Յայտարարութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն գոհունակութեամբ կ՚ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած դէպքերու խաղաղ կարգաւորումը։

Երկու շաբաթ տեւող ցոյցերուն որպէս հետեւանք, նորընտիր վարչապետ Սերժ Սարգսեանը ընդառաջեց երկրի քաղաքացիներու պահանջքին ու ներկայացուց իր պաշտօնի հրաժարականը, ինչ որ վստահաբար զարգացաւ մեծ դժուարութիւններով։

Ցուցարարները, յանձնառու վերաբերմունքով քաղաքական եւ ընկերային իրականութեան հանդէպ, գոյացուցին իսկական եւ օրինական պահանջքի միջավայր մը։

Այս դէպքերու զարգացումը, այնպէս ինչպէս որ նաեւ պատահեցաւ երեսուն տարիներ առաջ նորաստեղծ Հանրապետութեան սկզբնական օրերուն, կը ցոլացնեն ժողովրդավարական կոչման մակարդակը եւ որքանո՛վ զանոնք կը գործեն ու արմատաւորուած են հայ ժողովուրդին մէջ։

Սակայն գիտակից ենք թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը տակաւին կը կարօտի էական եւ խոր փոփոխութիւններու, պայքարելու համար կաշառակերութեան, սակաւապետութեան եւ աղքատութեան դէմ։
Առօրեայ գործունէութեամբ նպաստել ընկերային արդարութիւնը, մարդկային իրաւանց լիարժէք զարգացումը եւ, այդպիսով՝ պայքարիլ ներկայ արտագաղթին դէմ։

Քաղաքական նոր ղեկավարութիւնը պէտք է անպայման մեկնաբանէ ժողովուրդին կարիքները եւ ունենայ տարբեր մօտեցում, գերազանցող առաջարկներով։ Ի յայտ է որ նոր վարչապետի նշանակման համար նպատակայարմար պիտի ըլլայ հասնիլ քաղաքական համաձայնութեան մը։

Հարկ է որ մեր Մայր Հայրենիքի իւրաքանչիւր բնակիչ մասնակից դառնայ, ու ինքզինքը զգայ որպէս դերակատար Հայաստանի ապագայի կերտման ճանապարհին, ինչ որ անպայմա՛ն պէտք է արտացոլուի ապագայ ընտրութիւններու քուէներով։

Նոյն ժամանակ, հարկ է քաղաքացիութեան կողմէ ձեռք բերուած այս յաջողութիւնը մօտէն հետեւինք եւ զգուշութեամբ, որպէսզի չի դառնայ որոշ խումբի կամ հատուածի ի նպաստ դիրքորոշում, այլ՝ ունենայ որպէս բարձրագոյն նպատակ համայն հայ ազգի զարգացումն ու բարօրութիւնը։

Հ.Յ.Դ. Ահանորեանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Պուէնոս Այրէս, 23 Ապրիլ 2018

Տպել Տպել