«Ազդակ»ի խմբագրական. Քուէն Ուժ Է

Ընտրարշաւի աշխատանքները աւարտած են: Հարցազրոյցներ, հաղորդագրութիւններ, յայտարարութիւններ, պաստառներ, ժողովրդային լսարաններ, հանրահաւաքներ` բազմաշերտ, լայնածաւալ եղանակներով լուսաբանումներ, ճառեր, ընտրական ծրագիրներ, բացատրողականներ եւ այդ բոլորին առօրեայ, միաժամանակեայ կշռոյթով մամուլի եւ քարոզչամիջոցներու արձագանգումներ այլեւս որեւէ տեղ չեն ձգած յաւելեալ իրազեկման, տեղեկացման: Պահը եկած է լիբանանահայ համայնքի քաղաքական գործօնի ուժեղացման նպաստելու, համաժողովրդային մասնակցութիւնը առարկայացնելու համար ընդառաջ շարժելու մեկնարկը ազդարարելու:

Զուգահեռ` Ընտրական կեդրոնական մարմինի համակարգումով ՀՅԴ ընտրամեքենային լարումին, արտերկրի մեր համայնքներուն մէջ արտադրամասեր յառաջացնելու, նոր օրէնքի հիման վրայ արտերկրի լիբանանահայերը քուէատուփ ուղղորդելու աշխատանքներ. տակաւին, կամաւոր ընտրական բանակի զինուորագրեալներու հաւաքագրում, զօրաշարժ, վստահուած անձերու ընտրատեղամասերու տեղաբաշխում: Ընտրազանգուածի տարբեր ներկայացուցիչներու ցանկագրումներու վերջնականացում, նախօրօք կապերու հաստատում, լրացուցիչ ստուգումներ եւ նախապատրաստական աշխատանքներու ամբողջացում:

Դաշնակցութիւնը կատարած է իր քարոզարշաւը, պատրաստ վիճակի մէջ բերած ընտրամեքենան, զօրաշարժի ենթարկած իր ընտրական բանակը` հրամանատարութեամբ, ստորաբաժանումներով, կամաւորներով:

Երէկ ժողովրդային հաւաքը իր պատրաստակամութիւնը վերահաստատեց զանգուածային, նպատակաուղղուած քուէարկութեամբ վերահաստատելու լիբանանահայութեան քաղաքական ներկայութիւնը:

Համրանքը, թիւը, զանգուածային մասնակցութիւնը, այո՛, ուժի ցուցադրութիւն է: Սակայն այդ ուժի ցուցադրութիւնը կազմակերպուածութեան ամէնէն բարձր մակարդակով կատարելը, կրկնակի ուժի ամրագրում է: Իսկ ուժը այս պարագային ո՛չ բռնութիւն է, ո՛չ պարտադրում, ո՛չ ալ միակարծութիւն:

Ուժը գիտակցութիւն է` հայութեան ներկայացուածութիւնը խորհրդարանին մէջ ինքնուրոյն ու անկախ պահելու, կցորդի կարգավիճակը մերժելու, ոչ հայկական կեդրոններէ առաջնորդուիլը բացառելու: Ուժը հայկական իրաւունքներու եւ շահերու գերադասումն է, լիբանանեան հերթական ճգնաժամերուն կամրջումի եւ համադրումի դերակատարութիւն վերցնելը, լիբանանեան օրինականութիւնը առաջնային նկատելը, պետական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ հայկական ներկայութիւն ապահովելը:

Քուէն ուժ է. ուժը միջոց` հայկական քաղաքական գործօնի դերակատարութիւնը փաստելու: Իսկ այդ ուժը մեր ժողովուրդն է: Այն ժողովուրդը, որ վաղը պիտի քուէարկէ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել