Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարուայ առթիւ ոգեկոչման շաբաթօրեակ ուրուկուահայ գաղութէն ներս

Մեծ Եղեռնին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկները ընթացք առին Մօնթէվիտէոյի մէջ, Կիրակի 22 Ապրիլին Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցին, Արցախի մէջ ինկածներու հոգեհանգստեան պաշտօնով, որմէ անմիջապէս ետք ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ և ԵՐԵՒԱՆ-50 սկաուտական խումբերը, յատուկ արարողութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին մեր Սուրբ Նահատակներու յուշակոթողի դիմաց, որմէ ետք ներկայ ժողովուրդի հետ ծաղիկներ խոնարհեցին մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին։

24 Ապրիլ Երեքշաբթի առաւօոտեան ժամը 10:30-ին, մեր գաղութի զոյգ վարժարաններու, Նուպարեանի և ե Գսաճըքեանի աշակերտները միասին, յատւկ յայտագիր մը իրագործեցին մեր Եկեղեցւոյ շրջաբակը զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Յուշարձանի մօտ, երգով, արտասանութեամբ և կենդանի պատկերով, յուզելով հոն գտնւողներուն ։

Յետ միջօրէ ժամը 2:00-ին՝ երկար տարիներու ավանդութեան համաձայն՝ Անկախութեան Հրապարակի վրայ գտնւող ազատարար Զօր. Արթիկասի Յուշակոթողի մօտ՝ ծաղկեպսակի զետեղման պաշտօնական արարողութիւն կատարուեցաւ՝ Պլանտէնկէսի պատւոյ պահակախումբի առաջնորդութեամբ և մասակցութեամբ մեր վարժարաններու աշակերտական խումբի մը։

Միևնոյն օրը, Ուրուկուայի Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկ, Խորհրդարանի Նախագահութեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբին և Ուրուկուայի Հայոց Թեմի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, որուն ներկայ գտնուեցան խումբ մը պատգամաւորներ, պետական գործիչներ, ինչպէս նաև Պոյնէս Այրէսէն ի մասնաւորի ժամանած, Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչ ընկ. Ժանիկ Քէչեանը։

Ելոյթ ունեցան Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահ Խօրխէ Կանտինի, երկրիս փոխ արտգործ նախարար, դեսպան Արիէլ Պէրկամինօ որ մեր երկրէն դուրս գտնւող արտգործ նախարար Ռոտօլֆօ Նին Նօպօան ներկայացուց, Մարդու Իրաւունքի Հիմնարկութեան տնօրէն Տօքթ. Խուան Ֆարօփա, ՀՀ դեսպան Էսթէր Մկրտումեան և Հայ Դատի Յանձնախումբի անունով Էլիանա Փանոսեան։ Ակադեմական այս ոգեկոչման հաւաքի խօսնակն էր մեր երիտասարդ ընկերուհիներէն Ռօմինա Քույումճեանը։

Խօսք առնող բոլոր ուրուկուայցի օրենսդիրները, կրկին անգամ ոչ միայն իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայ Դատի տարւող աշխատանքներուն, այլև շեշտեցին իրենց յանձնառութիւնը սատարելու և գործակցելու մեր արդար դատին։

Չորեքշաբթի 25 Ապրիլ «Հայ արիւն» կարգախօսի տակ, արեան տւչութիւն կատարուեցաւ Ուրուկուայի արեան պանգին, որուն մասնակցեցան բաւական մեծ թիւով հայրենակիցներ։ Այս մարդասիրական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ կից, գաղութիս Մշակութային Սրահի մէջ։

իսկ յառաջիկայ Ուրբաթ 27 Ապրիլ ժամը 18:30-ին ավանդական ջահերով երթ պիտի կատարուի մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտայի վրայ, կազմակերպութեամբ Ուրուկուահայ Միութիւններու երիտասարդներու կողմէ։

Կարօ Հէքիմեան

Տպել Տպել