Քսան օրեր, որոնք ցնցեցին երկրի կեղտը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Սեդօ Պոյաճեան

Կեղտ մը պաշարած էր մեր հայրենիքի հասարակական կեանքը։ Կեղտը թափանցած էր ղեկավարման մակարդակէն մինչեւ ժողովրդային խաւերը։ Կեղտը կը կրծէր մեր հաւաքական ներուժը, կը խորթացնէր մեր ազգային արժէքները, կը կեղեքէր մեր հայրենական հարստութիւնը։

Այս կեղտին շարժիչները ցեցերու նման սեփական յղփացման համար կը վատնէին մեր ժողովուրդի ու յատկապէս ապագայ սերունդի նիւթական եւ մտաւոր ժառանգութիւնը։ Ինչպէս Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմներգը կը հաստատէ, «շահագործող ցեցեր վատնեն, իսկ մեզ չոր հաց բաժին հանեն»։

Տակաւին տարիներ առաջ, այս կեղտի մասին Վահան Յովհաննիսեան կը զգուշացնէր բոլորին՝ թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ քաղաքական ուժերուն, թէ՛ մտաւորականութեան եւ թէ ժողովուրդին։ Իր «Մայրամուտ, Որը Հարկաւոր Է Կասեցնել» խորագրութեան յօդուածաշարքին մէջ (հրատարակուած 2013ին «Երկիր» եւ «Ազդակ» թերթերուն մէջ), ան սեւով ճերմակի վրայ կը յայտարարէր բոլորին, «ո՛չ Ղարաբաղեան շարժման սկզբում, ո՛չ Սպիտակի երկրաշարժի սարսափելի օրերին, ո՛չ պատերազմի ժամանակ, ո՛չ մութ ու ցուրտ, սովի 90-ականներին, ո՛չ, առաւել եւս, 2000-ականների սկզբին մենք չէինք կարող պատկերացնել, որ, որպէս ազգ ու երկիր, կարող ենք յայտնուել այն կեղտի մէջ, որում այսօր ենք»:

Վահանին խարազանող խօսքերը օրին տեղ չհասան։ Հակառակ իր եւ իր առաջնորդած կուսակցութեան՝ Դաշնակցութեան անհատնում ճիգերուն, կեղտը մնաց եւ ուռճացաւ։ Ժողովուրդը կը զգար ու կը տեսնէր կեղտը, սակայն տիրող ջլատիչ թմբիրը կ՚արգելակէր անոր վերացման հաւաքական նախաձեռնութիւնը։

Այսպէս, կեղտին պատճառած հայրենական «մայրամուտը», որ պէտք էր կասեցնել՝ կը յամենար, առիթ տալով յաւելեալ վատնումներու, կեղեքումներու։ Եւ կը շարունակէր անպատասխան մնալ Վահանին հարցումը, «ինչպէս մայրամուտից առաջ, երբ չգիտես` կը ծագի՞ արդեօք արեւը։»

Այդ արեւը սկսաւ իր շողերը արձակել երեք շաբաթ առաջ։ Ապրիլ 13էն մինչեւ Մայիս 2, մենք ողջ հայութեամբ ականատես եղանք, զգացինք, մասնակից դարձանք քսան օրերու, որոնք ցնցեցին մեր երկրի կեղտը։ Այսօր մօտալուտ կը թուի յուսադրող եւ լուսադրող արեւածագը Հայաստանի։

Քսան օրերուն պատահածը ոչ յեղափոխութիւն էր եւ ոչ ալ ըմբոստութիւն։ Ասիկա տարերային այն շարժումն էր, որ կրնար միայն մեր ժողովուրդի գիտակցական բնազդը կատարել։

Մեր թշնամիները կը սպասէին եղբայրասպանութեան, որպէսզի աւելի տկարանայ Հայ ժողովուրդը կամքը։ Շատեր կը յուսային մեր հասարակութեան բարոյական կորուստը, որպէսզի աւելի երկփեղկուի Հայաստանը։ Տարածաշրջանով շահագրգռուած ուժերը կակնկալեին մեր երկրի քաղաքական անկայունութիւնը, որպէսզի աւելի դիւրաւ հակակշռելի դառնայ մեր ազգային ճակատագիրը։

Ի տես բոլորին, եղբայրասպանութեան փոխարէն մենք ապացուցեցինք մեր համերաշխութիւնը։ Բարոյական կորուստի փոխարէն մենք ամրապնդեցինք մեր վճռականութիւնը։ Քաղաքական անկայունութեան փոխարէն մենք փոխանցեցինք մեր հաւաքական տոկունութիւնը։

Հիմա ժամանակն է արդար Հայաստանի կառուցման, որ կը պահանջէ մեր բոլորին զօրակցութիւնը, իւրաքանչիւրիս մասնակցութիւնը, մանաւանդ ամէն մէկ հայու համերաշխութեան եւ զոհաբերութեան ոգին։ Այս բոլորը պիտի ընենք, պէտք է ընենք, ոչ միայն յանուն Հայաստանի, այլ նաեւ յանուն Արցախի պահպանման եւ սփիւռքի ամրապնդման։

Կարող ենք ընել այս բոլորը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ցնցեց երեսուն տարուայ կեղտը։ Այդ կեղտին հիմնական աղբիւրը այն սովետական մարդն էր, որ ինքզինք կենդանի պահեց մեր մէջ։ Կեղտը ցնցելով նախ պէտք է քանդենք այս օտարամուտ մարդը, որուն դէմ Դաշնակցութիւնը տասնամեակներ շարունակ պայքարեցաւ։

Ճիշդ է, մեզի համար Սովետական Միութիւնը փուլ եկաւ 29 տարի առաջ։ Սակայն Սովետական մարդը չմեռաւ մեր մէջ։ Այդ մարդը, իբրեւ ղեկավար թէ իբրեւ ժողովուրդի մէկ անդամը, մնաց կենդանի՝ ինքզինք շարունակաբար վերարտադրելով կրկին ու կրկին անգամ՝ իբրեւ ղեկավար թէ իբրեւ ժողովուրդի մէկ մասնիկը։

Այսօր, հայրենիքի մէջ մեր ժողովուրդը գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար սկսած է քանդել այդ Սովետական մարդը։ Անկախ այն իրողութենէն, թէ գալիք օրերուն եւ ամիսներուն քաղաքական ուժերը ինչպիսի ընթացք կու տան Հայաստանը վերափոխելու իրենց խոստումներուն, այս Սովետական մարդը պէտք է քանդել։ Որովհետեւ, այդ մարդը, իբրեւ առաջնորդ թէ ժողովուրդի բաղկացուցիչ տարր, տեւաբար խափանեց արդար Հայաստանի ստեղծումը։

Շնորհիւ մեր ժողովուրդի առողջ բնազդներուն, հիմա կը քանդուի Սովետական մարդը, եւ կը քանդուի ճիշդ ձեւով՝ առանց բռնութեան, խաղաղ միջոցներով։

Եւ մեր ժողովուրդը ճիշդ է, միշտ ճիշդ եղած է իր բնազդներով։ Այդ բնազդը այսօր իր ամենայն բիւրեղականութիւն ինքզինք կը պարտադրէ։ Պէտք է քանդել Սովետական մարդը, պէտք է անէացնել այդ հրէշը, պէտք է վերջնականապէս վանել այդ տեսակը մեր մէջէն, որպէսզի կրկին չսպրդի մեր հաւաքական կեանքէն ներս՝ ոչ իբրեւ առաջնորդ եւ ոչ եւս իբրեւ մեր ժողովուրդի մէկ բաղկացուցիչ տարրը։ Ասիկա պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին առաջին յաղթանակը։

Մեր ժողովուրդի այս տարերային շարժումը յաղթանակն է Դաշնակցութեան գաղափարներուն, որոնք ծնունդ տուին Հայաստանի ազատագրութեան եւ մեր անկախ պետականութեան հաստատման։ Այս շարժումը նաեւ յաղթանակը պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան առաջադրած արդար Հայաստանին, ոը անպայման պիտի գայ։

Սովետական մարդուն քանդումը նաեւ յաղթանակն է Դաշնակցութեան պայքարին, որ մէկ դար միայնակ մղեց պոլշեւիզմի դէմ, սակայն որուն այսօր տիրութիւն սկսած է ընել մեր աննման ժողովուրդը։

Ի տես այս բոլորին, այսօր Արամը, Քաջազնունին, Դրոն, Նժդեհը եւ մեր միւս մեծերը կը սկսին հանգիստ ննջել իրենց շիրիմներուն մէջ։

Լոս Անճելըս,
Մայիս 3, 2018

Տպել Տպել