«Հայրենիք»ի խմբագրական. Եռակողմանի ժողով. Յաչս սուրիական աւարի բաժանման

Հաւանաբար բազմիցս գործածուած եւ քիչ մըն ալ հնամաշ նկատուած «թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» կարգախօսով նշուի Չորեքշաբթի Ապրիլ 4-ին կատարուած Անգարայի եռակողմանի ժողովը, երեք երկիրներու նախագահներ՝ Հասան Ռոհանիի (Իրան), Վլատիմիր Փութինի (Ռուսաստան) եւ հիւրընկալ Ռէճեպ Թայիպ Էրտողանի (Թուրքիա) միջեւ:

Այս ժողովի ազդանշանէն իսկ, աշխարհաքաղաքական եւ քիչ մըն ալ լեզուաբանական վերլուծումներ կատարելով, կարելի էր եզրակացնել, թէ գոյութիւն ունեցող թշնամութիւն մը յանկարծ առիթ կը հանդիսանայ բարեկամութեան մը, որուն նպատակը իրականութեան մէջ յստակ ալ չէ. բարեկամութի՞ւն է, թէ՞ թշնամութիւն:

Օրակարգին վրայ, աւելի քան եօթ տարիներէ ի վեր 350 հազարէն աւելի զոհ խլած Սուրիան գրաւած էր առիւծի բաժինը:
Անգարայի այս գագաթաժողովը շարունակութիւնն էր անցեալ Նոյեմբերի Սոչիի եռակողմանի ժողովին, եւ ատկէ ամիսներ առաջ ալ, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ կատարուած հանդիպումներու շարքին: Իսկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, կը նշուէր, թէ Թեհրան, Անգարա եւ Մոսկուա կը յայտարարէին իրենց ամէն գնով գործակցութիւնը զինադադար եւ խաղաղութիւն հաստատելու շրջանին մէջ, եւ յատկապէս անմեղ քաղաքացիներուն սննդական եւ առողջապահական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակը:
Հոս տեղին է ըսել, թէ այժմ երեք ուժեր կը գործեն Սուրիոյ մէջ.

– Պետական ուժերը, որոնց նեցուկ կը կանգնին թէ՛ Մոսկուան եւ թէ՛ Թեհրանը, եւ որոնք վերջին ամիսներուն վերագրաւեցին բազմաթիւ «բանալի» հողաշերտեր, նախագահ Պաշար Ասատի յաւելեալ հեղինակութիւն տրամադրելով։

– Անգարայի ղեկավարութեամբ, հիւսիսային շրջանները գործող ապստամբ զինեալներ, որոնք Թուրքիոյ բանակի ամբողջական օժանդակութեամբ քիւրտ ուժերու հակակշռին տակ գտնուող Աֆրինը գրաւեցին եւ Թուրքիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ ապահով տարածաշրջան մը կազմելու միտումով, կը պատրաստուին «ազատագրել» այլ քրտական քաղաք մը՝ Մանպիժը։

– Քրտական ուժեր, որոնց նեցուկ կը կանգնին արեւմտեան աշխարհը եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգները, որոնք նախապէս իրենց գործունէութեան դաշտը աւելի ընդարձակած էին, զինելով այժմ գրեթէ չգոյութեան մատնուած Սուրիոյ Ազատագրութեան Բանակը:

Այս վերջինը բացակայ էր այս ժողովին, իսկ Սպիտակ Տան վարձակալին արտայայտութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն ընդմէջէն, յայտնի է, թէ Միացեալ Նահանգները որոշած են դուրս գալ շրջանէն եւ յառաջիկայ ամիսներուն աւելի քան երկու հազար բանակայիններ շրջանէն հեռացնել։

Սակայն, մարդկային օժանդակութիւն կամ զինադադար եւ խաղաղութիւն հաստատելու ճիգէն աւելի, նաեւ մութ հաշիւներ, տնտեսական ներդրումներ եւ պարզ ու մեկին աւարի բաժանման գագաթաժողով մըն էր կատարուածը, ուր Արեւմուտքի բացակայութիւնը հետզհետէ աւելի կը շեշտուի Արեւմուտքի բացակայութիւնը։

Առ այդ, յատուկ յիշատակելի հանդիսութեամբ մը, Էրտողան եւ Փութին (որ նախագահ վերընտրուելէ ետք իր առաջին ճամբորդութիւնը կը կատարէր) ազդանշանը տուին Աքույուի (Թուրքիոյ հարաւը) հիւլէական կեդրոնի շինարարական աշխատաքին, որ հովանաւորութիւնը ռուսական Ռոսաթոմ ընկերութեան ազդանշանը տուին։ Այս առթիւ ալ, իր խօսքին մէջ, Փութին վստահեցուց, թէ պիտի արագացնէ արդի կատարելագործումներով սարքաւորուած Էս-400 տիպի պաշտպանողական հակօդայիններու առաքումը Անգարա։

Այսպէս, թշնամութենէ ծնունդ առած է անսպասելի բարեկամութիւն մը, որուն արդիւնքը դարձեալ կրնայ ըլլայ թէ՛ թշնամութիւն եւ թէ՛ բարեկամութիւն…քաղաքականութիւն կոչեցեալ այս իւրայատուկ բնագաւառին մէջ:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել