Դէմ ենք եղբայրասպան այս կռուին ու երկիրը ապակայունացման տանող դաւադրութիւններուն

Սուրիական ճգնաժամը հասաւ իր աւարտին: Տագնապալի 7 տարիներ անորոշութեան, վախի ու անապահովութեան մթնոլորտ ստեղծեցին, սակայն Սուրիոյ մէջ տուայտող հայ համայնքը հաւաքեց իր ուժերը, ճշդեց առաջնահերթութիւնները եւ երբեմն իր ցաւն ու հոգիին խռովքը թաղելով գոյութեան կռիւ մղեց՝ ապրելու, տոկալու ու տարիներու գուրգուրալից աշխատանքով, նուիրումի օրինակներով մարմին առած ու դէպի լոյս սլացած այս փոքր ածուն ամէն գնով պաշտպանելու ու պահպանելու համար:

Տարեվերջին «Գանձասար» Սուրիոյ հայ համայնքի անցնող 7 տարիներու դառն, բայց օրինակելի պայքարին շուրջ, հռետորական խօսքերէն անդին, մտերմիկ ու իրատեսական զրոյց մը ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի տնտեսական պատասխանատու տիար Կարօ Իւզպաշեանի հետ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.-

«Գանձասար».- Սուրիական տագնապի սկզբնական օրերէն, ինչպիսի՞ կեցուածք որդեգրեց Ազգային Իշխանութիւնը եւ ի՞նչ էր տագնապի լուծման իր պատկերացումը:

Կարօ Իւզպաշեան.- Սուրիա, իր աշխարհագրական դիրքին եւ բնական հարստութիւններուն բերումով, միշտ ալ եղած է մեծապետական երկիրներու կռուախնձորը: Ֆրանսայի գաղութատիրութեան աւարտով, երբ 17 Ապրիլ 1947-ին Սուրիա անկախացաւ, այդ մրցակցութիւնը շեշտակիօրէն դրսեւորուեցաւ, իւրաքանչիւր գերպետութիւն օրուան վարչակարգը իր կողմ թեքելու փորձեր կատարեց՝ յաճախ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու նկրտումներով: Հետեւաբար, անկախութեան յաջորդող քսան տարիները յատկանշուեցան ներքին յեղաշրջումներով, օրուան վարչակարգերուն յաճախակի փոփոխութեամբ: 1970-ին, սակայն, երբ Հաֆէզ ալ Ասատ իշխանութեան հասաւ, իր հաւասարակշռուած եւ հեռատես քաղաքականութեամբ, յաջողեցաւ երեք տասնամեակ կայուն պահել իշխանութիւնը եւ ներդաշնակ ու բարօր կեանք ապահովել Սուրիոյ ժողովուրդին՝ հակառակ անոր որ արեւմուտքի կողմէ այդ անդորրութիւնը խանգարելու քանի մը փորձեր կատարուեցան:

Յետ նախագահին մահուան՝ 2000 թուականին, երբ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ստանձնեց Սուրիոյ իշխանութիւնը, շարունակեց իր հօր ուղղութիւնը, սակայն յաւելեալ ժողովրդավար սկզբունքներով, Արեւմուտքին թէ Արեւելքին բացուած քաղաքականութեամբ ու ճարտարարուեստի արդիականացումը խթանող ծրագիրներով կառավարեց Սուրիան: Մեծամասնութեամբ իսլամ սիւննի համայնքէ եւ բազմաթիւ այլ ազգային թէ կրօնական փոքրամասնութիւններէ բաղկացած Սուրիոյ ժողովրդային հիւսուածքը շարունակեց մնալ կայուն, ներդաշնակ եւ բարգաւաճման ուղի մտաւ:

Այս նախաբանը ներկայացուցի հաստատելու, թէ 2011-ին Սուրիոյ մէջ ստեղծուած տագնապը, որ աւելի ուշ վերածուեցաւ քաղաքացիական պատերազմի, ըստ էութեան արտաքին միջամտութեան եւ հրահրումի արդիւնք էր եւ ոչ թէ սոսկ ժողովրդային բողոքի կամ ընդվզումի ալիք: Չկային բաւարար առարկայական պատճառներ կամ կրօնական թէ ցեղային այնպիսի լարուածութիւններ, որոնք կրնային ժողովուրդը մղել ըմբոստացումի, կամ երկիրը հասցնել համատարած քանդումի:

Մենք իբրեւ Հայ Համայնք, դարերու ներկայութիւն ունեցած ենք Սուրիոյ մէջ, եւ այդ ներկայութիւնը առաւելաբար ծաւալած է Թուրքիոյ կողմէն ծրագրուած Հայոց Ցեղասպանութենէն վերջ: Ջարդէն ճողոպրած տարագիր եւ անօթեւան հայորդիներուս ջերմօրէն հիւրընկալած էին Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդն ու իր ղեկավարները եւ ապաստան շնորհած իրենց երկրին մէջ: Անոնց հետ դար մը ամբողջ համերաշխօրէն գոյակցելով մէկ կողմ դրած էինք գաղթականի մեր ցուպը եւ վերածուած կազմակերպ համայնքի՝ մեր եկեղեցիներով, կրթօճախներով, մշակութային թէ ընկերային կեդրոններով: Պարկեշտ քաղաքացիի մեր համոզումը կը պահանջէր հաւատարիմ մնալ Սուրիոյ պետականութեան, իսկ արաբ ժողովուրդին (իր բոլոր խաւերով) մեզի ցուցաբերած ազնուութիւնը, վստահութիւնը, սէրն ու յարգանքը կը թելադրէր ըլլալ երախտագէտ:

Մենք ինքնաբերաբար յայտնուած էինք եղբայրասպան այս կռուի յորձանուտին մէջ, ակամայ կրելով անոր դաժան արդիւնքները: Մէկ կողմէն պէտք էր մտածել մեր ժողովուրդին ամէնօրեայ կեանքին սպառնացող վտանգին մասին, իսկ միւս կողմէն պէտք էր հաւասարակշռուած վերաբերմունք ցուցաբերել՝ հեռու մնալով ցուցական երեւոյթներէ, այս անողոք պատերազմէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու հեռանկարով:

Հետեւաբար, իբրեւ քաղաքական ակնկալութիւններ չունեցող հայ համայնք, առաջին օրէն իսկ գրաւոր թէ բանաւոր մեր ելոյթներով հաստատեցինք, թէ դէմ ենք եղբայրասպան այս կռուին ու երկիրը ապակայունացման տանող եւ ժողովուրդին միասնականութիւնը խանգարող դաւադրութիւններուն: Դատապարտողն ենք Թուրքիոյ ահաբեկչական դերակատարութեան եւ Սուրիոյ նկատմամբ ծաւալապաշտական ախորժակներու հեռանկարին: Ջատագովն ենք Սուրիոյ պետականութեան ամրապնդման եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման սատարող բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

«Գ.»- Պատերազմէն տուժող ու անոր ազդեցութիւնը կրող սուրիաբնակ ժողովուրդին օժանդակութեան համար, աշխատանքային ինչպիսի՞ ձեւեր որդեգրուեցան սուրիական եւ համահայկական մակարդակներով:

Կ.Իւ.- Հաւաքականութեան մը սպառնացող որեւէ տագնապ միասնական ճիգերու լարումով կը յաղթահարուի: Այս համոզումը ի միտի ունենալով, 2012-ին երբ Հալէպի իրավիճակը վատթարացաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրով կազմուեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը (ՍՇՕՎՄ)՝ կազմուած հայ չորս համայնքապետներէ, երեք կուսակցութիւններու, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի եւ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներէ: Այս մարմինը իր գործադիր ենթայանձնախումբերը ունեցաւ Դամասկոսի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ աւելի ուշ նաեւ Թարթուսի մէջ:

Հալէպի օր ըստ օրէ սաստկացող անապահով իրավիճակը եւ պատերազմի երկարամեայ տեւողութեան նշոյլները, պատճառ դարձան հալէպահայութեան ոչ արհամարհելի մէկ մասին արտագաղթին: Շատեր առժամապէս հաստատուեցան Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններ, իսկ ուրիշներ մեկնեցան դէպի Լիբանան, Հայաստան, Եւրոպա եւ հեռաւոր ափեր:

Հոն, ուր զգալի թիւով սուրիահայեր կայք հաստատեցին, տեղւոյն մեր եկեղեցական թեմերը, կազմակերպութիւնները եւ բարեսիրական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ իրենց կարելին ըրին, եւ ցարդ կ’ընեն, օժանդակութիւններու հայթայթման գծով իրենց նուիրական ծառայութիւնը բերելու:

Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը Սփիւռքի հայահոծ ոստաններէն հասած նիւթական բոլոր օժանդակութիւնները կը ստանայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով, իւրաքանչիւր ստացած գումարի փոխարէն հաշուապահութեան կողմէ անմիջապէս կը ղրկուի համապատասխան ստացագիր եւ շնորհակալագիր: Հասած գումարները ժողովական որոշումով կը փոխանցուին մեր գործադիր մարմիններուն, որոնց միջոցով կը բաշխուի ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն, անոնց տրամադրելով սննդակողովներ եւ շատ յաճախ ուղղակի գումարներ:

Անկախ սննդակողովներէն, Հալէպի Գործադիր Մարմնին ծրագրին մաս կազմեց նաեւ պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած անհատներու հիւանդանոցային եւ բժշկական ծախսերը հոգալը, մարմինը օժանդակեց նաեւ պատերազմէն վնասուած բնակարաններու նորոգութեան: Անցնող վեց տարիներու ընթացքին Սուրիահայութեան Շտապ Մարմինը իր ստացած նիւթական գումարներուն մօտաւորապէս կէսը, անխտիր տրամադրեց նաեւ Սուրիոյ բոլոր հայ համայնքներու վարժարաններուն:

Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս, տագնապի այս ժամանակաշրջանին իրենց նպաստը կը բերեն նաեւ՝ Բերիոյ Թեմի Նպաստից Յանձնախումբը, Բերիոյ Թեմի «Դպրոց» Հիմնադրամը եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը:

Ընդառաջելով Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնին ուղղուած հրաւէրին, այս տարեշրջանի Փետրուար եւ Մայիս ամիսներուն, երկու առիթներով ներկայ գտնուեցանք ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Պատասխանատու Մարմնին՝ Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի հայահոծ քաղաքներուն մէջ ի նպաստ սուրիահայութեան կազմակերպած դրամահաւաքի ձեռնարկներուն: Զոյգ այցելութիւններուն ընթացքին, առիթը ունեցանք նաեւ հանդիպելու տեղւոյն պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, Եւրոպական Միութեան երեսփոխաններու եւ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու հետ: Յարաբերութիւններու ընթացքին պատեհ առիթը ստեղծուեցաւ յստակացնելու սուրիահայութեան դիրքորոշումը եւ համապատասխան տեսերիզներով լուսաբանելու պատերազմի իբր արդիւնք մեր ունեցած տնտեսական ահաւոր վնասները:

Սուրիահայութեան տագնապի յաղթահարման օժանադակելու գործին իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ իր ազգային, եկեղեցական, բարեսիրական թէ քաղաքական կազմակերպութեանց ճամբով, որմէ անմասն չմնացին Հայաստանի Պետութիւնն ու ժողովուրդը, օժանդակելով եւ իրենց հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելով թէ՝ հալէպահայութեան, եւ թէ հայաստանաբնակ սուրիահայութեան: Այս տագնապի ամոքման իրենց նպաստը բերին ու կը շարունակեն բերել նաեւ մեր զոյգ Կաթողիկոսութիւնները, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ՀՕՄ-ը, ՀԲԸՄ-ը, Լոս Անճելըսի մէջ ՍԱՐՖ-ը, ինչպէս նաեւ՝ յանուն սուրիահայութեան Հայաստանի մէջ հիմնուած բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ յայտնի բարերարներ:

«Գ.»- Պատերազմող Հալէպի մէջ ի՞նչ դեր ունեցան հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան նուիրուած հայ տղաքը:

Կ.Իւ.-Պատերազմները, ինչ բնոյթի ալ որ ըլլան, համատարած քանդումի ու թալանի առընթեր, ժողովուրդին մէջ կը ստեղծեն վախի եւ սարսափի մթնոլորտ ու կեանքի անապահով իրավիճակ: Պէտք էր բոլոր մակարդակներու վրայ տէր կանգնիլ մեր տագնապահար ժողովուրդին ու ամոքել անոր ցաւը: Ազգասիրական զգացումներով լիցքաւորուած եւ գաղափարական դաստիարակութեամբ տոգորուած մեր մարտունակ երիտասարդութիւնը, ի տես այս իրողութեան, չէր կրնար անտարբեր մնալ: Նուիրական այս գործին կամովին լծուեցան հարիւրաւոր երիտասարդներ եւ նոյնիսկ հասուն տարիքի տղամարդիկ ու նուիրաբար ստանձնեցին հայկական թաղամասերու, ուր կը գտնուին նաեւ մեր ազգային, կրթական եւ եկեղեցական հաստատութիւնները, պաշտպանութեան գործը:

Հալէպի վատթարացող պայմաններուն բերումով, հարիւրաւոր հրթիռներ արձակուեցան նաեւ հայահոծ թաղամասերու վրայ՝ քանդելով բնակարաններ ու շէնքեր: Նոյն կամաւոր տղաքն էին, որոնք այս անգամ փութացին փլատակներու տակէն վիրաւորներ ազատելու եւ հրդեհներ մարելու: Անոնք ցայսօր մնալով պատնէշի վրայ, կը շարունակեն իրենց նուիրական առաքելութիւնը:

«Գ.»- Սուրիահայութիւնը, հակառակ տիրող ծանր կացութեան, իր ունեցած ահաւոր կորուստներուն, դիմացաւ ու տոկաց, նոյնիսկ այնպիսի պարագաներու տակ, երբ հայկական կողմերէ ալ, մերթ ընդ մերթ, կը հնչէին յուսահատական խօսքեր:

Ձեր կարծիքով, ի՞նչ բանի շնորհիւ կարելի եղաւ տոկալ, համբերել ու պահել հաւասարակշռուած դիրքորոշում՝ պատերազմի անհեռանկարային առօրեային մէջ:

Կ.Իւ.- Սուրիոյ վիճակուած պատերազմը իր տեսակին մէջ աննախընթաց էր թէ՛ պատերազմական չափանիշերու խախտումով, եւ թէ մարդկային տարրական խղճին չգոյութեամբ: Իսկ Հալէպի իրավիճակը, ուր կ’ապրէր հայութեան մեծամասնութիւնը, շատ աւելի վտանգաւոր էր եւ սարսափազդու: Հալէպը շրջապատուած էր իսլամ ծայրայեղական գաղափարներով սնանած զինեալներով, որոնց մէջ կային նաեւ վարձկան ոճրագործ կռուողներ: Շրջափակման պատճառով ամիսներ եղան, երբ Հալէպէն դուրս ելլելը անկարելի էր: Յուսահատական այս պայմաններուն եւ իրավիճակին լրջութեան բերումով, բնականաբար դուրսէն պիտի հնչէին յուսահատական ահազանգեր եւ շատեր ակամայ պիտի հեռանային երկրէն: Կեանքի պայմաններուն օր ըստ օրէ վատթարացման պատճառով, կարելի չէր երաշխաւորել ժողովուրդի կեանքին ապահովութիւնն ու տնտեսապէս հոգալ անոր բոլոր կարիքները:

Կը կարծեմ, որ ազգը իր կարելին ըրաւ բարոյապէս յուսատու մթնոլորտ ստեղծելու եւ ժողովուրդին հիմնական կարիքները ապահովելու իմաստով:

Շատեր կը հաւատային, որ սուրիական հողը օրհնուած է, իսկ բանակը՝ անպարտելի, ուրիշներ ջերմօրէն կապուած էին Հալէպին եւ անոր աւանդութիւններուն ու համոզուած, որ Հալէպի մէջ իրենց զաւակները կրնան հեռու մնալ այլասերումէ: Ոմանք տնտեսապէս անկարող էին քաղաքէն դուրս՝ օտար ափերու վրայ ապրելու: Կային նաեւ անձեր, որոնք համոզուած էին, որ Սուրիոյ տագնապին աւարտը մօտալուտ է: Երեւոյթը այնքան բարդ է, որ կարելի չէ ճշգրիտ արժեւորում կատարել:

«Գ.»- 2016-ի Դեկտեմբերին, ճեմարանի շրջափակին մէջ յայտարարուեցաւ Հալէպի հայկական թաղամասերու վերականգնումին մեկնարկը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. 2018-ը հռչակեց «Վերանորոգումի Տարի»:

Վերականգնումի այս հանգրուանին ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի սուրիահայութիւնը եւ ինչպիսի՞ առաջնահերթութիւններով պէտք է ընթացք առնէ վերականգնումը, յատկապէս նկատի ունենալով համայնքի թիւին նուազումը եւ մարդուժի խիստ պահանջքը:

Կ.Իւ.- Երբ Դեկտեմբեր 2016-ին Հալէպի ապահովական իրավիճակը զգալիօրէն բարելաւում արձանագրեց, մեր ժողովուրդին հոգիէն ճառագայթեց յոյսի եւ վերապրումի լոյսը: Հալէպահայութեան կեանքը ապահովական թէ տնտեսական առումով բարելաւուեցաւ: Պետութեան կողմէ տրամադրուած ջուրի եւ ելեկտրականութեան ծառայութիւնները բնականոն ընթացք առին: Եղան նաեւ վերջնականապէս Հալէպ վերադարձող ընտանիքներ: Բարեսիրական կազմակերպութիւններու օժանդակութեան ծրագիրներուն մաս կազմեցին վերականգնումի համար տրամադրելի պիւտճէներ, նոյն տրամադրութեամբ նաեւ սկսաւ գործել Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը, առաջնահերթ համարելով եւ յատուկ պիւտճէ տրամադրելով գործատեղիներու վերանորոգումին: Վերանորոգուեցաւ Ազգ. Ք. Ե. Ճեմարանի մէկ մասնաշէնքը, Ազգ. Պատսպարանը, Կիլիկեան ճեմարանը եւ հայ այլ համայնքներու եկեղեցիներ ու դպրոցներ:

Խանդավառելով, խանդավառուելով եւ գնահատելով հանդերձ տարուող աշխատանքները, վերանորոգման գծով սկսած ու տակաւ շարունակելի բոլոր շինարարական նախաձեռնութիւնները, որոնք անկասկած վերականգնումի նպատակին ծառայող ծրագիրներու մէկ օղակը պիտի կազմեն, արդեօ՞ք­ բաւարար կարելի է համարել: Ի՞նչ հրապոյր եւ իմաստ պիտի ներշնչեն այդ նորակառոյց յարկերը, երբ անդին անողոք պատերազմին եւ արտագաղթին արդիւնքով մենք կորսնցուցինք մարդուժ եւ ունեցանք որակական կորուստներ:

Իմ կարծիքով, այսօրուան մեր առաջնահերթութիւնը պէտք է կեդրոնացնել վերակազմակերպումի եւ մարդուժի վերաորակաւորման անյետաձգելի գործին վրայ, որմէ կախեալ է նաեւ մեր երիտասարդ սերունդի պայծառ ապագան, անոր ուսման եւ հայեցի դաստիարակութեան հայեցակարգը:

Աւարտին կ’ուզեմ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր այն կողմերուն, անխտիր, որոնք սուրիահայութեան տագնապի յաղթահարման ճիգերուն իրենց արժանավայել մասնակցութիւնը բերին:

Փառք ու պատիւ «խաւարի այն ասպետներուն», որոնք մութին ու բուքին, իրենց կեանքին գնով, մեր հայահոծ թաղերը պաշտպանեցին ու տագնապահար ժողովուրդին յոյս ու ապահովութիւն ներշնչեցին:

Բիւր յարգանք սուրիահայ նահատակներուն, խունկ ու աղօթք Ղարաբաղի սահամաններուն վրայ զոհուած մեր զինուորներու շիրիմին:

Շնորհակալութիւն «Գանձասար» շաբաթաթերթին, հարցազրոյցի այս պատեհ առիթը ստեղծելուն համար:

kantsasar.com

Տպել Տպել