«ՀՅԴ-ն Համոզուած Է, Որ Լիբանանի Մէջ Հայ Համայնքի Քաղաքական Գործունէութիւնը Հիմնուած Է Կուսակցութիւններուն Եւ Ոչ Թէ Անհատներու Վրայ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն սեմին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ Ձայն»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ որեւէ երկրի մէջ, ուր խորհրդարանական համակարգ գոյութիւն ունի, բնական է, որ երեսփոխանը կը ներկայացնէ ժողովուրդը, որուն կարծիքը, տրամադրութիւնները եւ պահանջները խորհրդարանին կը հասնին անոր երեսփոխաններուն միջոցով:

Լիբանանի մէջ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երեք անգամ երկարաձգելէ ետք, արդէն օրը եւ ժամը հասած են, որ լիբանանցի քաղաքացին երկրի խնդիրներուն մասին իր խօսքը ըսէ` փտածութենէն սկսեալ մինչեւ զանազան առօրեայ դժուարութիւններ:

«Նշեմ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը խորհրդարանի պաշտօնավարութեան վերջին երկու երկարաձգումներուն դէմ քուէարկած էր, իսկ առաջինին պարզապէս որովհետեւ ընտրական օրէնքը ոչ մէկ ձեւով կարելի էր տեղ հասցնել` համաձայն գտնուած էինք լիբանանեան համախոհութեան մթնոլորտին», աւելցուց ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ լիբանանցի քաղաքացին իր քուէն պիտի տայ եւ ներկայացուցիչները ընտրէ, որպէսզի իր ձայնը խորհրդարանին մէջ լսելի դառնայ, հարցերը դուրս բերուին փողոցէն, եւ քաղաքացիին ապագային մասին լրջախոհութեամբ մտածող խորհրդարան մը կազմուի, ուր երեսփոխանները հաշուետուութեան ճամբով կարենան ժողովուրդին կամքը փոխանցել խորհրդարան:

«Այս է իմաստը խորհրդարանական այսօրուան ընտրութիւններուն, մանաւանդ որ ներկայիս ունինք հանրապետութեան հզօր նախագահ մը` յանձինս զօր. Միշել Աունին, որուն ամբողջութեամբ զօրակցած ենք 2005-էն սկսեալ, հետեւաբար կը հաւատանք, որ այսօրուան իշխանութիւններուն հովանիին տակ նոր եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ ընտրուած խորհրդարան մը առաւել չափով իր կամքը պիտի արտայայտէ եւ ժողովուրդին պահանջները իրականացնէ», աւելցուց ան:

Ընտրական աշխատանքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ընտրութենէ ընտրութիւն չէ, որ կ՛աշխատի իր ժողովուրդին հետ, եւ ատիկա կուսակցութեան համար բարեբախտութիւն է: «Ընտրութենէ ընտրութիւն պարզապէս մեր ունեցած տեղեկութիւնները, մեր ունեցած մանրամասնութիւններուն թարմացումն է, որ կը կատարենք: Մենք ո՛չ ընտրական գրասենեակներ կը հաստատենք եւ ո՛չ ալ յանկարծ թեկնածուներ կ՛առաջադրենք եւ հոս ու հոն այցելութիւններ կը կատարենք զանոնք յաջողցնելու համար, կամ նոր դաշինքներ կը հաստատենք եւ կամ ծառայութիւններ կը խոստանանք: Մենք մնայուն կապի մէջ ըլլալով մեր ժողովուրդին հետ, մեր ընտրամեքենան այսօր շատ հանգիստ վիճակի մէջ է Թրիփոլիէն մինչեւ Այնճար, մինչեւ Լեռնալիբանանի զանազան շրջաններ եւ Պէյրութ», հաստատեց ան:

Վստահութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ անիկա մէկ օրէն միւսը կարելի չէ կերտել` աւելցնելով, որ պէտք է շատ աշխատիլ վստահութիւն շահելու համար:

«Վստահութիւնը ծառայութիւն կ՛ենթադրէ եւ երբ կ՛ըսենք, որ մեր ժողովուրդը վստահութիւն ունի մեր կուսակցութեան նկատմամբ, ոչինչէն չէ որ կը խօսինք: Փաստօրէն անցնող ամսուան ընթացքին ամէն գիշեր մեր հանդիպումներուն, ժողովրդային լսարաններուն, հանրահաւաքներուն կը տեսնենք ժողովուրդին վերաբերումը Դաշնակցութեան նկատմամբ, եւ երբեմն նաեւ մենք մեզի կ՛այպանենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդին հանդէպ մեր հաւատքը երբեմն կ՛ենթադրենք, որ խախտած է: Այն երեւոյթները, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին ես տեսայ` մեր ժողովուրդին հետ հանդիպումներուն ընթացքին, աւելի հզօրացուց այն հաւատքը, որ այս ժողովուրդը արժանի է զօրաւոր կուսակցութեան, զօրաւոր ներկայացուցչութեան: Աւելի համոզուեցաւ, որ կարելի չէ այս ժողովուրդին կռնակ դարձնել եւ չենք կրնար այս ժողովուրդին գոհացում չտալ` մեր յաջողութեամբ: Մենք պէտք է արժանի ըլլանք այս ժողովուրդին վստահութեան: Վստահութիւնը քար առ քար կառուցուած է: Դաշնակցութիւնը 128 տարի գործած կուսակցութիւն մըն է, որ 1902-էն Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցած է եւ սոսկական լիբանանեան հասկացողութեամբ կուսակցութիւն չէ: ՀՅԴ-ին հիմնական նպատակը խորհրդարանին մէջ աթոռներ ապահովելը չէ եւ կամ իր հիմնադիր կուսակցապետին, անոր զաւկին եւ եղբօր ու եղբօր զաւկին իշխանութեան հասնիլը չէ, այլ` մեր կուսակցութիւնը, Լիբանանի մէջ գործող պետական կառոյցներու հինէն եկած վատ իրավիճակին պատճառով, ինք վերածուած է պետութեան: Այսօր ցոյց տուէք Լիբանանի մէջ կուսակցութիւն մը, որուն ակումբները գիշեր-ցերեկ բաց են, որ ընկերային, բարեսիրական, մարզական, գրական, մշակութային, թատերական, պարարուեստի, երգի եւ ծառայողական զանազան ոլորտներու մէջ կ՛աշխատին: Ցոյց տուէք կուսակցութիւն մը, որ հետամուտ եղած է իր գոյութիւն ունեցած շրջաններուն մէջ ժողովրդային բնակարաններ կառուցելու: Ո՛չ մէկ կուսակցութիւն կայ: Դեռ վերջերս մարոնի համայնքը մտածեց եւ գործեց, իսկ մենք 60-ական թուականներէն Պուրճ Համուտի մէջ, Ֆանարի մէջ, Ռաուտայի մէջ ժողովրդային բնակարաններ կառուցած ենք: Ցոյց տուէք կուսակցութիւն մը, որուն թեկնածուները ստիպուած չեն ըլլար տուն առ տուն շրջելու` քուէ ձեռք ձգելու համար: Ցոյց տուէք կուսակցութիւն մը, որ որեւէ ատեն կը զգայ, որ իր նեցուկը երիտասարդութիւնն է, ժողովուրդն է եւ որեւէ պարագայի իրեն նեցուկ կը կանգնի` մանաւանդ իր դժուար օրերուն: Մենք կը հաւատանք, որ Լիբանանի պատերազմին ընթացքին, պատերազմէն առաջ, Հայ դատի պահանջատիրութեան մեր երթին ընթացքին, հակաթուրք մեր կեցուածքներուն պարագային, ո՛չ միայն Դաշնակցութեան համակիր զանգուածները մեր կողքին եղած են, այլ նաեւ Դաշնակցութեան ոչ համակիր զանգուածները: Ճիշդ է, որ մենք կուսակցական պատասխանատուներ ենք եւ կը խօսինք կուսակցութեան անունով, բայց երբեք մեր արտայայտութիւններուն մէջ չենք վարկաբեկեր այլ կուսակցութիւններ, ինչքան ալ քաղաքական կամ գաղափարական դժուարութիւններ ունենանք անոնց հետ: Ո՛չ ալ կ՛ըսենք, որ այդ կուսակցութիւնները ներկայացուցիչ ունենալու իրաւունք չունին», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ յառաջադէմ ժողովուրդներուն յատուկ է ունենալ ուրիշը ընդունելու պատրաստակամութիւն` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն համոզուած է, թէ Լիբանանի մէջ հայ համայնքի քաղաքական գործունէութիւնը հիմնուած է կուսակցութիւններուն վրայ: «Այդ ինչ որ Եւրոպայի մէջ արդիականութիւն կը նկատեն, մենք Լիբանանի մէջ անցեալ դարու 20-ականներէն այդպէս եղած ենք: Այդ պատճառով ալ, երբ կ՛ըսենք, որ կուսակցութիւններն են, որոնք կը ներկայացնեն մեր ժողովուրդը, չենք ըսեր, որ միայն ՀՅԴ-ն է, որ կը ներկայացնէ, այլ Դաշնակցութիւնը, Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները, ուր որ ալ ըլլան անոնք` քաղաքական իրենց ընտրանքով:

«Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր զանգուածին մօտ վստահութիւն ունի, իսկ համահայկական հարցերուն մէջ լիբանանահայութիւնը ամբողջութեամբ կը զօրակցի մեր կուսակցութիւններու կեցուածքներուն, առաւել չափով` Դաշնակցութեան կեցուածքներուն», ըսաւ ան:

Ժողովուրդին մատուցուած ծառայութիւններու չգոյութեան ամբաստանութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ եթէ մէկը չ՛ուզեր տեսնել` չի տեսներ, եթէ չ՛ուզեր լսել` չի լսեր: «Այս մէկը բարիի եւ չարի պայքարն է: Կարելի չէ ամէն մարդու պարտադրել, որ դրականը տեսնէ: Ոմանք իրենց նկարագիրով եւ բնաւորութեամբ կը նախընտրեն վատը տեսնել, որպէսզի իրենց մէջ կիրքերը եւ փառասիրութիւնը կարենան բացատրել` հարց տալով, թէ ի՞նչ կ՛ընեն կուսակցութիւնները: Ճիշդ է, որ այսօր մենք չենք կրնար կատարել այն, ինչ որ այլ թեկնածուներ կը կատարեն, բայց անոնց գործունէութիւնը այսօրուան աշխատանք է, իսկ Դաշնակցութեան կատարածը հարիւր տարուան պատմութիւն ունի: Ժողովուրդը, որ մեր բազկերակն է, մեր գոյութեան իսկ իմաստն է, չի կրնար մոռնալ: Ով ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըսէ, ի՛նչ արտայայտութիւններ կ՛ուզեն ունենալ, թող ունենան, ընկերային ցանցերուն վրայ վիտէոներ պիտի զետեղեն, պիտի վարկաբեկեն մեր ղեկավարութիւնը, այս բոլորը թերեւս ժողովրդավարութեան մէկ տարբերակն է, որուն մասին այլ առիթով կարելի է երկար խօսիլ եւ մտածել, թէ ի՛նչ վնասներ կու գան այս բոլորէն: Բայց վերջին հաշուով, կան աչազուրկներ, որոնք տեսիլք ունին: Աչազուրկը անպայման կոյրը չէ, անոնք աչք ունեցողներէն, տեսնողներէն շատ աւելի լաւ կը մտածեն: Ցաւալին այն է, որ կան մոլորածներ, միշտ եղած են, միշտ ալ պիտի ըլլան: Սակայն բարեբախտութիւնը այն է, որ անոնք փոքրամասնութիւն են, եւ ես չեմ կարծեր, որ մեր ժողովուրդի առողջ երիտասարդութիւնը, մեր ժողովուրդի առողջ տարրերը, որոնք բարեբախտաբար ջախջախիչ մեծամասնութիւնն են` պիտի մոլորին կարգ մը խռպոտ ձայներէ, ժխորի մէջ եղող մտքերէ, որոնք վերջին հաշուով կը վնասեն մեր ժողովուրդին եւ ոչ թէ հայուն ջաղացքին ջուր կը թափեն: Իսկ ժողովրդային մեր իմաստութիւնը մեզի կը թելադրէ, թէ օտարէն մեզի ոչ մէկ օգնութիւն կայ: Այն ի՛նչ որ հայու ձեռքով կը շինես, հայու համար կ՛ընես, այդ է, որ կը մնայ մեր ժողովուրդին», շեշտեց ան:

Անհատ թեկնածուներուն մասին երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ երկրին համակարգը ժողովրդավարութիւնն է, եւ անհատ թեկնածուներ միշտ ալ եղած են կուսակցութիւններու թեկնածուներուն դէմ, եւ անոնք պարտուած են: «Այսօր ընտրական նոր օրէնքը այնպիսին է, որ առիթ կու տայ բոլորին իրենց բախտը փորձելու: Յարգանքս բոլոր թեկնածուներուն. անոնք կ՛ենթադրեն եւ կը հաւատան, որ մեր ազգային իրականութեան մէջ դերակատար են: Անհատ թեկնածուներուն մէջ կան դէմքեր, որոնք այո՛, դերակատար եղած են, եւ մենք կը յարգենք անոնց դերակատարութիւնը եւ կը փափաքինք, որ աւելցնեն զայն: Սակայն կան նաեւ այլ թեկնածուներ, որոնք դերակատար չըլլալով հանդերձ, իրենց գաղափարական ըմբռնողութիւնը` օրէնքի ներկայացուցչական դրութեան մասին, խոտոր կը համեմատի թէ՛ օրէնքի հասկացողութեան, թէ՛ մեր համայնքի շահերուն: Արուեստական կերպով հարց կը դրուի, թէ մենք լիբանանցի՞ ենք, թէ հայ ենք, եւ թեկնածուներ կան, որոնք կ՛ըսեն, թէ մենք պէտք չէ առաջ քշենք մեր հայկական պատկանելիութիւնը եւ պէտք է համընդհանուր լիբանանեան հարցերով հրապարակ գանք: Ես կ՛ենթադրեմ, որ մեր ժողովուրդը լաւ գիտէ: 2005-էն ի վեր Մեթնի ընտրաշրջանին ներկայացուցիչը ըլլալով` զուտ լիբանանեան հարցերով յաճախ հրապարակ եկած եմ, ըլլան անոնք Իսրայէլ-լիբանանեան տագնապ, պատերազմ, Դիմադրութիւն, վարձքերու օրէնք, ամսական աշխատավարձի յաւելումներ, աշխատաւորական իրաւունքներ, մարդկային իրաւունքներ, կիներու դէմ գործուած բռնութեան հարցեր, ցոյցերու մասնակցած եմ, հրահրած եմ հարցեր եւ որեւէ ատեն ես այդ բարդոյթը չեմ ապրած, որ այդ կերպով ես վնասած կ՛ըլլամ մեր հայկականութեան: Միաժամանակ սակայն նոյնքան եւ աւելի ես իմ համայնքս ներկայացնող երեսփոխան եմ, ճիշդ այնպէս ինչպէս մարոնին, սիւննին, շիին, յոյն ուղղափառը, յոյն կաթողիկէն, տիւրզին, աւետարանականը եւ փոքրամասնութիւնները: Հետեւաբար այս շինծու մթնոլորտը կը ստեղծուի եւ վրան կ՛աւելցուի, որ զիս չեն ընդունիր իբրեւ հայ: Ես ո՛չ առաջնորդարան եմ, ո՛չ թաղապետ եմ, ո՛չ պետութիւն եմ, որ կարենամ ըսել անհատի մը, թէ ան ի՛նչ համայնքի կը պատկանի: Այս բոլորին վրայ կայ նաեւ ժողովրդային ներկայացուցչութիւնը: Մենք կրնանք շատ լաւ կարգախօսներ ունենալ, ընկերային ցանցերուն մէջ տեսանիւթեր զետեղել, թաղ առ թաղ պտըտիլ, այդ բոլորը կարելի է: Սակայն օրինակ ես պէտք չունիմ արհեստական կերպով յուշարձանները այցելելու, որովհետեւ իմ առօրեայիս մէջ յուշարձաններ եղած են: Այսինքն` 13 տարեկանէս սկսեալ մասնակցած եմ քայլարշաւի եւ ասիկա ամէնօրեայ հարց է ինծի համար եւ ոչ թէ ցուցադրական քայլ: Ի դէպ ըսեմ նաեւ, որ այս թեկնածուները կրնան ընտրուիլ, եւ մեր ժողովուրդն է, որ պիտի որոշէ: Սակայն կրնանք նոյն տագնապին մէջ յայտնուիլ, ինչ որ էր 2000-ին, երբ հայ թեկնածուները Պէյրութի մէջ ընտրուեցան հայութեան 15 առ հարիւրին ձայներով, եւ համայնքին մէջ ունեցանք խնդիրներ, որոնց վէրքերը մինչեւ այսօր չեն սպիացած: Այսօր առիթը կայ սրբագրելու այդ սխալը. վարչապետ Հարիրի եւ մենք դաշնակցեցանք: Ինք կը զօրակցի Պէյրութ Ա.-ի Դաշնակցութեան ընտրացանկին, ուր իր թեկնածուն միաժամանակ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սեպուհ Գալփաքեանն է: Այսօր նոր խնդիր պէտք չէ ունենայ մեր ժողովուրդը: Յաճախ կ՛ըսեմ, որ եթէ վաղը ընտրուի երեսփոխան մը, որ հայերէն չի գիտեր, ի՞նչ լեզուով պիտի խօսի «Վանայ Ձայն»-էն: Պիտի ըսուի, որ «Վանայ Ձայն»-էն պէտք է արաբերէն խօսուի եւ մեր ժողովուրդը պէտք է արաբերէն սորվի, որպէսզի այդ մարդուն խօսածները հասկնայ: Չէ, այդ անհատը թող հայերէն սորվի, թող իր մտածելակերպը նաեւ որոշ չափով հայկական մթնոլորտին կապէ, որպէսզի կարենանք ընդունիլ: Մենք անհատներուն դէմ խնդիր չունինք, մեր հարցը անոնց ներկայացուցչութեան դէմ է: Եթէ մենք նայինք այդ անհատներուն պաշտօնական էջերուն եւ անոնց ստացած հաւանութիւններուն, ապա կը տեսնենք, որ անոնց 98 առ հարիւրը ոչ հայեր են, իսկ անոնց հաւանութիւն շնորհած հայերը հակադաշնակցականներ են եւ կամ Դաշնակցութենէն նեղացած, կամ անհատական որոշ խնդիրներով ցաւած մարդիկ են, նախասիրութիւններ ունին: Անոնցմէ կայ թեկնածու մը, որ կը յայտարարէ, թէ 2005-ի ընտրութիւններուն ինծի 2000 քուէով օժանդակած է, որպէսզի ես ընտրուիմ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Պարզապէս յիշեցնեմ, որ ես 2005-ին 28.000 քուէի տարբերութեամբ Րաֆֆի Մատէեանին յաղթեցի: Շնորհակալ ենք, եթէ 2000 քուէ տրուած է, ապերախտ չենք ըլլար անոր համար, հարց ալ չունինք, բայց մենք կ՛ուզենք, որ հայ թեկնածուները ըլլան մեր հայկական իրականութեան մէջ: Կ՛ուզէինք, որ այս բոլոր թեկնածուները 23 ապրիլի գիշերը քայլարշաւին մեզի հետ քալէին, ոչ թէ գիշերով բարձրանային ուրիշ տեղ` ժողովուրդին աչքէն հեռու, որպէսզի յաջորդ օր նկար մը դնեն իրենց կայքին վրայ` թէ իրենք գացած եւ ծաղկեպսակ մը զետեղած են: Նման քայլեր արաբներն ալ կ՛առնեն. 24 ապրիլին ծաղկեպսակ կը զետեղեն: Այս տարի շատ էր թիւը, որովհետեւ անոնք քուէի ակնկալութիւն ալ ունին: Խնդիրը սակայն ամէնօրեայ խնդիրն է, ժողովուրդը ճանչնալն է, Պուրճ Համուտը, Զալքան, Ժալ Էլ Տիպը, Անթիլիասը, Ֆանարը, Ռաուտան ճանչնալն է, ոչ թէ միայն կարգ մը անհատներու դժգոհութիւններէն մեկնած հակադարձելն է, որ այս կուսակցութիւնը եւ միւս կուսակցութիւնները բան չեն ըներ, պէտք է մեր ամբողջ իրականութիւնը փոխել: Սակայն հոս կը ծագի հաշուետուութեան հարցը: Եթէ ես սխալիմ, իմ կուսակցութիւնս զիս հաշուի կը կանչէ: Տեսէ՛ք, լաւագոյն օրինակը տակաւին երկու օր առաջ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ: Մեր կուսակցութեան ղեկավարներէն, երեսփոխան Աղուան Վարդանեանը կուսակցութեան որոշումին հակառակ կեցուածք մը ունեցաւ: Անկէ պահանջուեցաւ երեսփոխանութենէ դադրիլ, այսօր արդէն իսկ ան ներկայացուցած է իր հրաժարականը, եւ վաղը կուսակցական համապատասխան տնօրինում կը ստանայ: Անհատը, որ դրամատան մը տիրոջ կողմէ առաջադրուած է, որուն հաշուետու է, եւ ինչո՞ւ դրամատան տէր մը` անոր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ: Խորհրդարանը ո՛չ դրամատնային հաստատութիւն է, ո՛չ նորաձեւութեան տեղ է եւ ո՛չ ալ այլ նպատակներ հետապնդելու տեղ: Եթէ այդ դրամատունը կը կարծէ, որ պասքեթպոլի խումբերուն դրամ բաժնելով, ծանուցում ընելով` այդ բոլորը կը քուէարկեն ի նպաստ իրեն, ո՛չ, այդպէս չէ: Մարդիկ կրնան մտածել, որ այդ դրամին փոխարէն պէտք է երթան եւ քուէարկեն, սակայն իրաւունք չունին մտածելու, որ պասքեթպոլի խումբ մը պահելու համար` պէտք է մեր ժողովուրդին ներկայացուցիչը հայերէն չգիտնայ, հայերէն չխօսի, հայկականութեամբ չապրի», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Դաշնակցութեան դէմ այլ թեկնածուներուն ունեցած արտայայտութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ երեւոյթը միշտ ալ եղած է` 60-ական եւ 70-ական թուականներէն, հաստատելով, որ ՀՅԴ-ի դէմ կատարուած արտայայտութիւնները բնական են: «Անոնք ո՛չ առաջիններն են եւ ո՛չ ալ վերջինները պիտի ըլլան: Ընդհակառակն, եթէ անոնց արտայայտութիւնները ճիշդ ըլլան` կրնան շինիչ ըլլալ, եւ մենք մեզի կը սրբագրենք: Բայց դժբախտաբար անոնք նաեւ սուտը իրականութեան նման կը փորձեն ներկայացնել, եւ այդ մէկը մերժելի է: Այսօր հիմնական խնդիրը ժողովուրդը Դաշնակցութենէն հեռացնելն է: Եթէ ժողովուրդը կը կարծէ, որ իր ղեկավարութիւնը եւ պատասխանատուները սխալի մէջ են, թող չքուէարկէ: Վաղը կ՛ունենայ նոր երեսփոխաններ, եւ թող անոնք իրենց խոստումներով ժողովուրդին հարցերը լուծեն: Այս իմաստով ո՛չ մէկ հարց ունինք. այս է ժողովրդավարութիւնը: Բայց հաշուի պէտք է առնել նաեւ, որ խոստում տուողը անցեալ պիտի ունենայ եւ վստահելիութիւն: Երբ Յակոբ Բագրատունի խոստում կու տայ, իր անձնական խոստումը չէ, որ կու տայ, այլ` Դաշնակցութեան զաւակը ըլլալով, ՀՅԴ-ի անունով կը խոստանայ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին քննարկած հարցերուն ու որոշումներուն լոյսին տակ կու տայ այդ խոստումները», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով անհատ թեկնածուներուն կողմէ հայ ընտանիքներուն հետ հաստատուող հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէ տրուած կտրուկ ու խիստ պատասխաններուն` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ժողովուրդը գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի պատասխանէ եւ ի՛նչ պիտի որոշէ: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները մէկ օր կը տեւեն: Տեղի կ՛ունենան ու կ՛աւարտին, սակայն յաջորդ օրն իսկ մեր միութիւնները, գրասենեակները դարձեալ պիտի աշխատին եւ մեղուաբոյնի նման պիտի շարունակեն գործել», աւելցուց ան:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին քաղաքական յայտարարութիւնները չափ ու սահման չեն ունենար, սակայն հայութեան պարագային այդքան ալ դիւրին չեն, որովհետեւ կան սկզբունքներ, որոնք անխախտ կը մնան:

«2000-2015 Դաշնակցութիւնը վարչապետ Հարիրիի հետ ոչ մէկ կապ ունեցաւ, որովհետեւ ան Պէյրութի պարագային հայկական ներկայացուցչութիւնը խլեց, առեւանգեց: Սակայն ժամանակները, իրենց իսկ անդրադարձով, եկան փաստելու, որ սխալ մը եղած էր, եւ այդ հիման վրայ շարունակեցինք աշխատիլ: Այսօր այն անհատները, որոնք 2000-ի դաշինքը ստորագրեցին, անոնք, որոնք այդ հոսանքէն եւ այլ ուժերէ քաղաքական դրամ առին մեր դէմ պայքարելու համար, հարց կու տան. «Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ երեսփոխան Բագրատունի այսօր Հարիրիի հետ կը գործակցի»: Իսկ մենք կը պատասխանենք հետեւեալ հարցումով. «Ձեզի արտօնուած է դրամով գործակցիլ, իսկ մեզի արտօնուած չէ՞ քաղաքականօրէն գործակցիլ: Յատկապէս երբ կը նշմարենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ոչ մէկ սխալ վերաբերում ունեցաւ մեր ժողովուրդին նկատմամբ: Մեր մտահոգութիւնը մեր ժողովուրդի պաշտպանութիւնն է եւ ոչ թէ անհատի մը պաշտպանութիւնը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի վերահաստատեց նաեւ հայկական քուէներով հայ երեսփոխանին ընտրութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի ան իր համայնքին լիիրաւ ներկայացուցիչը ըլլայ խորհրդարանին մէջ:

«Շատեր կը նեղանան, երբ թափանցիկ լայնախոհութեամբ խորհուրդ կու տամ ժողովուրդին, որ եթէ չ՛ուզեր Դաշնակցութեան թեկնածուները ընտրել, ապա թող ընտրէ մեզի ցանկակից Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուն եւ կամ հակառակորդ ցանկին Ռամկավար թեկնածուն: Մարդիկ քաղաքական սխալ կը նկատեն այս արտայայտութիւնը, սակայն եթէ այս կեցուածքէն աւելի հայկական մտահոգութեամբ ապրող քաղաքական կեցուածք կայ, թող հրամմեն: Իսկ մեր ընտրութեան պարագային, մենք պիտի վերականգնենք Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որպէսզի աւելի մեծ պլոք ունենանք», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի, պատասխանելով Դաշնակցութեան դէմ արտայայտուող եւ զայն ամբաստանող թեկնածուներուն, զանոնք հրաւիրեց ներկայ գտնուելու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինի կազմակերպած այսօրուան միթինկին, որպէսզի տեսնեն, թէ քաղաքակիրթ ընտրապայքարը ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ, որպէսզի համոզուին, թէ այս կամ այն հայուն հեռաձայնելով, անոնց 500 կամ 1000 տոլար խոստանալով կարելի չէ անոնց քուէն գնել:

«Տեսէք, կրնան մարդիկ Յակոբ Բագրատունին կամ Դաշնակցութիւնը չսիրել, թող երթան այլ կուսակցութիւններու ի նպաստ քուէարկեն, սակայն իրենց պատիւը թող չծախեն, ոչ ալ իրենց անձնաթուղթը այս կամ այն ուժին քով պահ դնեն, որովհետեւ անիկա ազատազրկումի համազօր է: Երբ անձնաթուղթդ մէկուն քով պահուած է, ուրեմն անձդ բանտարկուած է, ազատ չես: Ով որ կը կարծէ, թէ մեր ժողովուրդը հակամէտ է մոլորելու, որովհետեւ իր հայկականութիւնը խոցելի դարձած է, չարաչար կը ձախողի», շեշտեց ան:

ՀՅԴ ընտրամեքենային մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հինէն եկած աւանդութիւն է, որ այդ ընտրամեքենան կանգ չ՛առներ: «Ընտրութիւններէն ետք շաբաթով մը կը հանգստանան տղաքը, ապա աշխատանքը դարձեալ կը սկսի: Մեր ընտրամեքենան մեր աննման երիտասարդներուն, ուսանողներուն, մեր սքանչելի ընկերուհիներուն, ընկերներուն, համակիրներուն` կին թէ այր, հաւաքականութիւնն է: Ընտրութեան օրը շուրջ 4500 անհատներ պիտի աշխատին: Սնտուկի վրայ նստողներ, ինքնաշարժի վարորդներ, ակումբներուն մէջ աշխատողներ, ընտրակեդրոններուն դիմաց կեցող երիտասարդներ, հեռուէն եւ մօտէն աշխատողներ, համակիրներ, որոնք իրենց ինքնաշարժները եւ իրենց անձը մեր տրամադրութեան տակ կը դնեն, որպէսզի դիւրացնեն մեր ընտրազանգուածին դէպի ընտրակեդրոն փոխադրութիւնը: Մեզի համար նոյնքան հոգեպարար եւ մղիչ ուժ էին արտասահմանի հայ քուէարկողները, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քուէարկեցին մեր թեկնածուներուն: Նոյնքան ուրախութեամբ կ՛ըսենք, որ անոնք, որոնք չկրցան արձանագրուիլ, թէ՛ Սուրիայէն, թէ՛ շրջակայ երկիրներէն եկած են Լիբանան` քուէարկութեան մասնակցելու: Մեզի համար այս բոլորը հայկական բազկերակի նշանն է: Մենք այս ընտրութիւններէն յաղթական դուրս պիտի գանք: Երբ յաղթանակի մասին կը խօսիմ, անպայման երեսփոխաններու թիւի յաւելման մասին չեմ խօսիր, այլ` հայկականութեան շեշտի վերընձիւղման մասին է, որ կը խօսիմ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ 6 մայիսին արտօնուած չէ տունը նստիլ, այլ` պէտք է քուէարկել` ազատօրէն: «Որքան շատ ըլլան քուէատուփերուն մէջ հայոց քուէները, այդքան կարելիութիւն կ՛ունենանք հաստատելու, թէ հայութիւնը Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ ուժ է: Եթէ նոյնիսկ մեզի դէմ պիտի քուէարկէ ժողովուրդը, պէտք է քուէարկէ: Լիբանանի մէջ մեր համայնքին ապագան պիտի կերտենք մայիս 6-ով: Լիբանանի մէջ մեր քաղաքական հասունութիւնը, միասնականութիւնը եւ բռունցքը միայն մեզի համար չէ, այլ` Լիբանանի եւ Լիբանանի չափ ու անկէ աւելի Հայաստանի, Արցախի եւ համայն սփիւռքահայութեան ու հայութեան համար է: Հզօր լիբանանահայութիւնը հզօր հայութիւն կը կերտէ: Լիբանանահայութիւնը համայն հայութեան մէկ մասնիկն է, եթէ մենք տկարանանք` համայն հայութեան շղթան է, որ պիտի տկարանայ: Մենք այդ պողպատեայ օղակներէն ամէնէն կարծր օղակներէն մէկն ենք: Մենք պիտի պահենք մեր հայկականութիւնը, որպէսզի Լիբանանը հարստանայ: Մենք հպարտ ենք մեր ժողովուրդով, մեր ժողովուրդը մեր հարստութիւնն է: Մենք մեր ժողովուրդին զաւակներն ենք, մենք չենք կրնար մոռնալ մեր ժողովուրդը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը մեզի չէ մոռցած: Մենք մեր ժողովուրդի կողքին ենք` լաւ եւ վատ օրերուն: Երկուշաբթի կամ երեքշաբթի գիշեր յաղթանակը կը տօնենք», եզրափակեց ան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել