Հզօր Լիբանան Համախմբումը Աւարտեց Իր Դռնփակ Հանդիպումը` Ընդգծելով Ժողովրդավարական Համագործակցութեան Կարեւորութիւնը

Հզօր Լիբանան համախմբումի դռնփակ հանդիպումի պաշտօնական մեկնարկը կատարուեցաւ երէկ առաւօտեան, Զահլէի «Քատիրի» պանդոկին մէջ` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ մասնակցութեամբ համախմբումը բաղկացնող բոլոր ուժերուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի:

Համախմբումի նախագահ Պասիլ շեշտեց, որ համախմբումին դիմաց կայ նոր մարտահրաւէր մը, որ կը կոչուի նուաճում կամ իրագործում:

Ան հաստատեց, որ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին զօրակցող համախմբում, իրենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն:

Պասիլ նշեց, որ համախմբումին համար քաղաքական գլխաւոր գործունէութիւնը պիտի ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարը, որ պիտի մղուի Հըզպալլայի հետ միասնաբար, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ պիտի շարունակեն սերտ գործակցութիւնը` բարելաւելու համար երկրին տնտեսական վիճակը:

Պասիլ նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ Լիբանանեան ուժերուն հետ իր սկսած ուղեգիծը, ինչքան ալ շատ ըլլան իրենց դէմ կատարուած ցեխարձակումները:

Պասիլ հաստատեց, որ համախմբումը յառաջիկայ ամսուան ընթացքին դռնփակ այլ հանդիպում մը պիտի գումարէ` կառավարութեան եւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն կազմութենէն ետք:

Իր կարգին, համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը համապարփակ պատկերացում եւ աշխատանքային ծրագիր մշակած է յաջորդ փուլին համար` տնտեսական, ընկերային, կրթական թէ երիտասարդական մակարդակներու վրայ:

Դռնփակ հանդիպումի աւարտին Պասիլ յայտնեց, որ համախմբումը ընդգծած է ժողովրդավարական համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը ներառել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ: Ան աւելցուց, որ իրենք պատրաստ են Լիբանանին միայն դրականը տրամադրելու:

Պասիլ նշեց, որ դռնփակ հանդիպումին ընթացքին կազմուած են յանձնախումբեր` 18 թղթածրարներու աշխատանքը հետապնդելու նպատակով:

Պասիլ յայտնեց, որ ինք եւ երեսփոխան Յ. Բագրատունի պիտի նախագահեն դիւանագիտութեան եւ լիբանանեան սփիւռքի կարեւոր թղթածրարը:

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան պիտի հետապնդէ մաքսատան եւ ընդհանուր տուրքերու պարագային արձանագրուած օրինազանցութիւնները, իսկ երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան պիտի գործէ առողջապահութեան, դեղորայքի եւ փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբերուն շրջագիծին մէջ:

Ան նշեց նաեւ, որ պաշտպանութեան ռազմավարութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի աշխատանքը պիտի հետապնդէ երեսփոխան Շամել Ռուքոզի գլխաւորած յանձնախումբը, տնտեսական եւ ելեւմտական թղթածրարը` երեսփոխան Քանաանի գլխաւորած յանձնախումբը:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան հաստատումի աշխուժ մեքենան», հաստատեց Պասիլ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել