Բաց Նամակ` Առ Որ Անկ Է. Գաղափարը` ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրն Է «Կաղապարը»` ՀՅ Դաշնակցութեան Կանոնագիրն Է Նուիրումը` Ազգին Է Կեանքը` Հայրենիքին Է

ԱՅԲՈՒԲԷՆ

Այսպէս երդում կու տան բոլոր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐԸ եւ բոլոր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐԸ կը հաւատան այդ երդումին:

Դաշնակցական մարմիններ կամ անհատներ երբեմն յուսախաբ կ՛ընեն, բայց ո՛չ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցականներ սխալեցան, թերացան, բայց ո՛չ Դաշնակցութիւնը:

Դաշնակցականներ թերացան, պատժուեցան եւ… նեղացան: Բայց… ինչո՞ւ նեղացան, արդեօ՞ք որովհետեւ շա՜տ կը սիրէին Դաշնակցութիւնը: Եւ կամ արդեօ՞ք շա՜տ կարեւոր էր իրենց համար Դաշնակցական ըլլալը: Թերե՞ւս իրենց ինքնութիւնն էր, իրենց վարկը, եւ երբ հեռացան Դաշնակցութենէն, կորսնցուցին իրենց ինքնութիւնն ու վարկը:

Թերեւս իրենց ուժն էր Դաշնակցութիւնը, եւ երբ հեռացան, տկար զգացին:

Թերեւս իրենց ապրումն էր Դաշնակցութիւնը, եւ երբ հեռացան…

Հեռացաք կամ հեռացուեցաք, այսինքն` այլեւս դաշնակցական չէք, ուրեմն ինչո՞ւ այդքան մտահոգ էք Դաշնակցութեամբ:

Ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը սրբագրելու, անոր «տաճարը» մաքրելու գործը ձեր վրայ կ՛առնէք:

Ինչո՞ւ մտահոգուիլ: Դաշնակցութիւնը ովկիանոս մըն է, որ եթէ նոյնիսկ աղտոտի, փա՛ռք «բնութեան», կարողութիւնը ունի ինքզինք մաքրելու:

Մտահոգուիլը դեռ ոչինչ… հապա՞ դաւաճանել անոր… ազատ էք, կրնաք ուրիշ կուսակցութեան մը անդամագրուիլ եւ գործել (ինչպէս կարգ մը նախկին դաշնակցականներ ըրած են) եւ հագնիլ այդ կուսակցութեան պատկանելիութեան պատմուճանը: Նոյնիսկ կրնաք «արժէք» դառնալ նորին մէջ. «արժէք», որ կը ստանաք, որովհետեւ նախկին դաշնակցական էիք, այլապէս ձեզ իր մէջ ընդունող կուսակցութիւնը պէտք է մտահոգուի, որովհետեւ օր մը իր պատմուճանն ալ կը հանէք:

Կրնաք նոր կուսակցութիւններ հիմնել, ինչպէս ձեզմէ առաջ շատեր փորձեցին, բայց չյաջողեցան… որովհետեւ փորձեցին Դաշնակցութեան անունը շահագործել կամ անկէ հեռացուածներու վրայ դնել յաջողութեան գրաւը:

Կրնաք ոխ ունենալ դաշնակցականներու դէմ, բայց չէք կրնար ձեր ոխը առնել Դաշնակցութենէն: Ցարական Ռուսիան «թաղեց» Դաշնակցութիւնը, այսօր ինքը թաղուած է, եւ ո՜վ հրաշք` Դաշնակցութիւնը կ՛ապրի եւ կը գոյատեւէ:

Եթէ իսկապէս շատ նեղացած էք Դաշնակցութենէն հեռանալով կամ հեռացուելով, դարձեալ քննեցէ՛ք ձեր խիղճը եւ գիտակցութիւնը, մեղայի եկէ՛ք, եւ այն ատեն ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ դռները թերեւս բացուին ձեր դիմաց:

23 մայիս 2018

Տպել Տպել