Մեղմ Պատիժներ՝ Ցուցարարներ Ծեծած Էրտողանի երկու Համակիրներուն

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի գերագոյն ատեանի դատարան մը Ապրիլ 5ին մեղմ պատիժներ սահմանեց անցեալ տարուան Մայիս 16ին Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն առաջնորդութեամբ խաղաղ ցուցարարներու դէմ կատարուած յարձակումին երկու թուրք մասնակիցներուն։

Արդարեւ, Էյուպ Եըլըրըմ եւ Սինան Նարին, որոնք կրնային մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ, միայն մէկ տարուան բանտարկութեան եւ երեք տարի հսկողութեան տակ մնալու դատավճիռ ստացան՝ 100ական տոլարի տուգանքի կողքին։ Նկատի ունենալով, որ երկու դատապարտեալները անցեալ տարուան Յունիս 14ին ձերբակալուեցան եւ տակաւին բանտարկուած կը մնան, անոնք քանի մը ամիսէն ազատ պիտի արձակուին։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ ականատես էր մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ տեղի ունեցած վայրագ յարձակումին, խստօրէն դատապարտեց դատարանին որոշումը՝ զայն «իւրաքանչիւր ամերիկացիի համար մտահոգիչ» արարք մը համարելով, յատկապէս երբ անիկա կու գայ Էրտողանի շարք մը թիկնապահներուն հանդէպ ամբաստանութիւնները ետ քաշելու որոշումէն ետք։

Վճիռը դատապարտուեցաւ նաեւ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեանի կողմէ, օտար կառավարութեան մը կողմէ ամերիկացի քաղաքացիներու դէմ կազմակերպուած նման բռնարարքի նկատմամբ ամերիկեան արդարադատութեան համակարգին սոյն կեցուածքը անտարբերութեա՛ն համազօր քայլ մը նկատելով։

Այս մասին Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնին հրապարակած յայտարարութիւնը կարելի է կարդալ http://armenianlegal.org/wp-content/uploads/2018/04/Community-Impact-Statement-4.5.18.pdf կայքէջին վրայ։

asbarez.com

Տպել Տպել