ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Միսաք Թորլաքեան (1888–1968). Հայկական Նեմեսիսի Արժանաւոր Դէմքն Ու Դաշնակցական Վրիժառուի Անվեհեր Ուխտաւորը

misak_torlakian Հայ ժողովուրդի հերոսական ծնունդներու անմոռանալի փաղանգին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Միսաք Թորլաքեան, որուն մահուան 42րդ տարելիցն էր անցեալ Ուրբաթ:

12 Նոյեմբեր 1968ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, ութսուն տարեկան հասակին, առյաւէտ փակուեցան ցաւատանջ աչքերը Ազգային Հերոսին։

Ցաւատանջ աչքեր՝ որոնք մանուկ տարիքէն զարհուրանքով տեսած էին ե՛ւ Համիտեան կոտորածները, ե՛ւ 1915ին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրը, ե՛ւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վերապրած վերջին բեկորներուն դէմ թրքական բանակի 1918ի արշաւանքներուն ամէն ինչ հուրէ եւ սուրէ անցընելու ահաւոր վայրագութիւնը։

Ցաւատանջ աչքեր՝ որոնք նաեւ բոցավառ էին ընդվզումի, ցասումի ու վրէժի կայծերով եւ որոնք, նոյնիսկ Պաքուի ջարդարար Պէյպուտ խան Ճիվանշիրի արդարահատոյց ահաբեկումը իրագործելէ ետք, մինչեւ մահ մշտարծարծ մնացին Միսաք Թորլաքեանի մօտ, որովհետեւ անճիտուած Ազգին եւ բռնագրաւեալ Հայրենիքին արդար հատուցման Մեծ Օրը չտեսան։

Վերջապէս ցաւատանջ աչքեր՝ որոնց իր հայրապետական օրհնութիւնը շնորհելու եւ յաւերժական հանգիստի արժանացնելու փութաց Ամենայն Հայոց երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը, որ 1968ի այդ օրերուն հովուապետական իր առաջին շրջապտոյտը կը կատարէր Միացեալ Նահանգներու տարածքին։

Թէեւ պարզ զուգադիպութիւն էր, որ Վազգէն Առաջին վեհափառը այդ օրերուն կը գտնուէր Քալիֆորնիա, բայց ոչ մէկ պարագայի պատահական զուգադիպութեան արդիւնք էր Հայոց Հայրապետին որոշումը՝ այցելելու Մոնթեպելլոյի այն հիւանդանոցը, ուր մահամերձ վիճակի մէջ բժշկական խնամքի տակ էր Հայկական Նեմեսիսի արժանաւոր դէմքն ու Դաշնակցական Վրիժառուի անվեհեր ուխտաւորը՝ Միսաք Թորլաքեանը։

Ընդհակառակն՝ այցի երթալով մահուան սնարին մէջ գտնուող Միսաք Թորլաքեանին ու անոր ճակտին դնելով հայրապետական իր աջը եւ Ազգային Հերոսի օրհնութիւն շնորհելով, Վազգէն Առաջին Վեհափառը փաստօրէն պատմական նշանակութեամբ շրջադարձային անակնկալ մը մատուցեց ողջ հայ ժողովուրդին։
Մեծ Եղեռնի յիսնամեակով սկսած վերարժեւորումը հայոց ազգային–ազատագրական պայքարի պատմութեան ու գաղափարական աւանդին, այդպէ՛ս, Միսաք Թորլաքեանին շնորհուած Ազգային Հերոսի հայրապետական օրհնութեամբ, կարեւոր քայլ մը եւս նուաճեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի գաղափարական մերձեցման ու ազգային միասնականութեան վերականգնման ուղղութեամբ։

Եւ այսօր, երբ Հայկական Նեմեսիսի արժանաւոր ներկայացուցիչին մահուան 42րդ տարելիցին առիթով, յատուկ կարեւորութեամբ ու շեշտադրումով, կը վերյիշենք Միսաք Թորլաքեանի Ազգային Հերոսի հայրապետական օրհնութեան արժանանալու այդ պատմական պահը, հպարտութիւնը կը համակէ մեզ բոլորս, որովհետեւ հակառակ մեր ժողովուրդը բաժնելու, մասնատելու եւ իրարու հակադրելու բոլոր դաւերուն, փորձերուն եւ հարուածներուն, ազգովին մեր մէջ գտանք անհրաժեշտ ուժը, որպէսզի անկորնչելի պահենք ու անդուլ վերանորոգենք մեզ միացնող ազգային–քաղաքական եւ բարոյական–գաղափարական հիմնական արժէքները։

Միսաք Թորլաքեան ծնած էր 1888ին Կիւշանա (Տրապիզոնի շրջան)։ 8 տարեկան էր 1896ին, երբ Տրապիզոնի հայութեան դէմ Համիտ շարժման մէջ դրաւ թուրք եւ քիւրտ խուժանը՝ հայ յեղափոխականները պատժելու պատրուակով հազարաւոր անզէն հայերու կոտորածը հրահանգելով։ Մանուկ տարիքի ընդվզումը Թորլաքեանի մէջ յանգեցաւ ծառացումի եւ ըմբոստացման 1904ին, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան առիթով Համիտ վերստին փորձեց արեան մէջ խեղդել ողջ Արեւմտահայաստանը։ Քաջ ու խիզախ պատանին զինուորագրուեցաւ Տրապիզոնի հայ ապստամբ երիտասարդներու հրոսակախումբերուն, գիւղէ գիւղ շրջելով եւ անպաշտպան հայութեան տէր կանգնելով։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութենէն եւ հայերու բանակ մուտքի արտօնութենէն ետք, Թորլաքեան կարճ ժամանակով զինուորական ծառայութեան մէջ մտաւ, բայց տեսնելով իթթիհատական իշխանութեան կողմէ շարունակուող հայատեաց խտրականութիւնն ու իրաւազրկումները՝ հեռացաւ բանակէն, միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ, Ռոստոմի անմիջական ղեկավարութեան տակ ծաւալած ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն մասնակից դառնալով, լծուեցաւ Տրապիզոնի եւ Կովկասի միջեւ զէնքի փոխադրութեան ու թրքական անօրինութիւնները զինու զօրութեամբ սանձելու գործին։

1915ին, Թորլաքեան միացաւ Հայ Կամաւորական Շարժումին եւ եղաւ առաջիններէն, որոնք ռուսական զօրքին հետ Արեւմտահայաստան մուտք գործեցին եւ անմիջապէս լծուեցան թրքական ցեղասպանութենէն վերապրող հայութիւնը հաւաքելու, պատսպարելու եւ պաշտպանելու փրկարար աշխատանքին։ Եւ երբ Լենինեան յեղաշրջման հետեւանքով ռուսական զօրքերը արագօրէն լքեցին ռազմաճակատները եւ «տուն» շտապեցին, Թորլաքեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վերապրող արեւմտահայութիւնը թրքական զօրքի ներխուժման դէմ պաշտպանելու եւ անոր կազմակերպ նահանջը ապահովելու 1918ի առաջին ամիսներու կռիւներուն – յատկապէս Կարսի ճակատին վրայ։ Այնուհետեւ, երբ արդէն նահանջի ճանապարհ չկար եւ ողջ հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ ցեղասպանական իր ծրագիրը ամբողջացնելու եկող թրքական բանակին դէմ, Թորլաքեան Պաշ Աբարանի ճակատին վրայ կռուեցաւ Դրոյի յաղթական գունդին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Թորլաքեան նուիրուեցաւ արեւմտահայ գաղթականութեան պատսպարման աշխատանքներուն։ 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր Ժողովէն ետք, թուրք ջարդարարները պատժելու Նեմեսիս Գործողութեան որդեգրումէն ետք, Թորլաքեան կուսացական որոշումով 1920ին անցաւ Պոլիս։
Լծուեցաւ կազմակերպական աշխատանքներու՝ յատկապէս ՀՅԴ մարտական կառոյցի վերակենդանացումին։
Այդ շրջանին էր, 1921ին, որ Նեմեսիս Գործողութեան Պատասխանատու Մարմնին կողմէ Թորլաքեանի յանձնարարուեցաւ Պոլիս հաստատուած, մուսաւաթական Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար եղած եւ 1918ին Պաքուի հայ–թաթարական ընդհարումներու ժամանակ անզէն հայութեան կոտորածը կազմակերպած Պէյպուտ խան Ճիվանշիրի ահաբեկումը։ Երուանդ Ֆնտքեան եւ Յարութիւն Յարութիւնեան նշանակուած էին իր օգնականները։ Թորլաքեան Ճիվանշիրի ահաբեկման դաշնակցական որոշումը գործադրեց 18 Յուլիս 1921ին, օր ցերեկով գետին փռելով Պաքուի արիւնարբու հրէշը։ Ահաբեկման ականատես ֆրանսացի զինուորներ յարձակեցան Թորլաքեանի վրայ եւ, ծեծի տակ ձերբակալելով զինք, յանձնեցին Պոլսոյ մէջ Դաշնակից Ուժերու ներկայացուցիչ անգլիական հոգատար իշխանութեան։

Անգլիական զինուորական դատարան մը կազմուեցաւ։ Թորլաքեանի դատին պաշտպանութիւնը կատարեց Խոսրով Ներսէսեան, որ կուռ եւ հիմնաւոր փաստարկումներով դատարանին առջեւ մերկացուց Ճիվանշիրի ծանրագոյն յանցագործութիւնը։ Դատարանը թէեւ յանցանք նկատեց գործուած ահաբեկչութիւնը, բայց արդարացուց Թորլաքեանը՝ նկատի ունենալով անոր հոգեկան եւ մտային հաւասարակշռութեան հասցուած հարուածը Ճիվանշիրի կողմէ։ Միսաք Թորլաքեան անպարտ արձակուեցաւ 22 Նոյեմբերին, անցաւ Յունաստան եւ հոնկէ ալ Ռումանիա, ուր մինչեւ 1952 թուականը մնայուն բնակութիւն հաստատեց եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան Պալքանեան կազմակերպութեան կեանքին մէջ։

Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Գարեգին Նժդեհի եւ Դրոյի կողքին, Թորլաքեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ Պալքաններու հայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու դժուարին գործին մէջ։ Իսկ Աշխարհամարտի աւարտին, Թորլաքեան պատասխանատու մասնակցութիւն բերաւ Դրոյի նախաձեռնած հայ ռազմագերիները փրկելու աշխատանքներուն։

1952ին Թորլաքեան անցաւ Մ. Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Քալիֆորնիա, ուր կուսակցական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց մինչեւ իր վերջին տարիները, երբ հիւանդութիւնը անկողնին գամեց անխոնջ մարտիկին։ Ութսուն տարի ապրեցաւ Հայկական Նեմեսիսի արժանաւոր դէմքն ու Դաշնակցական Վրիժառուի անվեհեր ուխտաւորը, որուն կտակը եղաւ՝ «Անհրաժեշտ է ճանչնալ թուրքի հոգին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ բացատրել մարդկութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ արիւնոտ իրադարձութիւնը՝ հայերու 1915ի ցեղասպանութիւնը»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԵԶ»

Տպել Տպել