Մայիսեան 100 ամեայ հերոսամարտին նուիրուած երեկոյ

Արեան գնով կերտուած անկախ պետականութիւնը արիւն, քրտինքով ու հաւաքական ճիգով միայն կը հաստատուի:

Արդարեւ Մայիսեան յաղթանակը սովորական տօն մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ բնաչնչման եզրին կանգնած ազգ մը ներշնչելով եւ սպարազինուելով իր պապերուն թողած մշակութային հաստատ ժառանգով եւ խիզախութեամբ ու բարձր կորովով կրցաւ դէմ դնել այնպիսի թշնամիի մը, որուն աւերագործման ու վայրագութեան տենչերը սահման չունին:
Այս պատուաբեր առիթով, Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ սրահէն ներս յատուկ երեկոյ մը նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծննդեան 100 ամեակին, հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպույեանին եւ կազմակերպութեամբ Քուէյթի Ազգային Վարչութեան:

Հնչելէ ետք ՀՀ. օրհներգը, Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ազգային վարժարանի փոխ տնօրէն՝ Պրն. Կարօ Արսլանեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «եկէ՛ք, խոր յարգանքով խոնարհինք Սարդարապատը ‎կերտողներու սրբազան շիրիմներուն առջեւ եւ բարձր գիտակցութեամբ ‎գրկենք եւ մեր մէջ տանինք անոնց կտակը, իրար կողք կողքի կանգնած ‎աւելի ամուր, աւելի հաստատ եւ աւելի հանդուրժողութեամբ, ‎որովհետեւ պատմութեան մեր բոլոր լուսաւոր էջերը մենք ‎արձանագրած ենք հաւաքական ճիգերով, հաւաքական քրտինքով ու ‎հաւաքական արիւնով»:

Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Քուէյթի մօտ ՀՀ. դեսպան Պրն. Մանուէլ Բադէյեանը: Պրն. Դեսպանը շնորհաւորելէ ետք ներկաները շեշտեց թէ «Սարդարապատի ճակատամարտը հայ ժողովրդի փայլուն էջերից է: 1918 Մայիս 28-ին վերականգնուեցաւ հայկական պետականութիւնը, հռչակեուեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը»:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Ռէժինա Հինտոյեանը «Տուն իմ Հայրենի» եւ Ժան Փօլ Մուշեղեանը «Է՜Ոտքի Հայ Ժողովուրդ» երգերով:

Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» գործէն հատուածներ ասմունքեց՝ Տիկ. Նարինէ Արապաթլեանը, իսկ ազգային վարժարանէն խումբ մը պարմանուհիներ ղեկավարութեամբ՝ Տիկ. Ժաննա Սերոբեանին ներկաներուն հրամցուցին փունջ մը հայրենասիրական երգեր դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Հայկուհի Բազեանի:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Գ.Մարմնի անդամ Պրն. Արթիւր Եղիազարեանը, որ իր հարուստ մեկնաբանութիւններով կամրջեց օրուան պատգամը Հայաստանեան ներկայ իրավիճակին հետ, ան յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի քաղաքական վերջին անցուդարձներուն մասին եւ շեշտեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ կը տիրէ նոր իրավիճակ, որուն յաջողութեան համար բոլորս պատասխանատու ենք համահաւասար:

Բանախօսի ելոյթին աւարտին լուսաբանական հարցերու առիթ տրուեցաւ: Յարգարժան հիւրը մանրամասնօրէն պատասխանեց ամէն հարցերուն:

Փակման խօսքը արտասանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Թեմիս Առաջնորդը որ ըսաւ.- «28 Մայիս 1918-ին հայութիւնը կրցաւ փշրել ստրկութեան շղթան, թօթափել սրտկութեան զգացումը եւ կերտել իսկական յաղթանակ, որուն խորհուրդը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ եւ պիտի շարունակէ ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ»:

Տպել Տպել