Խմբագրական «Ազդակ»ի. Վստահութիւն Եւ Մասնակցութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հաւանաբար այն հազուագիւտ կառոյցներէն է, որ իր ցանցային, բրգաձեւ կառոյցով շուրջ երկու տասնամեակէ աւելի կը գործէ աշխարհի տարածքին: Կեդրոնական հոգաբարձութիւնը, Երեւանի գրասենեակը, գումարած` իւրաքանչիւր երկրի յանձնախումբերը յաջողած են հիմնադրամի գործունէութեան եւ կառուցակարգին մէջ ներգրաւել հայ կեանքի բոլո՛ր` պետական, քաղաքական, յարանուանական եւ միութենական ներկայացուցիչները:

Անկախ իւրաքանչիւր տարի ձեռք բերուած գումարային-նիւթական արդիւնքներէն, նախ կառոյցի գոյութիւնը` հայութեան ներուժը համախմբելու եւ ապա նպատակաուղղուած աշխատանքը իրականացնելու առումով գաղափարախօսական լիցք կը հաղորդեն երեւոյթին եւ գործին: Համահայկականութիւնը այս պարագային սոսկ կարգախօսային բնոյթ չունի, այլ գաղափար է, առաջադրանք եւ մանաւանդ արդիւնաւէտ գործելաեղանակ:

Կարեւոր խորհուրդ ունի ուրեմն, այն որ Արցախի հեռաւոր գիւղի մը ջրամատակարարման համակարգը կը հաստատուի, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները իրար կապող ճանապարհաշինարարութիւնը կ՛ամբողջանայ, ու տակաւին դպրոցներ, հիւանդանոցներ, ենթակառոյցներ իրար ետեւէ կը նորոգուին ու կը վերանորոգուին այս կառոյցի ընդհանուր աշխատանքներուն շնորհիւ, որոնց կը մասնակցին բոլորը` անխտիր: Կառոյցն ու երեւոյթը ռազմավարական նշանակութիւն ունին ոչ միայն ներազգային ներուժի համախմբումի, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման եւ պետականաշինարարական աշխատանքներուն հիմնական նպաստ բերելու հանգամանքով:
Երկու տասնամեակի փորձառութիւնը, ըստ էութեան, բաւական ճամբայ կտրած է: Այս կառոյցի գործունէութեան եւ արդիւնաւէտութեան համար համակողմանի վստահութիւնը կայացած երեւոյթ է: Այլապէս գոյութիւն ունեցող փտածութիւնը, իւրացումները եւ առհասարակ ստուերը փաստօրէն չեն խախտած այս կառոյցին եւ անոր գործունէութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը:

Այս տարուան դրամահաւաքը իր կարգին ցոյց տուաւ, որ տարիներու վաստակին եւ գործունէութեան արդիւնքին վրայ ամուր հիմերով խարսխուած է այդ վստահութիւնը: Շահուած այդ վստահութիւնը պէտք է պահպանել, որովհետեւ հիմնական երաշխիքն է յառաջիկայ աշխատանքներու արդիւնաւորման: Այս առումով ալ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնական գրասենեակը ներկայացնող ոեւէ ներկայացուցիչ կամ մամլոյ պատասխանատու ծայրայեղ զգուշաւորութիւն պէտք է ցուցաբերէ իր հրապարակած հաղորդագրութիւններուն կամ կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին: Սփիւռքի տարածքին համազգային նպատակներու կամ ճգնաժամի մէջ յայտնուած համայնքներու համար հանգանակուած գումարներու փոշիացած ըլլալու մասին ոչ հիմնաւորեալ յայտարարութիւն կատարելէ առաջ հաղորդագրութիւն խմբագրողը պիտի հաշուարկէ, թէ ի՛նչ տեսակի ընկալում կրնայ ունենալ այդ հանգանակութեան ձեռնարկած, այդ հանգանակութեան մասնակցած կամ այդ հանգանականութիւնը ստացող կողմը: Բարեբախտաբար սակայն նման հաղորդագրութիւններ եւս ժխտական անդրադարձ չունեցան շահուած վստահութեան եւ անոր հիմամբ կայացած գործին մասնակցութեան վրայ: Երթը կը շարունակուի:

Այսօր լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած է մասնակցելու համագաղութային ռատիոթոնին: Նպատակը եռակողմ ուղղութիւն ունի, եւ այդ երեք ուղղութիւնները ի վերջոյ կը միանան միեւնոյն խորհուրդին: Ճգնաժամային պայմաններ ապրող հայրենամերձ սուրիահայութեան, սփիւռքահայ կեանքի մարդուժի շտեմարան հանդիսացած լիբանանահայ վարժարանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող երաշխիքին` Արցախին:

Մեր գաղութը հերթական անգամ փաստը պիտի տայ այս անհրաժեշտութիւններու գիտակցումին եւ մանաւանդ գործնական մասնակցութեան:

Խմբագրական «ԱԶԴԱԿ»ի

Տպել Տպել