Սուրիահայութեան Օգնութեան Թափը Կը Շարունակուի՝ $250,000ի Փոխանցումով


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սուրիահայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը, որ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կրօնական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու խմբաւորումն է, կարեւոր քայլ մը եւս առաւ՝ երրորդ անգամն ըլլալով 250 հազար տոլար գումարի մը փոխանցումով, որ կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ սուրիահայութեան օգնութեան համար բացուած դրամատնային հաշիւին միջոցաւ:

Վերջին փոխանցումը կարելի եղաւ՝ շնորհիւ Փասատինայի «Սիվիք» հանդիսասրահէն ներս 11 Նոյեմբեր 2012ին տեղի ունեցած համերգին եւ այլ հանգանակային ձեռնարկներու արդիւնքով: 26 Հոկտեմբերին Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած «Գաղութէ Գաղութ» օժանդակ մարմինի ջանքերով հանգանակուած էր 48,000 տոլար:

5 Նոյեմբեր 2012ին, Լոմիթա գտնուող Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Թորընսի շրջանի կազմակերպութիւններու միասնական նախաճաշը, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 3500 տոլար:

ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 34րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցած էր 9էն 11 Նոյեմբեր 2012ին, «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ, հաւաքուած էր 3000 տոլար՝ այն հեռանկարով, որ հանգանակութիւնը պիտի շարունակուի մասնաճիւղերէն ներս:

Հարաւ-արեւմտեան շրջանի Վարդանի Ասպետները, Սուրիահայերուն ի նպաստ ընթրիք մը կազմակերպած էին 18 Նոյեմբերին, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ «Քարակէօզեան» սրահէն ներս եւ հանգանակած էին 7500 տոլար:

Նոյն օրը՝ 18 Նոյեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ծովածոցի գաղութը կազմակերպած էր հանգանակային համերգ մը՝ «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահէն ներս. ընթացքին հանգանակուած էր 50 հազար տոլար: ՀԲԸՄի Սիլիքոն Վելի մասնաճիւղի ատենապետ Երուան Զօրեան հանդիսավարած էր այդ համերգը, որուն ընթացքին տեղացի արուեստագէտներ իրենց երաժշտութեամբ, ասմունքով եւ պարերով հմայած էին ներկաները: Իսկ Հայաստանէն Լիլիթ Փիփոյեանն ու Ֆրանսայէն Վիգէն Դարբինեանը, որոնք 11 Նոյեմբերի համերգին համար Քալիֆորնիա կը գտնուէին, նոյնպէս մասնակցած էին Սան Ֆրանսիսքոյի համերգին: Օրուան պատգամը փոխանցած էր Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան: Իսկ ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան անդամներէն Ճիւտի Ճինկիրեան, Ներկայացուցիչներու տան անդամուհիներ Ճեքի Սփիրի (12րդ Շրջան) եւ Աննա Էշուի (14րդ Շրջան) զօրակցական նամակները ներկայացուցած էր:

Սուրիահայութեան համար հանգանակային արշաւը կը շարունակուի: Ձեր Կաղանդի նուէրներէն բաժին մը հանեցէք եւ ձեր տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները կատարեցէք հետեւեալ հասցէով՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948, կամ «քրետիթ քարտ»ով՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org կայքին միջոցով:

***

Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի անդամները հետեւեալներն են.
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Տպել Տպել