«Ազդակ»ի Խմբագրական. Միջազգային Հեղինակութեան Նոր Նշաձողերու Իրացում

Հայաստանի վարչապետի ընտրութեան ընթացակարգի մեկնարկի ճշդումը կը պարտաւորեցնէ ճգնաժամի հանգուցալուծման համար քաղաքական երկխօսութեան հարթակի արագ կայացումը եւ համապատասխան եզրայանգումներու արձանագրումը։

Սինչեւ այս պահը կայ համակողմանի մօտեցում` գործընթացները պահելու քաղաքակիրթ, խաղաղ սահմաններու մէջ, առաւել եւս` հանգուցալուծումները բերելու օրինական դաշտ։Թաւշեայ յեղափոխութեան դիմաց կար նաեւ թաւշեայ պետական արձագանգում`ուժի կիրարկումը բացառելու եւ ընթացակարգը սահմանադրական եւ մանաւանդ անցնցում պահելու։

Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն, օրինակելի է ո՛չ միայն ներազգային, այլ նաեւ միջազգային մակարդակով։ Գործընթացները իրողապէս բարձրացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկը։ Դժուար պիտի ըլլար յիշելը ժողովրդավարական կարգերով կառավարուող այլ երկիրներ, ուր անընդհատ ժողովուրդը շաբաթներ բողոքի գործողութիւններով ինքզինք կը դրսեւորէ` գիտակցելով, որ այդ գործողութիւններուն պէտք է տայ բացառապէս խաղաղ բնոյթ, Որուն դիմաց իրաւապահ մարմինները, հակառակ բերման ենթարկելու պարագայական կոշտ վերաբերումներու, ընդհանրապէս կը խուսափին պատահարներուն անհամաչափ ուժ ցուցաբերելու փորձութենէն։

Այստեղ առանձնապէս պէտք է ընդգծել նաեւ վարչապետին հրաժարական տալու աքթին եւ թեքսթին պետականութեան բարձր մակարդակը, ուր առաջնային կերպով գերադասուած էին` երկրի անդորրութիւնը, անվտանգութիւնը, համերաշխութիւնը։

Իրենց ամբողջութեան մէջ գործընթացները համակողմանիօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածեցին ժողովրդավարութեան մոտել պետութեան եւ հասարակութեան օրինակի։

Յաճախ, տարբեր առիթներով կատարուած վերլուծումներու մէջ, թէ՛ իրաւական եւ թէ՛ քաղաքական առումներով կը շեշտուին եւրոպական արժեհամակարգի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը մեր երկրին կողմէ եւ այդ ուղղութեամբ փուլ առ փուլ պարտաւորութիւնները կատարելու պահանջներու յիշեցումները։ Դժուար պիտի չըլլար ընկալելը, որ գէթ այս պարագային եւրոպական շատ մը երկիրներ գուցէ նաեւ անհրաժեշտութիւնը զգային որդեգրելու հայկական մոտելն ու պետական-հասարակական արժեհամակարգի դրսեւորած մօտեցումները։

Այս բոլորը կապ չունին անշուշտ մեկնող-գալիք իշխանութիւններուն գնահատականներու հետ։ Այս բոլորը մինչ այժմ արձանագրուած-արձանագրուող գործընթացներուն ունեցած դրական ազդեցութեան կը վերաբերին` մեր երկրի միջազգային հեղինակութեան ու վարկի բարձրացման մէջ։ Ի վերջոյ, համաժողովրդային կամքի կամարտայայտութիւն, որուն դիմաց` վարչապետի հրաժարական։ Բախումներու բացառում, խաղաղ եղանակի որդեգրման եւ կիրարկման կոչեր, իրականացումներ եւ իրաւապահ մարմիններու արհեստավարժ գործելաոճի առարկայացում եւ ուժի կիրարկումէ խուսափումի վճռակամութիւն։

Այս բնութագրումները կապ չունին նաեւ գէթ այսօր միանձնեայ ղեկավարութեամբ յատկանշուող համաժողովրդային ընդդիմութեան իշխանութիւն ստանձնելու պարագային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւներուն հետ առնչուած հայեցակարգային անորոշութիւններու առթած տեղին մտահոգութիւններուն հետ։

Այդ հարցերը կան եւ պիտի յստակացուին տակաւին։ Խնդիրը այսօր ժողովրդավարական դիմագիծի պայծառացման եւ միջազգային վարկաւորումին կը վերաբերի։ Եւ բոլոր պատճառներն ու արդար ակնկալութիւնները կան, որ գիտակցական այս համակողմանի բարձր մակարդակը ինքզինք զգալի դարձնէ նաեւ հետագայ հանգուցալուծումներու գործընթացներուն` միշտ գերադասելով այդ բոլորին սահմանադրականութիւնն ու անոնց օրինական դաշտի մէջ կայացումը։

aztagdaily.com

Տպել Տպել