11 Մայիս 1905. ԴՐՕ ա­հա­բե­կեց ազ­գա­մի­ջեան խռո­վու­թեանց հրահ­րիչ ­Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ իշ­խան ­Նա­կա­շի­ձէն

11 ­Մա­յի­սի այս օ­րը, 113 տա­րի ա­ռաջ, Անդր­կով­կա­սի նաւ­թա­յին մայ­րա­քա­ղաք Բա­գո­ւի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րակ­նե­րէն Պա­րա­պե­տի վրայ, 21ա­մեայ հայ յե­ղա­փո­խա­կան մը ռում­բի հա­րո­ւա­ծով ա­հա­բե­կեց նա­հան­գա­պետ իշ­խան ­Նա­կա­շի­ձէն։

Ե­րի­տա­սարդ այդ յե­ղա­փո­խա­կա­նը Դ­րաս­տա­մատ ­Կա­նա­յեանն էր՝ ան­զու­գա­կան ԴՐՕն, որ այդ­պէ՛ս, օր-ցե­րե­կով եւ բա­նուկ հրա­պա­րա­կի մը վրայ, գոր­ծադ­րեց Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին տո­ւած մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շու­մը՝ հա­րիւ­րա­ւոր ան­մեղ հա­յե­րու կո­տո­րա­ծը հրահ­րած ­Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պե­տին դէմ։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման եւ, ընդ­հան­րա­պէս, հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն ու­շագ­րաւ եւ ու­սա­նե­լի է­ջե­րէն է Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը։ ­Նաեւ՝ այ­սօ­րո­ւան հա­մար նշա­նա­կա­լի դա­սեր փո­խան­ցող դրո­ւագ մըն է, որ մէ­կէ ա­ւե­լի զու­գա­հեռ­նե­րով լոյս կը սփռէ հա­յե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան մե­րօ­րեայ հա­կադ­րու­թեան ար­մատ­նե­րուն վրայ։
Ո՞վ էր ­Նա­կա­շի­ձէ եւ ի՞նչ ը­րած էր, որ ար­ժա­նա­ցաւ նման դա­ժան դա­տաս­տա­նի։

Ին­չո՞ւ ­Բա­գուն թա­տե­րա­բեմ հան­դի­սա­ցաւ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան այ­դօ­րի­նակ հա­րո­ւա­ծին։

Բա­գուն 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին դար­ձած էր ոչ միայն Անդր­կով­կա­սի, այ­լեւ՝ ամ­բողջ Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան նաւ­թա­յին կեդ­րոնն ու ա­մէ­նէն ճար­տա­րա­րուես­տա­կան քա­ղա­քը, ուր անխ­նայ մրցակ­ցու­թեան մէջ էին ռու­սա­կան թէ անգ­լիա­կան, հայ թէ թա­թա­րա­կան դրա­մագ­լուխ­ներն ու գոր­ծա­տէ­րե­րը։

Իսկ 1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան խառն ժա­մա­նակ­ներն էին։ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը, ար­տա­քին ճա­կա­տի վրայ, ծայ­րա­գոյն ա­րե­ւել­քի մէջ պա­տե­րազմ կը մղէր ­Ճա­փո­նի դէմ, իսկ ներ­քին ճա­կա­տի վրայ կը դի­մագ­րա­ւէր Ս. ­Փե­թերս­պուր­կէն սկսած եւ կայս­րու­թեան ողջ տա­րած­քը ա­լե­կո­ծած ըն­կե­րա­յին յե­ղա­փո­խու­թեան բուռն պայ­թու­մը։

Յատ­կա­պէս Անդր­կով­կա­սը յե­ղա­փո­խա­կան ա­լե­կո­ծու­մի մէջ էր եւ յե­ղա­փո­խա­կան տար­րե­րը, ա­ռանց ազ­գա­յին խտրու­թեան, միաս­նա­բար ծա­ռա­ցած էին ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ։

Բազ­մազ­գեան մեծ խառ­նա­րան մըն էր Անդր­կով­կա­սը, յատ­կա­պէս նաւ­թա­հո­րե­րով հա­րուստ ­Բա­գուն, ուր հայն ու ռու­սը, վրա­ցին եւ թա­թա­րը մէկ կող­մէ, ազ­գե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ճա­կա­տին վրայ, սուր մրցա­պայ­քա­րի մէջ էին ի­րա­րու հետ, իսկ միւս կող­մէ՝ ըն­կե­րա­յին չա­րա­շա­հում­նե­րու եւ կե­ղե­քում­նե­րու ա­ռու­մով, միա­ցեալ ու­ժե­րով ծա­ռա­ցած էին կայ­սե­րա­պե­տա­կան ճնշու­մի գոր­ծիք­նե­րուն՝ խա­ւա­րա­միտ ու յե­տա­դի­մա­կան տար­րե­րուն դէմ։

Հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ա­լի­քը հասկ­նա­լիօ­րէն լայն ար­ձա­գանգ գտած էր Բա­գո­ւի աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան մէջ՝ ան­կախ նաւ­թա­հո­րե­րու կամ ճար­տա­րա­րո­ւես­տա­կան մար­զի բա­նո­ւոր­նե­րու ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն։ Ի տես յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու այ­դօ­րի­նակ սաստ­կա­ցու­մին ու ծա­ւա­լու­մին՝ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն կար­գի դաւ ու սադ­րանք կ­’ո­րո­ճա­յին, հա­կակշ­ռե­լու հա­մար յե­ղա­փո­խու­թեան վա­րա­կիչ ա­լի­քը։

Ա­հա՛ պատ­մա­կան ու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան այս են­թա­հո­ղին վրայ, խռո­վա­յոյզ Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պե­տի իր դիր­քէն, թա­թա­րա­կան ծա­գու­մով ցա­րա­կան իշ­խան Նա­կա­շի­ձէն ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու յե­նա­րա­նը հան­դի­սա­ցող Բա­գո­ւի աշ­խա­տա­ւո­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին հո­ղի վրայ պա­ռակ­տե­լու եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը ջլա­տե­լու դա­ւադ­րու­թեան։

Իսկ նման սադ­րան­քի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար պատ­րաս­տի հող էր թուրք-թա­թար զան­գո­ւա­ծը, բա­նո­ւո­րու­թեամբ հան­դերձ, իր խա­ւա­րամ­տու­թեան ու կրօ­նա­մո­լու­թեան հե­տե­ւան­քով։ ­Մա­նա­ւանդ որ ինչ­պէս Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ, նոյն­պէս եւ Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան հո­վա­նիին տակ հրահ­րո­ւած էր թա­թար­նե­րու (ի դէպ՝ նաե՛ւ վրա­ցի­նե­րու) ամ­բո­խա­յին այն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, թէ իբր հա­յե­րը՝ սա­կա­ւա­թիւ ըլ­լա­լով հան­դերձ, ե՛ւ մեծ կշիռ ու­նէին մե­ծա­հա­րուստ­նե­րու շար­քին, ե՛ւ բա­րե­կե­ցիկ կեանք ա­պա­հո­ված էին ի­րենց բա­նո­ւոր­նե­րուն…

Նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէ ա­ռա­ւե­լա­գոյն նեն­գամտու­թեամբ իւղ թա­փեց հայ-թա­թա­րա­կան հա­կադ­րու­թեանց ու թշնա­ման­քի այդ կայ­ծե­րուն վրայ՝ գաղտ­նա­բար զի­նե­լով նաեւ թա­թար ազ­գայ­նա­մո­լա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնց գլխա­ւո­րու­թեամբ 6 Փետ­րո­ւար 1905ին, ­Բա­գո­ւի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ, թա­թար խու­ժա­նը յար­ձա­կե­ցաւ հա­յե­րու եւ ա­նոնց խա­նութ­նե­րուն ու հաս­տա­տու­թեանց վրայ՝ քան­դե­լով, կո­ղոպ­տե­լով եւ սպան­նե­լով… ­Թուրք-թա­թար ամ­բո­խին կա­տա­ղու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ե­րեք օր՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­ռա­ջին օ­րը ա­նակն­կա­լի ե­կած հա­յու­թիւ­նը շատ ա­րագ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ հա­կա­հա­րո­ւա­ծի դի­մեց՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ա­նոր յաղթ բռունց­քը մարմ­նա­ւո­րող հայ­դու­կա­պետ ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ ­Թէեւ թուրք-թա­թար ամ­բո­խի խժդու­ժու­թեանց սանձ դրո­ւե­ցաւ, բայց եր­կուս­տեք հա­րիւ­րա­ւոր զո­հեր ու վի­րա­ւոր­ներ ին­կան, իսկ ­Բա­գո­ւի հա­յու­թիւ­նը են­թար­կո­ւե­ցաւ նիւ­թա­կան հսկա­յա­կան կո­րուստ­նե­րու։

Այս աս­տի­ճան ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն էր նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէն։ Ա­նոր սադ­րան­քը ան­պա­տիժ պէտք չէ մնար՝ թէ՛ նոյ­նինքն յան­ցա­գոր­ծը ար­դար դա­տաս­տա­նի ար­ժա­նաց­նե­լու հա­մար, թէ՛ նման սադ­րանք­նե­րու եւ յան­ցա­գոր­ծու­թեանց կրկնու­մը կան­խար­գի­լե­լու նպա­տա­կով։

Եւ նա­հան­գա­պե­տին դէմ մա­հա­պա­տիժ ո­րո­շեց ոչ միայն ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ յան­ձին Բա­գո­ւի Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. ­Կո­մի­տէի, այ­լեւ՝ ռուս ըն­կեր­վա­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րենց կար­գին մա­հա­պա­տի­ժի վճիռ ար­ձա­կե­ցին ­Նա­կա­շի­ձէի դէմ։ Մին­չեւ ան­գամ ­Ռուս ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը դի­մեց Դաշ­նակ­ցու­թեան՝ բո­լոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը վա­յե­լող մա­հա­պատ­ժի այդ ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն վստա­հե­լու ա­ռա­ջար­կու­թեամբ։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ըն­դա­ռա­ջեց ­Ռուս ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան դի­մու­մին, բայց այս վեր­ջի­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ան­յա­ջող ան­ցաւ։

Ցա­րիզ­մի նենգ պաշ­տօ­նա­տա­րը ան­պայ­ման պէտք է պատ­ժո­ւէր եւ ի վեր­ջոյ պատ­ժո­ւե­ցա՛ւ, երբ ան­զու­գա­կան ԴՐՕի յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ մա­հա­պա­տի­ժին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ ԴՐՕ այդ շրջա­նին կը ծա­ռա­յէր ռու­սա­կան բա­նա­կին մէջ, բայց հա­զիւ լսած ­Փետ­րո­ւար 6ի թուրք-թա­թար ամ­բո­խի խժդու­ժու­թեանց լու­րը՝ փու­թա­ցած էր Բա­գու ու ինք­զինք տրա­մադ­րած ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի եւ Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. ­Կո­մի­տէին։ ԴՐՕ նաեւ կա­մա­ւոր իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կեց ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մի գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար, երբ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին փոր­ձը ձա­խո­ղե­ցաւ։
Եւ ­Դու­ման իր հա­ւա­նու­թիւ­նը տո­ւաւ։

Գոր­ծո­ղու­թեան կազ­մա­կերպ­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը վստա­հո­ւե­ցաւ Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րէն Աբ­րա­համ ­Գիւլ­խան­դա­նեա­նի, իսկ ան­փորձ ա­հա­բե­կի­չին՝ ԴՐՕին պի­տի ա­ջակ­ցէր ­Գան­ձա­կե­ցի Կ­ռօ ա­նու­նով նոյն­պէս ե­րի­տա­սարդ յե­ղա­փո­խա­կան մը։

Եւ 11 ­Մա­յիս 1905ին ­Նա­կա­շի­ձէ ստա­ցաւ իր ար­ժա­նի պա­տի­ժը։

Իշ­խան ­Նա­կա­շի­ձէն նա­հան­գա­պե­տա­րան փո­խադ­րող ձիա­կառ­քը, շրջա­պա­տո­ւած ձիա­ւոր թիկ­նա­պահ­նե­րով, ա­մէն օր կ’անց­նէր ­Պա­րա­պե­տի հրա­պա­րա­կէն։ Գոր­ծո­ղու­թեան հա­մար ճշդո­ւած օ­րը՝ ­Մա­յիս 11ին, Կ­ռօ դիրք բռնած պէտք է ըլ­լար հրա­պա­րակ տա­նող փո­ղո­ցին ծայ­րը, իսկ ԴՐՕ՝ իբ­րեւ հրա­պա­րա­կին վրայ զբօս­նող ան­ցորդ, տոպ­րա­կի մը մէջ դրած մա­հար­կու ռում­բը, պի­տի սպա­սէր Կ­ռո­յի ազ­դան­շա­նին՝ թէ նա­կա­շի­ձէի կառ­քը կը մօ­տե­նար։ ­Բայց այդ օր Կ­ռօ ընդ­հան­րա­պէս չէր ե­րեւ­ցած, իսկ Ա. ­Գիւլ­խան­դա­նեան պահ մը ե­րեւ­ցած ու ան­հե­տա­ցած էր։ ԴՐՕ ա­ռան­ձին մնա­ցած էր… հրա­պա­րա­կին վրայ գտնո­ւող թուրք-թա­թար պտղա­վա­ճառ մը, մայ­թին վրայ շա­րած էր իր վա­ճա­ռած միր­գե­րը. թարմ կե­ռաս ու­նէր. ԴՐՕ պտղա­վա­ճա­ռին ապսպ­րեց տոպ­րակ մը կե­ռաս եւ մինչ վա­ճա­ռոր­դը կը լեց­նէր տոպ­րա­կը, յան­կարծ լսո­ւե­ցան ձիա­կառ­քի եւ ձիա­ւոր­նե­րու ձայ­ներ։ Ա­ռանց այ­լայ­լե­լու, Դ­րօ իր ձեռ­քի տոպ­րա­կէն հա­նեց պատ­րաս­տի ռում­բը, ա­րա­գօ­րէն վա­զեց յա­ռա­ջա­ցող կառ­քի ուղ­ղու­թեամբ եւ նե­տեց ռում­բը։ Ա­հա­ւոր պայ­թիւ­նին հե­տե­ւե­ցաւ հրա­պա­րա­կի խու­ճա­պա­հար ան­ցորդ­նե­րու մեծ ի­րա­րան­ցու­մը։ ԴՐՕ խառ­նո­ւե­ցաւ ամ­բո­խին եւ ան­հե­տա­ցաւ…

Նա­կա­շի­ձէ, իր սպա­սա­ւո­րը, թիկ­նա­պահ­ներ եւ կե­ռա­սի պտղա­վա­ճա­ռը տեղն ու տե­ղը սպան­նո­ւե­ցան։

Ահ ու սար­սա­փը պա­տեց կայ­սե­րա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն եւ ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան։

«Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կով­կա­սեան Բ. Կ. ­Կո­մի­տէի ո­րոշ­մամբ՝ ­Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ իշ­խան ­Նա­կա­շի­ձէ, փետ­րո­ւա­րեան ե­ղեռ­նի գլխա­ւոր հե­ղի­նա­կը, ­Մա­յի­սի 11/24ին են­թար­կո­ւեց տե­ռո­րի՝ ռում­բի մի­ջո­ցաւ։ ­Նա­հան­գա­պե­տը սպան­նո­ւեց տեղ­նու­տե­ղը։ Տե­ռո­րիս­տը ա­զատ է»…

Այդ­պէ՛ս, հե­ռագ­րա­լու­րի մը պէս խիտ եւ մե­ծա­տառ ու մա­հավ­ճի­ռի մը նման հա­տու եւ ա­հազ­դու, վե­րե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը գրա­ւեց ճա­կա­տը Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի ­Յու­նիս 1905ի հա­մա­րին ա­ռա­ջին է­ջին։

Սոսկ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը չե­ղաւ «Դ­րօ­շակ»ի այդ ազ­դը, այլ՝ ա­րիւ­նա­լի ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ե՛ւ ող­բեր­գա­կան, ե՛ւ դիւ­ցազ­նա­կան խոր­հուր­դը փո­խան­ցեց հա­յոց պատ­մու­թեան ու մեր սե­րունդ­նե­րուն։
Այդ­պէ՛ս, ­Բա­գո­ւի Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կ. ­Կո­մի­տէն, հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ընդ­հան­րա­պէս Անդր­կով­կա­սի հան­րա­յին կար­ծի­քին ուղ­ղո­ւած եր­կու ան­ջատ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ստանձ­նեց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ­Նա­կա­շի­ձէի մա­հա­պա­տի­ժին։ Իսկ Հ.Յ.Դ. ­Կով­կա­սեան ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մար­մի­նը, յատ­կա­պէս ցա­րա­կան պաշ­տօ­նէու­թեան ուղ­ղո­ւած եր­րորդ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը, ազ­դա­րա­րեց Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բեկ­ման ի պա­տաս­խան հա­կա­հայ նոր դա­ւեր սադ­րող ու­ժե­րուն, թէ ա­ւե­լի հա­տու պի­տի ըլ­լայ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու յա­ջորդ հա­րո­ւա­ծը։

Ան­շուշտ ո­րոշ ժա­մա­նա­կի հա­մար զգաս­տա­ցան ռուս պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը, նոյն­պէս եւ թուրք-թա­թար ազ­գայ­նա­մոլ շար­ժում­նե­րու պա­րագ­լուխ­նե­րը։

Բայց հրձի­գու­թիւ­նը գոր­ծո­ւած էր ար­դէն եւ ազ­գա­մի­ջեան լա­րո­ւա­ծու­թիւնն ու թշնա­ման­քը մէ­կան­գա­մընդ­միշտ սան­ձա­զեր­ծո­ւած էին…

Փոքր ազ­գե­րը պէտք է զո­հա­բե­րո­ւէին, իբ­րեւ պարզ խա­ղա­քա­րե­րու, ի հա­շիւ մե­ծա­պե­տա­կան ի՜նչ-ի՜նչ շա­հե­րու ձեռք­բեր­ման եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ծրա­գիր­նե­րու կար­գա­ւոր­ման…

Այս ի­մաս­տով է, ա­հա՛, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ու լի­նե­լու­թեան ա­հեղ կրո­ւի ա­մէ­նէն ու­շագ­րաւ եւ ու­սա­նե­լի է­ջե­րէն մէ­կը ե­ղաւ 11 ­Մա­յիս 1905ին ­Բա­գո­ւի նա­հան­գա­պետ ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը։

Ու­սա­նե­լի գլխա­ւոր դա­սը, ան­շուշտ, ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի հա­կա­հայ դա­ւադ­րու­թեան մեր­կա­ցումն էր։ Ինչ­պէս որ ա­հա­բեկ­ման ազ­դին հե­տե­ւող եւ «­Հա­մի­դա­կա­նու­թիւ­նը Կով­կա­սում» խո­րագ­րո­ւած իր խմբագ­րա­կա­նով «Դ­րօ­շակ» կ­’ընդգ­ծէր օ­րին, 1905ի Փետ­րո­ւա­րին ­Բա­գո­ւի մէջ սկսած եւ այ­նու­հե­տեւ, ա­ւե­լի քան տա­րի մը, ամ­բողջ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին պար­բե­րա­բար կրկնո­ւած հա­կա­հայ ջար­դե­րը ոճ­րա­յին մտայ­ղա­ցումն էին ­Ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց։ ­Թիֆ­լի­սի մէջ փո­խար­քայ իշ­խան Գո­լի­ցի­նը եւ ­Բա­գո­ւի մէջ նա­հան­գա­պետ իշ­խան ­Նա­կա­շի­ձէն, ­Ցա­րա­կան ար­քու­նի­քի հրա­հանգ­նե­րը գոր­ծադ­րե­լով, ի­րե՛նք զի­նե­ցին Անդր­կով­կա­սի թուրք-թա­թար ամ­բո­խը եւ… զայն ար­ձա­կե­ցին ան­զէն ու ան­մեղ հա­յու­թեան դէմ։

Ցա­րիզ­մի նպա­տա­կը մէկ ու միակ էր. ինչ­պէս որ ­Սուլ­թա­նը, հայ ժո­ղո­վուր­դի յե­ղա­փո­խա­կան ըմ­բոս­տա­ցու­մը ա­րեան մէջ խեղ­դե­լու մտօք, ձեռ­նար­կեց հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր ան­զէն հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դին, միեւ­նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ ալ ­Ցա­րը, Անդր­կով­կա­սի մէջ իր բռնա­տի­րու­թեան դէմ ծա­ւա­լած յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը ճզմե­լու հա­շո­ւար­կով, ո­րո­շեց ազ­գա­մի­ջեան ընդ­հա­րում­ներ հրահ­րել եւ թուրք-թա­թար մահ­մե­տա­կան ամ­բո­խը իբ­րեւ սան­ձիչ մտրակ գոր­ծա­ծել հայ եւ վրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ըմ­բոս­տաց­ման խմո­րում­նե­րուն դէմ։ ­Նաեւ ա­ւե­լի՛ն. երբ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը դէմ յան­դի­ման գտնուե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րած հայ­կա­կան ու­ժեղ դի­մադ­րու­թեան, երբ թուրք-թա­թար հրո­սա­կա­խում­բե­րը չա­րա­չար պար­տու­թիւն կրե­ցին ­Ղա­րա­բա­ղէն մին­չեւ Ե­րե­ւան ու ­Նա­խի­ջե­ւան, ­Ցա­րի կա­մա­կա­տար­նե­րը ձեռ­նա­մուխ ե­ղան այս ան­գամ հա­յեւվ­րա­ցա­կան ազ­գա­մի­ջեան գրգռու­թեանց… բայց ա­տի­կա ար­դէն ա­ռան­ձին քննար­կում պա­հան­ջող նիւթ է…

11 ­Մա­յիս 1905ին ­Նա­կա­շի­ձէի ա­հա­բե­կու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­տու պա­տաս­խանն էր թէ՛ փոքր ազ­գե­րը զո­հա­բե­րե­լու պատ­րաստ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն, թէ՛ ա­նոնց ձեռ­քը կոյր գոր­ծի­քի վե­րա­ծո­ւած ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րուն։

Իսկ ԴՐՕի յան­դուգն քայլն ու ընդ­հան­րա­պէս Անդր­կով­կա­սի հա­յոց ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռո­ւան­նե­րը ամ­րապն­դե­լու ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը մղիչ ուժ եւ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձան հայ ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի հո­գե­պէս եւ մար­տա­կա­նօ­րէն նա­խա­պատ­րաս­տո­ւի աշ­խար­հա­սա­սան հե­տա­գայ ցնցում­նե­րուն։

Ն.

Տպել Տպել