ միայն իշխանութեանց տեղեկացուց Աղբիւրի թագստացոցը, այլեւ՝ իբրեւ բարեկամ արժանացած Սերոբի հիւրընկալութեան, ծխախոտի մէջ թոյն խառնելով անշարժութեան մատնեց Տարօնի Առիւծին։ Թուրք զինուորները իրենց յարձակումը գործեցին, Սերոբ անուժ էր դիմադրելու համար, բայց Սօսէ, անդրանիկ զաւակը՝ Յակոբ եւ երկու եղբայրները՝ Զաքար ու Մխօ հերոսաբար կռուեցան անարգ թշնամիին դէմ։ Սերոբ, զաւակը եւ երկու եղբայրները սպաննուեցան. ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ նաեւ Սօսէ։ Թուրք զինուորները կտրեցին արդէն սպաննուած Սերոբի գլուխը, բայց թուրք հրամանատարը թոյլ չտուաւ, որ ձեռք տան Սօսէին։ Վիրաւոր Սօսէն նախ ապաքինումի տարուեցաւ եւ ապա բանտ նետուեցաւ։ Փոքր զաւակը տարին քիւրտերը եւ այլեւս չգտնուեցաւ անոր հետքը։

Մնացեալը տխուր, դառն ու դաժան պատմութիւնն է հայ դիւցազնուհիին, որ աւելի քան յիսուն տարի քայլ առ քայլ հետեւեցաւ իր ժողովուրդի կեանքին։ Եղաւ Վան եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Վասպուրականի եւ Սասունի գաղթական ժողովուրդին հետ անցաւ Երեւան, ուր մնաց մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը եւ հակադաշնակցական ալիքի սաստկացումին հետ անցաւ Պոլիս՝ հոնկէ ալ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր մինչեւ մահ մնաց ու ապրեցաւ Հայկ Խանամիրեանի ընտանիքին հետ։

Տարագիր կեանքը լեցուց Երկրի կարօտով ու անխոնջ վկայութեամբ հերոսական այն պայքարին մասին, որ իրեն վիճակուեցաւ Սասնոյ լեռներուն վրայ, Տարօնի Առիւծին կողքին։

Իր մահէն 45 տարի ետք, 1998ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 80ամեակին առիթով, Սօսէ Մայրիկի աճիւնները տեղափոխուեցան հայրենիք ու իրենց վերջնական հանգիստը գտան Եռաբլուրի մէջ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ԱՍՊԱՐԵԶ

Տպել Տպել