«Ազդակ»ի Խմբագրական. Մայիս Մէկ. Երկու Միջավայրերու Մէջ

Մայիս մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այս անգամ կը ստանայ խիստ ժամանակակից, արդիական հնչեղութիւն, այն առումով, որ համաժողովրդական շարժումը կը տօնախմբէ իր յաղթանակը:

Այս յաղթանակին, աւելի ճիշդը ամբողջ շարժումի համաժողովրդայնացման մէջ առաջադրուած առաջնային թեմաներէն էր հարստապետական կարգերը արմատապէս փոխելու կարգախօսը: Իսկ այդ կարգախօսը յաջողած էր նկատելի թիւով համալրել մարզերու, գիւղերու եւ առհասարակ քաղաքացիներու այն խաւը, որ տուժած էր այդ կարգերէն եւ շահագործուողի կարգավիճակին մէջ յայտնուած:

Բնականաբար միայն այդ խաւի ներկայացուցիչները չէին ընդդիմադիր ղեկավարի կողքին կամ անոր ետեւէն քալողները: Այսուհանդերձ ընդհանրապէս շարժումի համաժողովրդայնացման եւ ծաւալման ու ահագնացման մէջ այս գերխնդիրը իր անշրջանցելի դերը ունէր:

Հրատապ կարեւորութեամբ կը ներկայանայ հիմա այն, որ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը, ազգային-պետական հարստութիւններու սեփականացման դէմ օրինական պայքարը կամ հակամենաշնորհային հայեցակարգերու գործնական փուլ անցումը քայլ առ քայլ ճիշդ հունով ընթանայ եւ իրողապէս սատարէ համակարգային փոփոխութեան. ժողովուրդի վիճակի փոփոխութեան:

Ժողովրդային ընդվզումը եւ համակարգ փոխելու տրամադրութիւններու նմանատիպ դրսեւորումը նախ եւ առաջ շահագործող հարստապետական կարգերուն ուղղուած է եւ առաջադրած` քաղաքացիի արժանապատիւ կենսակերպի ապահովումը:

Ճիշդ է, որ հրատապութեամբ մայիսմէկեան խորհուրդը Հայաստանի Հանրապետութիւն կը հրաւիրէ մեր բոլորին հայեացքները, այսուհանդերձ Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան եւ առհասարակ լիբանանահայ համայնքին համար եւս մեզ կը մղէ Աշխատաւորներու տօնը ընկերվարական սկզբունքներու հայեցակէտերէն արժեւորելու. եւ յիշելու լիբանանցի քաղաքացիի իրաւունքները պաշտպանելու խորհրդարանական քննարկումներու, լսումներու ընթացքին Դաշնակցութեան ներկայացուցիչի դիրքորոշումները կենցաղային-տարրական միջոցները ապահովելու ուղղութեամբ, մինչեւ` վարձքերու օրէնքը բողոքարկելու սակաւաթիւ անուններ հաշուող ցանկին մէջ ներառուիլը: Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ հետեւողականութիւն ցոյց տուած է աշխատաւորներու եւ տնտեսական դժուարութեան մէջ յայտնուած քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանելու կեցուածքներուն միջեւ:

Ներհամայնքային առումով, տնտեսական ընդհանուր դժուար կացութեան մէջ յայտնուած հայ երիտասարդին ընտանիք կազմելու, բնակարանային ծրագիրներուն ետին մղիչ գործօն հանդիսանալու, կրթական ֆոնտերով հայ ուսանողին օժանդակելու, ընկերային կարիքաւոր խաւին սննդական, առողջապահական հարցերը լուծելու բազմաթիւ փաստերը եւ այդ բոլորին համար բաժանմունքներ, գրասենեակներ հաստատելը գործառոյթներ են, որոնք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր վրայ վերցուցած է. այդ գործառոյթներու ինքնաստանձնումն ու անոնց կատարողականութիւնը ապահովելը հիմնովին կապ ունին մայիսմէկեան խորհուրդին հետ: Եւ այդ բոլորը կ՛իրականանան Դաշնակցութեան ծրագիրի ընկերվարական հայեցողութեան համահունչ մղումներով:

Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններու առանցքը շահագործուող խաւին արժանապատիւ կենցաղ ապահովելն է. Լիբանանի մէջ համայնքի ծով կարիքներուն հասնիլը: Երկու ուղղութիւններուն վրայ ընկերվարական եւ այս պարագային մայիսմէկեան խորհուրդներուն ընդառաջ գործնական քայլեր առնելը, ժողովուրդին ծառայելը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել