Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած գիտաժողով՝ Լոս Անճելըսի մէջ


Այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ հայրենիքի եւ ազգի կառավարումը ժողովրդավարական հիմքերու վրայ ամրացնելու եւ զայն 21րդ դարու համահունչ ոգիով շաղախելու յեղափոխական արարք, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի հովանաւորութեամբ յառաջացած յատուկ յանձնախումբի եւ Լոս Անճելըսի Նորթրիճ քաղաքի «Սիսան» համալսարանի Հայկական ծրագիրի տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, անցնող շաբաթավերջին՝ 5 եւ 6 Մայիսին, նշեալ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին Հանրապետութեան ստեղծման պայմանները, տարածաշրջանի երկիրներու քաղաքական իրավիճակը, հայոց նորաստեղծ պետութեան դիմագրաւած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները, կառավարման խորհրդարանական դրութիւնը, նուաճումներն ու հայ պատմագրութեան համար արձանագրելի տարողունակ դասերը լոյսին բերող երկօրեայ գիտաժողով մը, որուն մասնակցեցան Ամերիկայէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն շարք մը պատմաբաններ, փրոֆեսէօրներ եւ մասնագէտներ:

Գիտաժողովը բացուեցաւ Շաբաթ, 5 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10ին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան նշեց, թէ ակադեմական նման գիտաժողով մը կազմակերպելու նպատակն է 28 Մայիս 1918ի հայ ազգի հերոսական խոյանքը փառաբանելէ անդին անցնիլ եւ մանրամասնօրէն քննել այդ օրերու Հայաստանի ընկերային, աշխարհաքաղաքական, տնտեսական եւ այլ երեսները, որոնք իբրեւ ատաղձ պիտի աւելնան հայ ազգի գիտակցական հանգանակին՝ ներկայ օրերու եւ հետագայ հայ սերունդներուն ընձեռելով առիթ՝ աւելի լաւ ըմբռնելու հայ ժողովուրդի ազգային արժէքները եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու Հայաստանի եւ հայութեան պայծառ ապագայի կերտման աշխատանքներուն: «Լա՛ւ գիտէք, թէ աւելի քան 70 տարիներ այն, ինչ գրուեցաւ առաջին Հանրապետութեան մասին՝ ունեցաւ երկու պատմագրութիւն: Մին՝ Խորհրդային Հայաստանի օրուան ղեկավարութեան կողմէ, յատկապէ՛ս ազդուած 1920-1921ի իրադարձութիւններէն եւ Պաղ Պատերազմի մթնոլորտէն: Միւսը՝ Սփիւռքի մէջ, յատկապէ՛ս Դաշնակցութեան կողմէ, որ առաջին Հանրապետութեան մէջ տեսաւ ներուժի աղբիւր, տեսլականի յղացք եւ ազգային հպարտանքի ենթահող: Ժամանակն է, որ այս երկու զիրար հակասող պատմագրութիւնները վերածուին մէկի, արտացոլացնելով դէպքերը, դէմքերը, դրուածքը այնպէս, ինչպէս որ էին: Եւ ահա՛ այդ փորձերէն մէկն է որ կ՛ըլլայ այսօր եւ վաղը: Մենք միայն դաշնակցական եւ դաշնակցականամիտ մասնագէտներ չէ՛ որ հրաւիրեցինք այստեղ: Կարկինը լայն բացինք, նոյնինքն տրամաբանական տարակարծութիւններ ընկալելու եւ հայելին բազմապիսի անկիւններէ ցոլացնելու համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Կազմակերպիչ յանձնախումբը կը նպատակադրէ գիտաժողովի 15 զեկոյցները գիրքի վերածել եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել:

Յայտնենք, որ շնորհիւ տէր եւ տիկին Հէրի եւ Շերըլ Նաճարեաններու 25 հազար տոլարի նուիրատուութեան, կարելի եղաւ քով-քովի բերել 13 այլ վայրերէ եւ լոսանճելըսաբնակ երկու դասախօսներ, թիւով 15 մասնագէտներ, մինչ սրահի ծախսերը հոգաց «Սիսան» համալսարանի Հայկական ծրագիրի տնօրէնութիւնը: Տէր Խաչատուրեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, իրենց նուիրատուութեան, ներկայութեան, մասնակցութեան եւ երկօրեայ այս գիտաժողովին յաջողութեան սատարելնուն համար:

«Սիսան» համալսարանի Հայկական ծրագրի տնօրէն փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան ուրախութեամբ ողջունեց երկօրեայ գիտաժողովի մասնակից մասնագէտ պատմաբաններն ու ներկաները եւ ներկայացուց իր ամպիոնին գործունէութեան դաշտը, ուսանողներուն հրամցուած նիւթերն ու ծրագիրին հետապնդած նպատակները:

Երկօրեայ գիտաժողովը ընթացաւ հինգ բաժիններով, զորս վարեցին համադրող պատմաբաններ, ներկայացնելով դասախօսներն ու նիւթերը եւ ներկաներուն առիթ տալով հարցումներ ուղղելու դասախօսներուն. բոլոր դասախօսութիւնները (մեծ մասամբ անգլերէն) ունեցան 25 վայրկեան տեւողութիւն, իւրաքանչիւր երկու դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին, ապա սուրճի կամ ճաշի դադար:

Խորհրդաժողովի մանրամասն թղթակցութիւնը պիտի ներկայացնենք Շաբաթ օրուան մեր թիւով։

asbarez.com

10/05/2018

Տպել Տպել