Մեծանուն հայը – Մուշեղ Իշխան (1913 – 1990թթ)

Մուշեղ Իշխան ծնած է 1913ին, Սիվրի Հիսար, անշուք գիւղաքաղաք մը՝ Անգարայի նահանգին մէջ։ Թուրք դահիճին եաթաղանը խլած է կեանքը նաեւ նորածին մանուկին ծնողքին, անոր վիճակելով Ցեղասպանութենէն վերապրողներու կեանքի դաժան պայմանները։

Մանկութեան առաջին 4-5 տարիները անցուցած է աքսորի սարսափներուն մէջ, նոր աչք բացող երեխայի անգիտակցութեամբ։ Դամասկոսի մէջ ան յաճախած է կաթողիկէ, աւետարանական եւ առաքելական վարժարաններ։ Ի վերջոյ սակայն, 1928ին վկայական ստացած է Հայոց Ազգային վարժարանէն։

Այնուհետեւ, արհեստ սորվելու ձախող փորձերէ ետք, Մ. Իշխան յաջողած է ինքզինք «նետել» Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը, ուր մնացած է դպրոցական երկու տարեշրջան, աշակերտելով Յակոբ Օշականի։ Իր ինքնակենսագրականին մէջ Իշխան կը գրէ, որ «ուսուցիչներէս միայն իր անունը կը յիշատակեմ, որովհետեւ իր անունին հմայքն էր զիս հոն քաշողը եւ իր գրական ըմբռնումներն ալ հետագային խոր ազդեցութիւն ունեցան իմ կազմաւորմանս վրայ»։

Մելգոնեանի ընթացքը առանց աւարտելու, 1930ին, երբ ան արձակուրդի կու գայ Պէյրութ, կը դառնայ գիշերօթիկ սան՝ Շանթի եւ Աղբալեանի նոր բացած Հայ Ճեմարանին։ Հինգ տարուան ուսանողական շրջանէ մը ետք, ան կը դառնայ ուսուցիչ՝ նոյն հաստատութեան մէջ։

Բարձրագոյն ուսման երազը 1938ին զինք կը տանի Պելճիքա, ուր ան երկու տարի կը հետեւի Պրիւքսէլի համալսարանի մանկավարժական եւ գրականութեան ճիւղերուն։ 1940ին, փախուստ տալով Համաշխարհային Բ. պատերազմի արհաւիրքներէն, Իշխան կը վերադառնայ Պէյրութ եւ իր կեանքը բոլորանուէր կերպով կը մատուցէ հայ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան աշխատանքին՝ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարելով Ն. Փալանճեան ճեմարանին մէջ, որուն փոխտնօրէնի պաշտօնը կը վարէ հիմնադիրներուն մահէն ետք։

Բազմավաստակ դաստիարակ, գրագէտ, գրականագէտ, մանկավարժ–դասախօս եւ հայ մշակոյթի սպասարկու Մ. Իշխան գրել սկսած է 16-17 տարեկանին։ Առաջին բանաստեղծութիւնը տպուած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ։

1932էն անդին, ուսուցչական պաշտօնին կողքին, հաւատարիմ իր գրողի կոչումին, ան քանի մը տարին անգամ մը հրատարակած է բանաստեղծութեան եւ արձակ գործերու նուիրուած հատորներ, հետեւեալ յաջորդականութեամբ. «Տուներու երգը» (1936), «Կրակը» (1938), «Հայաստան» (1946), «Կեանք ու երազ» (1949), «Երեք մեծ հայեր» (1952), «Հացի եւ լոյսի համար» (1956), «Ողջո՜յն քեզ, կեանք» (1958), «Ոսկի աշուն» (1963), «Տառապանք» (1968), «Մեռնիլը որքան դժուար է» (1971), «Արդի հայ գրականութիւն» Ա. Բ. եւ Գ. հատորներ (յաջորդաբար՝ 1973, 1974 եւ 1974), «Մնաս բարով մանկութիւն» (1974), «Սպասում» (1977), «Սառնարանէն ելած մարդը» (1979), «Թատերախաղեր» (1980), «Իմ ուսուցիչներս» (1984) եւ «Արեւամար» (1986)։

Հայ մշակոյթի սպասարկու ըլլալու իր հանգամանքին կողքին, Մ. Իշխան եղած է գաղափարի անխոնջ նուիրեալ մը։ Ան պատանեկութեան տարիներուն անցած է ՀՅԴ շարքերը եւ հետագային վարած պատասխանատու պաշտօններ։

Միաժամանակ, ան ունեցած է հրապարակագրական վաստակաշատ գործունէութիւն։ Աշխատակցած է ՀՅԴ մամուլին եւ գրական թերթերուն։ Հիմնադիրներէն էր Ճեմարանի «Ակօս»ին։

1941-1951 եղած է խմբագիր «Ազդակ» օրաթերթին եւ Շաբաթօրեակին։ Ժամանակ մը մաս կազմած է «Բագին»ի խմբագրութեան։ Իբրեւ բեղուն գրիչ, ան մինչեւ իր մահը գաղափարական, ազգային–ազգագրական եւ մշակութային յօդուածներով աշխատակցած է դաշնակցական մամուլին։

1974-75 տարեշրջանին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Ամերիկայի մէջ տօնուած է Մուշեղ Իշխանի կրթական եւ գրական գործունէութեան քառասնամեայ յոբելեանը։

1988ին Մ. Իշխանի ծննդեան 75ամեակին առիթով, Ամերիկահայոց Միջազգային քոլեճը մեծարանքի հանդիսութեամբ մը, հայ մշակոյթի բազմամեայ նուիրեալին շնորհած է Պատուոյ դոկտորայի տիտղոս։

1988էն ասդին հեղինակին խոր գոհունակութիւն առթող իրողութեամբ մը, Մ. Իշխանի գործերը տեղ գտան նաեւ հայրենի մամուլին մէջ, իսկ թատերական գործերէն քանի մը հատը բեմադրուեցան հայրենի բեմերուն վրայ։ Մինչեւ իսկ հրատարակութեան յանձնուած էր գործերէն մաս մը, երբ Մուշեղ Իշխան առ յաւէտ իր աչքերը կը փակէր 12 Յունիս 1990ին, արեւմտեան Պէյրութի իր բնակարանին մէջ, սիրտի տագնապի մը իբրեւ հետեւանք։

Մուշեղ Իշխանի յուղարկաւորութեան պաշտօնական արարողութիւնը կը կատարուի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, այնուհետեւ անոր դագաղը Պուրճ Համուտի մուտքէն ուսամբարձ կը տարուի մինչեւ Տորա, ապա՝ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուն։ Անոր մարմինը կ՛ամփոփուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ։

Մուշեղ Իշխանի Բանաստեղծութիւններէն

Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն…
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կ՛ըստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ։
Քանի՜ դարեր եւ քանի՜ ճարտարապետ հանճարներ
Աշխատեցան անոր տալ վեհութիւն, գեղ ու պերճանք,
Քանի՜ գեղջուկ բանուորներ տքնեցան տիւ եւ գիշեր,
Որոնք թաղուած են հիմա մոռացութեան մութին տակ։
Մշտանորոգ ու միշտ հին՝ ան կը տեւէ դարէ դար,
Իր ճրագները՝ միշտ լոյս, իր օճախին հուրը՝ վա՛ռ,
Բարիքներով անսպառ լեցուն ամբարն ու մառան։
Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՜ն ապագան…
———————————————-
Եթէ
ՔԻՓԼԻՆԿ (անգլիացի բանաստեղծ)
Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Երբ ուրիշներ կը կասկածին քու վրադ,
Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր,
Կամ չստել՝ շրջապատուած սուտերով,
Ատողներու միջեւ մնալ սիրալիր,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժո՛վ.
Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող,
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այս խաբող.
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի
Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի.
Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ, երբ կորած է ամէն բան,
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.
Եթէ կրաս արքաներու հետ պարզուկ,
Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,
Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.
Քո՛ւկդ է երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:
Թարգմ.՝ Մուշեղ Իշխան
————————————————-
Հայ Հոգին
Հրաշագործ, հրաշալի՛ հայ հոգին,
Յաւերժական լոյսի մը պէս շողշողուն,
Օր մը իջաւ Արարատի բարձունքին
Եւ նուաճեց խաւարն անթիւ դարերուն:
Հայոց աշխարհն իրմով դարձաւ բուրաստան
Փոքրիկ ածու, բայց գերազանց բոլօրէն
Ուր ծաղկեցան վսեմ գործեր արութեան
Եւ ուր փառքի նոր ընձիւղներ կը ժայթքեն:
Երկնապարգեւ շնորհք ու շունչ հայ հոգին,
Մեզ սկիզբէն վառեց բոցովն աստղերուն
Եւ նուիրեց ազատութեան տաճարին՝
Հայկէն մինչեւ վերջին ժառանգն հայկազուն:
Ամէնուրեք, ապառաժէն իսկ դաժան
Բխեցուց ջուրն անմահական գորովի,
Տառապանքէն քամեց գինին խնդութեան,
Վէրքերը մեր փոխեց անուշ սրինգի:
Անչափելի, մեծախորհուրդ հայ հոգին,
Ինքն էր, որ մերթ իբրեւ Վահագն ու Աստղիկ
Փառակերտեց վէպն հեթանոս մեր կեանքին
Եւ մերթ դարձաւ դիւցազնական փոթորիկ:
Հայ վանքերու խուցերուն մէջ մթամած
Ի՛նքն էր հեղեղ աղօթքներուն Նարեկեան,
Կանթեղը վառ, որ դարէ դար պլպլաց էջին վրայ
Մեր ոսկեղէն դպրութեան:
Սիրագորով, գանձերու ծո՛վ հայ հոգին
Երգ ու տաղով բարբառեցաւ ամէնուն
Եւ իր անյայտ, աստղանուագ մեղեդին
Դարձաւ համերգ Կոմիտասի շրթներուն:
Բաշխուեցաւ հանճարներուն մեր բոլոր,
Քնարակիր գուսաններուն վաղեմի,
Շեփորահար քերթողներուն թեւաւոր
Եւ արդ մեր մէջ եւ մեր վերեւ կը ծագի:
Բազմաչարչար, անյիշաչար հայ հոգին
Քանի սուրո՜վ զինք խոցեցին
Քանի՜ շղթայ զարկին իր սէգ թռիչքին
Բայց ինք մնաց կենսանորոգ ու դալար:
Իր հարազատ պատկերն է սուրբ մեր լեզուն
Որ կը հնչէ զանգերուն պէս Յարութեան
Իր տեսիլքէն կը կրէ կեանք եւ արիւն
Ամէ՛ն տաճար, ամէ՛ն գմբէթ հայկական:
Հայ հոգին անմահ, հայ հոգին հզօր,
Ճառագայթ բոսոր
Պիտի սփռէ դեռ անհատնում դարեր
Օրհնութիւն եւ սէր:
Պիտի գան անվերջ սերունդներ նորէն
Եւ պիտի կրեն,
Իբրեւ վառ դրօշ եւ լուսապսակ
Զայն ծագէ ի ծագ
Հայ հոգին կախարդ՝ երկինքի ճամբան
Անմար ծիածան
Հազա՜ր փառք իրեն, բիւ՜ր աղօթք ու խունկ
Հազա՜ր պաշտամունք…
——————————————————
Առաջ Գիտէի
Թէ մարդիկ ինչո՞ւ կու գային աշխարհ,
Արեգակն ինչո՞ւ կը թափէր ոսկի
Ծաղկաբաց ծառի ափերուն դալար,
Ինչո՞ւ կը հնչեր երգը գետակի.
Հիմա չեմ գիտեր…
Առաջ գիտէի,
Թէ ի՞նչ կ՛ըսէին աստղերը պայծառ՝
Կախուած կամարէն անհաս երկինքի,
Թէ ո՛ւր կ՛արշաւէր վազքը տենդահար
Յաւերժագնաց մեր մոլորակի.
Հիմա չեմ գիտեր…
Առաջ գիտէի,
Թէ ինչո՞ւ մարդոց ծիծաղին յորդուն
Կը խառնուի լաց, արիւն ու արցունք
Եւ ինչո՞ւ կեանքի հինաւուրց ճամբուն՝
Վիհին կը նայի ամէն մէկ բարձունք.
Հիմա չեմ գիտեր…
Առաջ գիտէի,
Թէ ինչ կար կեանքէն, մահէն ալ անդին,
Ի՞նչ գանձեր ծածուկ ունէր ապագան
Եւ թէ ո՞ր անսուտ, նորածագ լոյսին
Կը բացուէր յանկարծ ամէն գերեզման.
Հիմա չեմ գիտեր…
————————————————-
Աշխարհի Ցաւով
Սիրտս կ՛արիւնի՛ աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուած իմ, չորս դիս
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս:
Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն
Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց
Եւ նոր ոճիրներ, իմ շուրջն ու հեռուն,
Կը ծնին մարդիկ՝ արիւնով հարբած:
Գլուխս ինչպէ՞ս ես դնեմ բարձիս
Եւ ննջեմ խաղաղ, աներազ քունով,
Երբ անգին անքուն մօտիկ դրացիս
Կը հսկէ զաւկին հոգեվարքին քով:
Սռւրի ու սովի կր դառնան աւար
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն
Եւ ոտքի կոխան՝ հասկեր անհամար,
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն:
Ես ինչպէ՞ս նստիմ խնճոյքի սեղան
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան
Որբի մը բերնէն պատառը հացին:
Աստուա՛ծ իմ, որքա՛ն անարդար վճիռ.
– Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս…
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր.
– Աշխարհի ցաւով հիւա՜նդ է հոգիս…
————————————————
Տառապանք
Ցնորք է գուցէ մեր շուրջ ամէն բան,
Աչքերը մարդուն՝ խաբկանքի պաստառ,
Անցքերն աշխարհի՝ լոկ շարժանկար,
Ցնորք է գուցէ մեր շուրջ ամէն բան:
Կսկիծն է կեանքին միայն իրական,
Տառապանքը խոր ու բազմախորհուրդ,
Ամէն սրտի մէջ եռացող սնունդ,
Կսկիծն է կեանքին միայն իրական:
Յուշ է երազի՝ պահը խնդութեան,
Յոյսի արձագանք՝ ծափ ու ցնծութիւն,
Լուսնկայի ցոլք՝ ժպիտը մարդուն,
Յուշ է երազի՝ պահը խնդութեան:
Արցունքն է կեանքին միայն իրական,
Ամէն ժամ քամուող հիւթը այս հողին,
Մեր արբեցութեան հրաշէկ գինին,
Արցունքն է կեանքին միայն իրական:
———————————————————
Կտակ
Դեռ չհասած իմ վաստակիս վախճանին,
Կտակս ահա քեզի ընծայ գերագոյն
Կը ծրարեմ անցեալս ամբողջ այս պահուն
Եւ գալիքին ոսկեղէն յոյսն ալ անգին…
Երբ զայն քակես օր մը ձեռքով դողահար,
Հոն չգտնես գուցէ ինչ որ յուսացիր,
Բայց ես կ՛ուզեմ որ դուն ըլլաս ջահակիր
Հօրենական մեծ աւանդի մը պայծառ:
Ո՛չ գանձ ունիմ, ոչ պարտէզներ ու պալատ,
Ո՛չ իսկ խրճիթ եւ կամ խոպան ափ մը հող,
Այլ կը յանձնեմ քեզի երազ մ՛այգաշող
Եւ փառքն անբիծ Հայ անունին հարազատ…
Կտակս ահա… շա՛տ աւելին դուն ունիս
Քան աշխարհի բոլոր գանձերն անցաւոր.
Հայ դարերու փոթորիկէն ահաւոր
Կը ժառանգես դուն ալեկոծ իմ հոգիս…
Քուկդ է, մանչուկ, շքեղ տեսիլքը մեր մեծ,
Որ ծովերուն դէմ արցունքի եւ արեան
Շողաց իբրեւ նորոգ կեանքի ծիածան,
Որուն յառած՝ հայրս աչքերն իր փակեց:
Աւարտ մարտի խոնջ պսակին փոխարէն՝
Ոգեծփուն ու վառ դրօշ մը քեզի,
Որ զայն պարզես քո՛ւ բազուկով քաջարի
Յաղթանակիդ լերան ազատ կատարէն:
Մեր տառերուն աստղերն ըրած ճակտիդ թագ
Եւ շրթներուդ՝ աղօթքն անմահ Հայ երգին,
Եղի՛ր միշտ տէր իմ սրբաշունչ կտակին-
Հաւատքի սիւն եւ նոր Ուխտի Տապանակ…

———————————————————
Հինն Ու Նոր
Մեր գրկին մէջ, մեր աչքին դէմ մեղմօրէն
Կը մահանայ վաստակաբեկ Հին Տարին.
Կէս-գիշերուան զարկերն ահա կը թաղեն
Ժամանակի փակեալ դագաղ Հին Տարին:
Մա՞հ թէ ծնունդ՝ խորհրդաւոր այս պահուն…
Նոյն յարկերէն կը մտնէ ներս Նոր Տարին.
Սրտերն ամէն կ՛ըլլան յանկարծ հարսնետուն
Եւ կը գրկեն կեանքով յորդուն Նոր Տարին:
Մերն էր երէկ, մեր կուրծքերուն հեւքին պէս,
Մեզ բախտակից, մեզ ուղեկից Հին Տարին.
Յուշ է այսօր, մէգ ու մշուշ մահամերձ
Յաւերժութեան անդարձ ժառանգ Հին Տարին:
Կու գայ փառքով, զէն ու զարդով յաղթական
Աստեղաշող, մեծահանդէ՜ս Նոր Տարին.
Երգ է պայծառ եւ ցնծութիւն տօնական
Զանգերու ձայն, փողերու կանչ Նոր Տարին:
Որքա՜ն սէրեր ու երազներ լուսալիր,
Տարաւ իր հետ անդունդն ի վար Հին Տարին.
Ժպիտն՝ արցունք եւ կրակներն ալ մոխիր
Ըրաւ, աւա՜ղ, սա անողոք Հին Տարին:
Թող գայ բարի՜ եւ բարբառի ամէնուն
Նոր յոյսերու աւետաբեր Նոր Տարին:
Երկնի բոցէն վառէ մոմեր գոյնզգոյն
Շողշողուն ծառ ու լուսարա՜ր Նոր Տարին:
———————————————————
Համերգ Ողբագին
Հիմա կեանքի եղերական համերգին
Ես կը մնամ սրտամորմոք ունկնդիր,
Որքա՜ն հառաչ, կոծ ու կական ողբագին՝
Ժամանակի թաւալումին մէջ անծիր…
Մի՜ երկնչիր եւ լսէ հեծքը գազանի
Պուտ մը ջուրի կարօտ հողին ճաթռտած,
Ողբերն անհուն բարտիներուն գեղանի,
Որ տապարի հարուածին տակ կ՛իյնա՛ն ցած:
Թռչունի բեկ ու վիրախոց թեւերով
Միջոցին մէջ կ՛անցնին ճիչեր ոգեվար
Եւ սպանդի արիւնաներկ դրան քով
Հորթ ու գառնուկ կը բառաչեն խելագար:
Ւնչպէ՞ս կրնաս փակել փեղկերը սրտիդ
Հեծկլտանքին դէմ մարդկային արցունքին.
Եթէ ծաղկի երբեմն վառ մէկ ժպիտ՝
Տուն ու երդիկ հազար ցաւով կր յորդին:
Լսէ ինչպէ՜ս մահամերձներ կը տքան
Իրենց ցաւի մահիճներուն մէջ տամուկ
Ու սեւ բախտի ծանր թաթին տակ դաժան
Կր գալարին սովահար ծեր ու մանուկ:
Լսէ զգոյշ խեղդուած ողբը թաքուն
Յոյսի անձէթ ճրագներուն փշրուող.
Լսէ՜ լեզուն սիրոյ վերջին բոցերուն,
Ուր կ՛ըլլան հող խինդ ու երազ լուսաշող:
Բայց համերգին մրճահարող շեշտը գոռ
Սուգն է ահեղ որդեկորոյս մայրերու
Եւ որբ տղոց կարօտի կանչը մոլոր՝
Կեանքի անհաշտ պայքարին մէջ ահարկու:
Կր բարձրանա՜յ, կր բարձրանայ օրն ի բուն
Տառապանքի նուագն ալիք առ ալիք
Եւ ճիպոտի մը չափին տակ գերագոյն
Մերթ կ՛ըլլայ ողբ, մերթ մռնչող փոթորիկ…
————————————————–
Մեծ Ընծան
Հայրս կ՛ըսէ՝ Մասիսն է լոկ մեծ ընծան,
Որ դուն կրնաս օր մը բերել հայ տղոց.
Որուն մէջ կայ ամէն բան-
Աստղ ու լուսին ոսկեզօծ,
Կրակ ու բոց.
Հսկայ շուներ պահապան,
Շղթայակապ հին քաջեր
Ու հրեղէն նժոյգներ…
Կաղանդ պապա, ես այդ Մասիսը կ՛ուզե՛մ
Դի՛ր անիւներ ոտքիդ տակ
Ու համարձակ քշէ՛ մեր տունը շիտակ,
Բեր ինձ նուէրն այդ վսեմ:
——————————————-

Մեր Տունը
Ամէն իրիկուն, պտոյտէն դարձին
Երբ կը մօտենանք մեր տան փողոցին,
Գառնուկի մը պէս որ կ՛երթայ փարախ՝
Դուն թեւըդ պարզած կ՛աւետե՛ս ուրախ –
Հոն է, տե՛ս, հայրիկ, մեր տունը սիրուն:
Սիրտըս կ՛արիւնի թախիծով անհուն,
Բայց մունջ է լեզուս, իմ անտուն իշխան.
Անտեղեակ հայու քու բախտիդ դաժան՝
Չես գիտէր դեռ դուն որ խրճիթ մ՛անգա՛մ
Չունիս շէնքերու շարքին մէջ փարթամ:
Այն դռան սեմին, ուր կ՛երգես անհոգ,
Այսօր իսկ յանկարծ կրնայ գալ իրօք
Մարդ մը մեծազօր եւ իբրեւ տանտէր՝
Կրնայ մեր գլխուն արձակել շանթեր
Ու խլել ձեռքէդ բոյնըդ սիրասուն:
Ժպիտով օծուն ո՜վ ողբերգութիւն,
Ինչպէ՜ս պատմել քեզ որ չունինք մենք տուն,
Որ մեր հայրենի երդիքը զուարթ
Մարդիկ բարբարոս ըրին քար ու քանդ
Գիւղի մը դալար բարտիներուն տակ…
Դու, տղա՛ս, մեր տան ճրագը միակ,
Ես կը հաւատա՛մ որ պիտի կանգնես,
Սասունցի անյաղթ նոր Դաւիթ մ՛ինչպէս,
Օճախըդ աւեր մեր հողին վրան,
Եւ թեւըդ պարզած ըսես յաղթական. –
Հո՜ն է, տե՛ս, հայրիկ, մեր տունը սիրուն…
—————————–
Հայրենակից Ուր Կ՛երթա՛ս
Ծովուն վրայ եւ հողին,
Օդերուն մէջ հեռահաս
Հայը կ՛երթայ, կը սուրայ
Խենթ հովերուն հետ բախտին…
Հայրենակից, ո՞ւր կ՛երթաս.
Ամէն երթի ու կայքի
Տե՛ս, վրայէդ կը թափի
Հայու հոգիդ մաս առ մաս…
Հայը կ՛երթայ, կը սուրայ
Հորիզոններ հեռակայ
Եւ արծաթի մը համար
Կը զոհէ գանձ ու գոհար…
Երկրէ երկիր, ափէ ափ,
Այսպէս մոլոր, վազնէ վազ,
Քիչ մ՛աւելի գունաթափ,
Հայրենակից, ո՞ւր կ՛երթաս…
————————————————
Հայ Մայրիկին Աղօթքը

Ալ կը բաւէ՛, Տէ՜ր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ,
Թշնամիս իսկ մեզ նման ուրիշի դուռ չձգես:
Անասունին կու տաս որջ եւ թռչունին՝ տաքուկ բոյն,
Իսկ մարդոց ալ մեղաւոր՝ տո՛ւր ապաւէն մէկ անկիւն:
Թող պալատներ վայելեն մեծահարուստն ու արքան,
Մեզ արժանի ըրէ, Տէ՛ր, մեր խրճիթին աննշան:
Ո՛չ հանգիստ կայ, ոչ ալ քուն ցուրտ յարկին տակ օտարին,
Ա՜խ, եօթն օրէն աւելի հիւր չպահես ո՛չ ոքին:
Քու օրհնութիւնդ իջնէ, Տէ՛ր, ամբարներուն մեր նորէն,
Եւ օտարներ կշտանան մեր լիառատ սեղանէն:
Մեր սրտերուն հետ կարօտ, հին աղօթքներն ալ չորցան,
Առանց տոհմիկ այն խունկին, որ կը ծխար քու անուան:
Ծիծաղն է լաց, երբ մարդուն չի տար իր տունն արձագանգ,
Եւ արցունքն ալ՝ դառն հեգնանք, երբ չկան երդ ու փականք:
Տո՛ւր որ, Աստուա՛ծ, ամէն սիրտ վառի իր սուրբ օճախէն,
Որ չմարի մոմի պէս կեանքի դաժան հովուն դէմ:
Տո՛ւր որ ամէն ուռճացող մատղաշ հասակ իր կարգին
Զգայ յանկարծ ուսերուն բեռն իր անուշ երդիքին:
Ծնող մանուկն առջի յեղ տեսնէ տնակն հայրական
Եւ ծերունին իր տան մէջ փակէ աչքերն յաւիտեան:
————————————————————-

Կը Ձանձրանան
Կ՛ըսեն՝ շատ կարճ է կեանքը,
Շուտ կը կասի սրտին զարկը,
Բայց արեւուն տակ ծիրանի,
Երիտասարդ ու ծերունի
Ահա կեցած շարան-շարան
Կը ձանձրանան…
Կ՛ըսեն՝ շատ քաղցր է կեանքը
Եւ անսահման՝ երկրի փառքը,
Բայց գրկին մէջ բուրաստանի,
Ծաղիկներուն դէմ գեղանի
Մարդիկ կեցած շարան-շարան
Կը ձանձրանան…
Կ՛ըսեն՝ շատ խոր է կեանքը,
Լոյս է համակ երկնի հանքը,
Բայց կանչին դէմ ծիածանի
Եւ աստղերուն խորհրդալի
Մարդիկ կեցած շարան-շարան
Կը ձանձրանան…
Կ’ըսեն‘ միշտ նոր է կեանքը,
Մի՛շտ կը հնչէ սիրոյ զանգը,
Բայց աներազ, առանց տաղի,
Սեղանին շուրջ հաց ու աղի
Մարդիկ ահա շարան-շարան
Կը ձանձրանան…
——————————————————————————–’
Նոյնն Է Ճամբան
Դուք, որ մեռաք հինգ դար առաջ,
Դուք, որ այսօր կը մահանաք,
Նոյն ծառին ծիլն էիք կանաչ
Եւ դարձաք նոյն հողին ճարակ…
Հինգ դար առաջ, հինգ դար յետոյ՝
Նոյն անցորդն էք անվերադարձ.
Կ’իջնէ անյոյս մութ երեկոյ
Ձեր աչքերուն վրայ սառած…
Ծառին համար եւ այս հողին
Նոյնն է երէկ, նոյնն է այսօր.
Նոյն ծաղկումն է գարնանային
Եւ աշնան նոյն տերեւը չոր…
Դուք, որ յաճախ արտասուեցիք
Եւ դուք, որ շատ զուարճացաք,
Դուք, որ տուիք փուշ ու ծաղիկ՝
Նոյն խաւարին դարձաք բանակ…
Նոյնն է հիմա դար ու վայրկեան,
Երբ որ չկայ երթ ու գալիք.
Համայնական նոյնն է ճամբան,
Երբ որ չկայ կեանքի ալիք…
—————————————————————————-
Կը Կոչուինք Մարդ
երբ հանդիպինք օր մը յանկարծ մենք իրար,
աստղաբնակ իմ եղբայր,
ու երբ սիրով նստինք սեղան միասին,
երկու լեցուն բաժակի շուրջ աստղային,
ինչպէ՛ս պատմեմ, որ հասկնաս ամէն բան,
որ մեր երկրին մէջ էր Ադամն ու Եւան,
որ կը կոչուինք մենք հոն ՄԱՐԴ,
մեր մէջ ունինք շունչն Աստուծոյ սրբաւանդ,
ունինք հոգի բանական
եւ մենք ենք տէրն ու արքան
բոլոր շնչող, բոլոր թռչող կենդանեաց:
ինչպէ՜ս պատմեմ, որ քիչ մը գէթ հասկնաս,
թէ կը կոչուինք մենք հոն ՄԱՐԴ,
մեր կոչումով, մեր հանճարով միշտ հպարտ,
կը պեղենք կուրծքը հողին,
կը պեղենք սիրտը ծովին
ու կը տիրենք ոլորտներուն երկնային,
մենք իրար շա՜տ կը սիրենք,
ունինք համբոյր, ունինք սաղմոս ու սիրերգ,
ունինք արցունք, ունինք ժպիտ խանդակաթ
եւ կը կոչուինք մենք հոն ՄԱՐԴ:
աստղաբնակ իմ եղբայր,
բազմաշնորհ սա ձեռքերով շինարար
կը կերտենք տուն ու տաճար,
կը հանենք հաց ու գինի,
եւ որպէսզի սեղանը մեր վայելքի
ըլլայ միշտ լի, առաւել շէն ու պայծառ՝
կը կողոպտենք մենք իրար,
կ՛աւերե՛նք գիւղ ու քաղաք
ու մեր հզօր օրէնքներու լուծին տակ
մենք կը քամենք ստրուկներ մեղապարտ
եւ կը կոչուինք մենք հոն ՄԱՐԴ:
աստղաբնակ իմ եղբայր,
ինչպէ՜ս պատմեմ, որ դուն շիտակ հասկնաս,
մենք կ՛աղօթե՛նք հանապազ
խաղաղութեան եղբայրութեան կարօտով,
բայց որպէսզի մեր կեանքն ըլլայ ապահով՝
բազմաշնորհ սա ձեռքերով դիւրաբեկ
մենք կը սպաննենք մէկզմէկ,
մենք կը մորթենք պզտիկ ու մեծ անխնայ,
մինչեւ մեր շուրջ արիւնը տաք ծովանայ,
մինչեւ մեր սիրտն հովանայ,
բայց դէմքը մեր միշտ կը մնայ անաղարտ
եւ կը կոչուինք մենք հոն ՄԱՐԴ…
————————————————————-

Դուն Միացար Մեր Հողին
Մայր իմ՝ արեւ ու հեռանուշ լուսնկայ,
Դարձար նշխար ու միացար մեր հողին,
Եւ հողն անուշ հայրենիքին հնամեայ,
Քիչ մ՛աւելի անուշցաւ…
Մայր իմ՝ երկինք եւ առաւօտ սրբալոյս,
Դուն մեր հողին տուիր հոգիդ խնկաբոյր
Եւ հողը սուրբ՝ լուսապսակ պապերուս՝
Քիչ մ՛աւելի սրբացաւ…
Մայր իմ, դուն գանձ եւ անսպառ ոսկեհանք,
Դարձար խորհուրդ եւ հողակոյտ աննշան,
Բայց գանձն անխոյզ մեր հողերու լանջքին տակ՝
Քիչ մ՛աւելի աճեցաւ…
Մայր իմ՝ աղբիւր անհաս հրաշքին,
Գացիր ննջել Լուսաւորչի աստղին տակ
Եւ սիրտն անհուն Հայաստանի մայր հողին
Քիչ մ՛աւելի մայրացաւ…
Մայր իմ՝ երդիք, մայր իմ՝ սեղան տոհմական,
Հարազատ բառ եւ սուրբ բարբառ մայրենի,
Քեզմով հիմա աշխարհն հայոց աննման
Քիչ մ՛աւելի հայեացաւ…
——————————————————————–

Տարօրինակ Մարդ Արարած
Տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած,
Մոմի լոյսով՝ խաւարի մէջ համատարած,
Կը հալածես դու տեսիլքներ արեւավառ,
Կը խարխափիս եւ խաւարին չես հաւատար…
Արցունքներուդ միգամածին խորին տմոյն
Գիտես նայիլ արշալոյսի ճաճանչներուն
Սուգի քօղի տակ յուսալից դուն սիրահար՝
Կը տառապիս եւ վշտերուդ չես հաւատար…
Վզիդ շղթայ եւ թեւերուդ ծանր կապանք՝
Դուն կը փորձես արծիւներուն վայել ճախրանք,
Եւ այս կեանքի մեծ բանտին մէջ բազմակամար,
Դուն կը խեղդուիս՝ շղթաներուդ չես հաւատար…
Փուշ ու տատասկ քեզ կ՛արիւնեն ճամբուդ վրայ,
Բայց խոցոտուած քու մատներովդ արիւնլուայ,
Դուն կ՛որոնես ծաղիկներու հոգին պայծառ,
Ցաւէդ կ՛ոռնաս եւ ցաւերուդ չես հաւատար…
Տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած,
Քու ձեռքերովդ հողին կու տաս կեանքեր ծաղկած,
Կը զգաս դէմքիդ մահուան քամին եւ հողմավար,
Կ՛իյնաս անշունչ, սակայն մահուան չես հաւատար…
————————————————————————-

Երկիր Հնամեայ
Երկիր հնամեայ, երկիր հայրենի,
Ոչ մի աստղ պայծառ եւ ոչ մի լուսին
Քո յաւերժական հմայքը չունեն,
Լեռներից այն կողմ, ամպերից ամպին:
Որքան էլ քեզնից ես սուրամ հեռու,
Որքան էլ օտար հողերում լինեմ,
Անհունութեան մէջ, միջոցին թափուր,
Ես քեզ կ՛որոնեմ, հայրենի իմ տուն:
Դու առաջին սէր եւ վերջին կարօտ,
Յուշերի նաւակ, ուրախ ու ցաւոտ,
Շրթերիս վրայ կը մնաս միշտ դու,
Մայրական համբոյր, իմ կարօտ տխուր:
Երկիր հնամեայ, երկիր պապենի,
Քո ոգուց շաղուած լեզու մայրենի,
Քո ոգուց բուսած տենչանք ու կարօտ,
Ի՞նչ եմ առանց քեզ՝ միայն անտունի:
Ամպամած ձմեռ, թէ պայծառ գարուն,
Արցունքի հովիտ կամ դրախտավայր,
Ես քեզ կը տենչամ, ես քեզ կը կանչեմ,
Ես քեզնով կ՛ապրեմ, հայրենի իմ տուն:
Երկիր հնամեայ, երկիր պապենի,
Քո ոգուց շաղուած լեզու մայրենի,
Քո ոգուց բուսած տենչանք ու կարօտ,
Ի՞նչ եմ առանց քեզ՝ միայն անտունի:
—————————————————————————–
Սիրտս Կ՛արիւնի
Սիրտս Կ՛արիւնի՛
Սիրտս կ՛արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուա՛ծ իմ, չորս դիս
Կեանքի դաշտերից փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս:
Անմեղ զոհերի արիւնով եռուն,
Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց,
Եւ նոր վճիռներ իմ շուրջն ու հեռուն
Կը ծնուեն մարդիկ արիւնով հարբած:
Սրի ու սովի կը դառնան աւար,
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն,
Եւ ոտքի կոխան հասկեր անհամար
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն:
Ես ինչպէ՞ս նստեմ խնջոյքի սեղան,
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան,
Որբի բերանից պատառը հացի:
Աստուա՛ծ իմ, որքան անարդար վճիռ,
Ինչպէ՞ս կարող եմ քար դնել խղճիս,
Կեանքէր թեւաբեկ եւ թշուառագիր,
Աշխարհի ցաւով հիւա՛նդ է հոգիս:
————————————————————————-
Վաղուան Տունը
Պիտի կերտե՛մ ես կրկին քեզ քերթուածի մը նման,
Տուած մեր հին քարերուն բոցէ շաղախն արիւնիս.
Պիտի ժայթքիս լուսագեղ դուն ինչպէս նո՜ր, անմահ Բան՝
Պանդուխտի սե՛ւ օրերուս երկունքէն վերջ տանջալից…
Հողին վըրայ հայրերուս, ուր արեան տաք մո՜ւխ է դեռ՝
Պիտի կերտեմ քեզ գինո՛վ, անյագօրէն, քար առ քար,
Աչքերուս մէջ՝ շատերո՜ւ ջերմ կարօտներ վաղամեռ
Եւ թեւերուս՝ ուժն ամբողջ հայ հանճարին շինարար…
Դուն յաղթանիստ ու հպարտ պիտի ըլլաս կեանքին դէմ.
Հովն ու արեւն հայրենի պիտի հասակըդ գրկեն,
Կռունկներու երամներ՝ ամպերուն հետ լուսագեղմ՝
Ազատութեան երգերով պիտի ճախրեն վերեւէն:
Պիտի կանգնե՛մ քեզ իբրեւ կենսազեղուն յուշարձան՝
Հեռուն անթաղ կորսըւած մեռելներուն իմ բոլոր.
Քու մէջ հանգչիլ պիտի գայ անոնց հոգին անկայան,
Երբ հոն ընդմի՜շտ բաբախէ արեւաշող կեանք մը նոր…
Կտուրիդ տակ երջանիկ պիտի յառնէ մաս առ մաս
Հարազատ խումբն անցեալի մեր մեծ տոհմիկ քար ու քանդ.
Պարթեւ հասակն իմ եղբօր, քոյրիկիս դէմքը երազ
Եւ տակավին՝ նոր դէմքեր՝ խորհրդասքող ու անյայտ…
Բոլորի՜ն դէմ դուռըդ բա՛ց պիտի ըլլայ շարունակ
Եւ լեցընեն պիտի քեզ ամէն առտու, երեկոյ
Շէնշող քրքիջ ու զրոյց, երգերու ձայն ու նուագ,
Բայց եւ խաղա՜ղ, լո՜ւռ պահեր՝ մտերմութեան ու սիրոյ:
Եւ երբ անցնին առջեւէդ աղջիկ, տղայ, փոքր ու մեծ՝
Պիտի կենան ու ըսեն անոնք իրար ժպտալիր.
– Ա՛յս է ահա տունը մեր բանաստեղծին, որ երգեց
Տուներու Երգն ու երկա՜ր տառապեցաւ տարագիր…
———————————————————————————

Եթէ Կամենաս
Եթէ կամենաս, եթէ հաւատաս՝
Գալիքը լոյս է.
Եւ մինչեւ անգամ մահը վաղահաս
Յարութեան յոյս է…
Ես գուցէ իյնամ երազի ճամբան,
Ինձ համար ուշ է.
Բայց դուն կը տեսնես պայծառ ապագան,
Որ այսօր յուշ է…
Եթէ ականջ տաս հայոց լեռներուն՝
Սիրտը ժիր զանգ է.
Եւ մինչեւ անգամ օտար տեղ ու տուն
Հայրենի վանք է…
——————————————————————

Երգը Խղճի
Վախցիր երբ սիրտդ կ՛արիւնի,
Վէրքը խղճի չունի դարման,
Օր ու գիշեր պիտի բանի.
Մինչեւ հատնի կեանքի ճամբան:
Քեզ չեն կարող էլ վշտակցել,
Խիղճդ ծակող ցաւի համար,
Խղճի արեան ամէն կաթիլ
Կ՛իյնայ ծածուկ եւ աննշմար:
Վախցիր երբ սիրտդ անբասիր,
Մեղապարտի պէս կ՛արիւնի,
Եւ կ՛դառնայ տէր ու դպիր
Կեանքն արիւնող ամէն ցաւի:
Աչքերիդ դէմ խղճահարի,
Պիտի յորդի մեղքը մարդոց,
Պիտի քայլի զօրքը չարի.
Աշխարհի մէջ տառապակոծ:
Վախցիր երբ դէմքդ է միշտ ժպտուն,
Բայց կ՛արիւնի խիղճդ ներսէն
Երբ կը կիսես հացը մարդուն
Բայց արեան համ կը գայ հացէն:
————————————–
Օրօր
Օրօ՜ր, տղա՛ս, օրօր ըսեմ քնանաս,
Համբոյրիս տակ փակես աչքերդ ու բանաս.
Քունդ ոսկի երազներով քաղցրանայ,
Կեանքդ ամբողջ շքեղ երազ մը դառնայ:
Դո՛ւն ես մեր տան լուսեղէն սիւնը միակ,
Ժառանգն անթիւ մեռելներուս նահատակ.
Բարձիդ վրայ, տե՛ս երկնքէն կը հակին
Հրեշտակաթեւ անոնց կարօտն ու հոգին…
Օրօ՜ր, տղաս, օրօր ըսեմ քնանաս,
Դժոխալուր ձայնն աշխարհի չիմանաս.
Մութ է այսօր, ամէն կողմ ծուխ ու կրակ,
Բայց կը բացուի վաղը պայծառ արեգակ:
Արժէ՜ ապրիլ, տեսնել երկիրն այս աղուոր
Եւ լեռներու դառնալ խիզախ ուղեւոր.
Որքան գանձեր կեանքը կրնայ քեզի տալ,
Որքա՜ն վարդեր՝ փուշերու մէջ կորուսեալ…
Ննջէ անհոգ եւ արցունքի ոչ մէկ շիթ
Չպղտորէ աչքերուդ լիճը վճիտ.
Ջերմ հաւատքի հովերը լոկ ոգեշունչ
Ըլլան շոյանք ու թեւածեն ճակտիդ շուրջ…
Օրօ՜ր, տղա՛ս, օրօր ըսեմ՝ շուտ մեծնաս,
Անմահ փառքի դափնիներուն տիրանաս.
Օր մը յանկարծ քեզմով իմ տունըս շէննայ
Եւ հայրենիքն ալ քու անուամբ պարծենայ:
==================================================================

Տապանագիր
Երբ սիրավառ եւ հիացիկ կը նայիս դուն
Գարնան շքեղ ծաղիկներուն ու ծառերուն,
Յիշէ, որ նախ քեզմէ աոաջ ե՛ս նայեցայ
Եւ աչքերուս լոյսը պայծառ հող է հիմա:
Աշնան հարուստ պարտէզներէն ամէն անգամ
Երբ կը քաղես միրգեր հասուն եւ մեղրահամ,
Յիշէ, որ ե՛ս քեզմէ առաջ անկէ անցայ
Եւ շրթներուս վայելքն անհուն հող է հիմա:
Երբ կը գրկես թեւերուդ մէջ դուն հեշտագին
Լուսամարմին ու վարսագեղ սիրոյ ոգին,
Յիշէ, որ նախ այդ արբեցման ե՛ս տիրացայ
Եւ ձեռքերուս հրայրքը վառ հող է հիմա:
Երբ որ շահիս բազում գանձեր ու յաղթանակ
Եւ ճակատիդ դնեն ոսկի փառապսակ,
Յիշէ, որ նախ փառքի դափնին ե՛ս ստացայ
Եւ ճակատիս ցոլքը վճիտ հող է հիմա…
———————————————————

Սպասում
Կեանքս ըրած կայարան, շուրջս՝ աղմուկ ու մարդիկ,
Կապած ծրար, պայուսակ, տեսած ամէն հաշուեփակ՝
Անկիւն մը լու՜ռ, ձեռնածալ՝ ես կը սպասեմ շարունակ
Երջանկութեան եւ բախտի ճեպընթացին բացառիկ:
Մեծ ու պզտիկ գնացքներ կու գան ամէն օր կ՛անցնի՛ն…
Եւ երբ վերջին համբոյրի պահերուն մէջ գերագոյն՝
Թաշկինակներ կը ծփան, կը բաշխեն սէր ու ողջոյն՝
Ես կը մնամ ինքնասոյզ եւ ունկնդիր անյայտին…
Կը սպասե՛մ կո՛յր հաւատքով կառաշարին սրընթաց,
Որուն սոյլերն ականջիս կ՛արձագանգեն աղուաձայն,
Որ պիտի գայ շոգեպինդ, պիտի սուրայ յաղթական
Դէպի կապոյտ հեռուներ եւ ոսկեղէն լուսաբաց…
Եւ մինչ ես հոս եմ այսպէս՝ ո՛չ մնացող, ո՛չ մեկնող՝
Դուրսն ի՜նչ հասուն հաճոյքներ ի զուր կ՛իյնան ոստերէն,
Որքա՜ն ծաղիկ կը թօշնի ջերմ մատներու կարօտէն
Եւ ի՜նչ գանձեր սրտիս մէջ լոյս չտեսած կ՛ըլլան հող…
Կ՛իջնեն օրերն իմ վրաս եւ նորէն զո՜ւր կը մարին,
Զիս ստուերներ կը փաթթեն եւ կը քակուին անդադար,
Դալարիքին տեղ կրկին կը փռուի ձիւնն ալեփառ,
Բայց կը սպասեմ ես անվերջ Երջանկութեան Գնացքին…
Գուցէ ցնորք մը խաբող՝ պիտի չգայ ան երբեք,
Գուցէ անցաւ ան արդէն եւ աչքերն իմ չճանչցան
Եւ կամ գուցէ պիտի գայ հեռաւոր օր մը միայն,
Երբ ես ըլլամ մահացած կամ ալեւոր մուժաբե՛կ…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

Տպել Տպել