Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր–Յովհաննիսեան, 1867–1914). «Պողպատէ Կամքով Ղարաբաղցի Լեռնականը», Հայոց «Ազատագրութեան Մարտիկ»ը

12 Յունուարը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի ազգային–ազատագրական պայքարին անզուգական հայդուկապետին՝ Նիկոլ Դումանի։

1867ի այս օրը Արցախի Խաչէն գաւառի (Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի) Ղշլաղ գիւղը հայ ժողովուրդին պարգեւեց ծնունդը Նիկողայոս Տէր–Յովհաննիսեանի, որ ճակատագրուած էր հայոց նորագոյն շրջանի պատմութեան վրայ իր անջնջելի դրոշմը դնելու իբրեւ առասպելատիպ Նիկոլ Դուման։

Գերազանցապէս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ էր Դուման, որ իր գործով ու նկարագրով ազգային արժէքի վերածեց հայու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ կերպարը։ Իբրեւ այդպիսին՝ միայն Դաշնակցութեան չպատկանեցաւ, այլեւ՝ արժանացաւ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու հոսանքներուն անվերապահ գնահատանքին ու պաշտամունքին։

Պատահական չէր, ոչ ալ զարմանալի, որ 28 Սեպտեմբեր 1914ին Թիֆլիսի մէջ հայ ժողովուրդը ազգային աննախադէպ յուղարկաւորութեան արժանացուց իր հերոսական զաւակին։ Նոյնպէս պատահական չէր, ոչ ալ զարմանալի, որ ինքնասպան եղած Դումանի անշնչացած մարմինը թաղուեցաւ հայոց Խոջեվանքի պանթէոնին մէջ, Սիմոն Զաւարեանի աճիւններու կողքին։

Ի վերջոյ, ինչպէս Իշխանը՝ Յովսէփ Արղութեան դամբանական իր խօսքին մէջ օրին պիտի ընդգծէր, եթէ Զաւարեան հանդիսացաւ «մեր ազատագրութեան խիղճը», Դուման եղաւ «մեր ազատագրութեան մարտիկը»։

Ի վերջոյ նաեւ հազուադէպ կը պատահի, որ ինքնասպանութիւն գործողը նման յարգանքի եւ մեծարանքի արժանանայ։ Բայց Նիկոլ Դուման իր մահուան պարագաներովն ալ ամրագրեց իր անուան շուրջ արդարօրէն հիւսուած մեծութեան դիւցազներգութիւնը։ Թոքախտէ հիւծած «մեր ազատագրութեան մարտիկը», ի լուր Հայ Կամաւորական Շարժման շղթայազերծման համար Թիֆլիս հաւաքուած դաշնակցական քաջարի հայդուկներուն զօրաշարժին եւ ապրելով այն անհուն տառապանքը, որ ի վիճակի չէր այլեւս իր բաժին մասնակցութիւնը բերելու հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ու ազատագրութեան օրհասական գուպարին, նախընտրեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ իր… սպառած կեանքին։

Եւ այսօր, իր ծննդեան 143րդ տարեդարձին առիթով, Դումանի յիշատակին յարգանքի տուրք ընծայաբերելով՝ կ՛արժէ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնել, թէ ի՛նչն է գաղտնիքը Նիկոլ Դումանի մեծութեան։

Ռուբէնի գնահատումով՝ Դումանի առասպելական հռչակին եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել «ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամք»ին մէջ, որ անդաւաճան ընկերը եղաւ Դումանի յեղափոխական կեանքին։ Անառարկելիօրէն պողպատեայ կամքի տէր էր Դուման։ Յեղափոխականի իր առաջին քայլերէն սկսեալ, իբրեւ Թաւրիզի մէջ հազիւ 24 տարեկան դաշնակցական ուսուցիչ–գործիչ, Դուման դրսեւորեց թէ՛ գաղափարական–կազմակերպական, թէ՛ մարտական–ռազմական երկաթեայ կարգապահութիւն։ Եւ հետագայ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին, սահմանը անցնող ֆետայական խումբերու կազմակերպումէն մինչեւ Վասպուրականի մէջ դաշնակցական կազմակերպութեան ստեղծումը, Խանասորի արշաւանքին մտայղացումէն մինչեւ 1905ի հայ–թաթարական ընդհարումներուն ռազմական ղեկավարումը, Դուման ամէն քայլափոխի առաջնորդուեցաւ հայ յեղափոխականի պողպատեայ կամքն ու երկաթեայ կարգապահութիւնը ամրապնդելու եւ հզօրացնելու հետեւողականութեամբ։ Անվարան կարելի է շեշտել, որ Դաշնակցութիւնը յատկորոշող կազմակերպական երկաթեայ կարգապահութեան արմատաւորումին մէջ մեծագոյն ներդրումը ունեցող գործիչներէն եղաւ Նիկոլ Դուման։

Ուղղակի Դումանի «պողպատեայ կամք»ին դրոշմը զգալի է դաշնակցական կարգապահութեան մեծ աւանդին վրայ։ Միայն Դումանի օրինակով ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ նկարագիրը կրնար, Խանասորի արշաւանքին ծրագիրը յղանալով եւ անոր իրականացման մէջ հիմնական ներդրում ունենալով հանդերձ, համեստօրէն Վարդանին յանձնել արշաւանքին ընդհանուր հրամանատարութիւնը եւ ինք բաւարարուիլ յիսնապետի պաշտօնով։

Դարձեալ Դումանի օրինակով խոնարհ, ընկերասէր եւ ժողովրդական մարդը կրնար, մտաւորական մեծ պաշարի տէր ըլլալով եւ հայկական ազատամարտի ռազմավարական ուղղութեան հունաւորման ու մշակման մէջ վճռական խօսք ունենալով հանդերձ, կուսակցական պատասխանատու մարմիններու անդամակցութենէն հեռու մնալ եւ ամբողջ ուժերով նուիրուիլ յեղափոխական–ռազմական կենդանի գործին։

Որքան դիպուկ է Գաբրիէլ Լազեանի այն բնութագրումը, թէ Նիկոլ Դուման եղաւ հայ ազգային–ազատագրական պայքարին ամէնէն մտաւորական ֆետային, որ հաւասարապէս ե՛ւ մարտիկ–ֆետայիներու, ե՛ւ մտաւորական–քաղաքական գործիչներու ակնածանքին արժանացաւ։

Եթէ թոքախտը չհիւծէր զինք եւ Դուման ինքնասպանութեամբ վերջ չտար իր կեանքին, անվարան կարելի է համոզուած պնդել, թէ Առաջին Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան եւ յետ–Հայաստանի անկախացման շրջանի պատմակշիռ իրադարձութեանց մէջ, հայ ժողովուրդը անպայման պիտի օգտուէր Նիկոլ Դուման անուանուած «Ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամք»ին հրաշազօր ներգործութենէն։

Տպել Տպել