Նախագահին Եւ Քոնկրեսին Կոչեր Կը Կատարուին՝ Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը

Ծերակուտական Մենենտեզ (կեդրոնը), Հայ Դատի յանձնախումբէն Ռաֆֆի Համբարեանի եւ Ռաֆֆի Գարագաշեանի հետ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքէն ներս տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան հաւաքը, մասնակցութեամբ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներու։

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մասնակիցները կոչեր կատարեցին նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ Քոնկերսին, որ վերջ տան Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով թրքական ճնշումներուն տեղի տալու կեցուածքին՝ յստակօրէն հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։

Նշեալ կոչերուն մէջ առաջնորդողի դեր ստանձած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Տէյվ Թրաթ, որ շեշտած է, թէ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Փօլ Ռայընին անձնական խնդրանք մը կատարած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 220 բանաձեւը քուէարկութան դնելու գծով։

Նշենք, որ թիւ 220 բանաձեւը ցարդ կրցած է ապահովել 115 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դրուատած է հաւաքին ներկայ եւ բանաձեւին զօրակցող քոնկրեսականներուն ու յատկապէս Տէյվ Թրաթի ջանքերը՝ ի նպաստ Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման։

Ոգեկոչման ձեռնարկին ելոյթ ունեցած են նաեւ ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ, Շելտըն Ուայթհաուս, Քրիս Վան Հոլըն, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն, Էտըմ Շիֆ, Էտ Ռոյս, Ճիմ Քոսթա, Թետ Տոյչ, Աննա Էշու, Թուլսի Կապարտ, Ճաշ Կոթիմըր, Թատ Ռոքիթա, Լինտա Սանչեզ, Պրետ Շըրմըն եւ Քրիս Սմիթ։

Քոնկրեսականները դատապարտած են այն իրողութիւնը, որ ամերիկեան իրերայաջորդ կառավարութիւններ տեղի տուած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու եւ պատմութիւնը խեղաթիւրելու նպատակով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն բանեցուցած ճնշումներուն, հակառակ անոր որ Անգարա տարբեր առիթներով ցոյց տուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու իսկական բարեկամ մը չէ։

Անոնք նաեւ ազդարարած են, թէ Ցեղասպանութեան ուրացումը վնաս կը հասցնէ ամերիկեան շահերուն եւս։

Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Ազգային Ալէք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէն դոկտ. Ալինա Դուրեան։ Ներկայ էին նաեւ հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանն ու Արցախի ներկայացուցիչը, Ցեղասպաձնութիւնը ճանչնալուն համար Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնէն հեռացուած Ճան Էվընզ եւ յունական, քրտական, ասորական ու փոքրամասնութեանց իրաւանց պաշտպան կազմակերութիւններու ներկայացուցիչներ։

Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://youtu.be/Zaw8NbQGQto կայքը։

Նշենք, որ այս առիթով մայրաքաղաք Ուաշինկթըն այցելած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Լենըրտ Մանուկեան եւ Ալինա Դուրեան, երկու օրերու ընթացքին շարք մը հանդիպումներ ունեցած են քոնկրեսականներու հետ, Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ ծրագիրներ ջատագովելու նպատակով։

asbarez.com

21/04/2018

Տպել Տպել